Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13478

Հարիւր Տարի, Հարիւր Երգ, Հարիւր Աշակերտ…

$
0
0

ՅԱԿՈԲ ՓՈՔՐԱՒՈՐԵԱՆ

ԳՈՀԱՐ համոյթը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի իր գործունէութիւնները եզրափակեց` երջանկացնելով հարիւր հայ աշակերտներ` իրենց դպրոցներուն ու ծնողներուն հետ միասին:

ԳՈՀԱՐ-ը արուեստով համակուած իր աննախընթաց ելոյթներով զարմացուցած, ուրախացուցած եւ հպարտացուցած է աշխարհասփիւռ հայ արուեստասէր հասարակութիւնը: Սակայն ԳՈՀԱՐ-ը հանդիսատեսին հաղորդակից է ոչ միայն իր արուեստով, այլ նաեւ` աւանդութեան կարգ անցած նուիրաբեր գործունէութեամբ:

Իւրաքանչիւր ելոյթէ ետք ԳՈՀԱՐ-ի որոշմամբ համերգներու հասոյթը կը նուիրաբերուի ազգային նպատակներու համար` ԱԲԳ-ի եւ հայ ուսուցիչի: Այս տարի ԳՈՀԱՐ համոյթի հիմնադիր Յարութ Խաչատուրեանի գլխաւորութեամբ որոշուեցաւ Լիբանանի 2015-ի ելոյթներու հասոյթը յատկացնել նիւթական օժանդակութեան կարիք ունեցող եւ առաջնակարգ հարիւր հայ աշակերտներու:

ԳՈՀԱՐ-ի այս որոշումը տեղին է ու արդարացուած: Չէ՞ որ անոր ճանապարհը միշտ առաջնորդուած է ԱԲԳ-ով, ու հայ դպրոցը այն դարբնոցն է, որ կը սատարէ հայապահպանման սուրբ առաքելութեան:

16-17 դեկտեմբերին բծախնդրօրէն ընտրուած հարիւր հայ աշակերտներ, ոմանք իրենց ծնողներով, ուրիշներ դպրոցի տնօրէնութեան առաջնորդութեամբ այցելեցին ԳՈՀԱՐ-ի երգարաններու եւ բառարաններու գրադարանը` ստանալու համար յատկացուած համեստ գումարը: ԳՈՀԱՐ-ի աշխատակազմը աշակերտները ընդունեց շատ ջերմութեամբ` հարազատութիւն ցուցաբերելով անոնց նկատմամբ: Նուէր գումարին մէկ մասը պէտք է յատկացուի դպրոցի կրթաթոշակին, իսկ մաս մըն ալ աշակերտին անձնական պէտքերը հոգալու համար: Ինչո՞ւ չէ, նաեւ` Նոր տարուան սեղանը աւելի ճոխ եւ ջերմ դարձնելու, ըստ հայկական աւանդութեան, չիր ու չամիչով զարդարելու: Կը թուի, թէ շատ սովորական երեւոյթ է եւ աշխատանքային պարզ ընթացք է գտնուիլ տեղ մը, ուր մարդիկ կու գան զանազան հարցերով, բայց եւ այնպէս մարդը որքա՛ն բան ունի սորվելու: Խիստ յուզիչ եւ տպաւորիչ էր այդ երկու օրուան բարենպաստ աշխատանքը: Որքա՜ն կարելի է գոհունակ եւ երախտապարտ ըլլալ կեանքին, երբ կը լսես մարդոց ամէնօրեայ մտահոգութիւններն ու դժուարութիւնները եւ կը զարմանաս իրենց մէջ ունեցած այն ուժին եւ կորովին, որ հակառակ կեանքի դժուար եւ ծանր պայմաններուն` դեռ կը շարունակեն ժպտիլ ու լաւատեսութեամբ կառչած մնալ այս կեանքին: Որքա՜ն բան ունի մարդը սորվելու, երբ անոնց աչքերուն մէջ կը տեսնես շնորհակալութեան եւ երախտապարտութեան զգացումը: Գոհունակութիւնը փոխադարձ էր:

ԳՈՀԱՐ-ի մեծագոյն գնահատականը եղած են մարդոց անկեղծ, անմիջական եւ սրտաբուխ շնորհակալական խօսքերն ու վերաբերմունքը:

Փափաքս է, որ բոլորս մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ, գործով թէ նիւթապէս, միշտ թեւ ու թիկունք կանգնինք հայ դպրոցին: Հայ դպրոցը հայու իսկական կերպարը կերտող հիմքն է: Մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է ի գործ դնէ իր կարելին` հայ դպրոցի պահպանման համար, որովհետեւ այդպիսով ապահոված կ՛ըլլանք հայ նոր սերունդի առողջ ու կայուն գոյատեւումը:

Համեստօրէն շնորհակալութիւն ԳՈՀԱՐ համոյթին` իր տարած ազգանուէր գործունէութեան համար:

Պէյրութ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13478

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>