Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13471

Անդրադարձ. Գլխաւորը

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

vaho_010315

Երեքշաբթի, 29 դեկտեմբեր 2015-ին «Ազդակ»-ի 3-րդ էջով լոյս տեսած նամականի մը մտահոգութիւն կը յայտնէր Հայ առաքելական եկեղեցւոյ զաւակներու կողմէ «Քրիստմըս»-ի նշման առնչութեամբ: Բաժնելով հանդերձ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ անհատներու կողմէ յունուար 6-էն հրաժարելով` 25 դեկտեմբերի որդեգրման գծով արտայայտուած մտահոգութիւնը` պէտք է նշենք, որ նամականիին մէջ հայկական վարժարաններու կողմէ նոր տարուան իրենց արձակուրդը փոխան անցեալի 26 կամ 27 դեկտեմբերին` 25 դեկտեմբերի նախօրեակին առնելու երեւոյթին տրուած գնահատականը խոցելի էր, որովհետեւ ատիկա ժխտական երեւոյթ մը չէ, այլ` խիստ դրական:

Անգլերէն «Քրիստմըս» բառէն տարուելով պէտք չէ մոռնալ, որ 25 դեկտեմբերը նաեւ հայ կաթողիկէ համայնքին համար Ս. Ծննդեան օրն է, իսկ մենք առաքելական, կաթողիկէ կամ աւետարանական ըլլալէ առաջ հայ ենք` մէկ եւ միեւնոյն ազգի զաւակները: Ուստի եթէ վարժարան մը իրապէս հայկական է, պարտի փակել իր դռները թէ՛ 25 դեկտեմբերին, թէ՛ ալ 6 յունուարին, մանաւանդ որ մեր վարժարաններուն մէջ հայկական բոլոր յարանուանութիւններէ աշակերտներ եւ ուսուցիչներ գոյութիւն ունին:

Նամականիին մէջ տրուած գնահատականը նաեւ պարզ տրամաբանութեան տեսանկիւնէն դիտուած խոցելի էր: Ուշադրութենէ վրիպած էր այն իրողութիւնը, որ 25 դեկտեմբերը Լիբանանի մէջ պետական տօն է, ուստի բոլոր լիբանանեան վարժարանները պարտին այդ օրը փակել իրենց դռները, այլապէս կրթութեան նախարարութեան կողմէ կ՛ենթարկուին տուգանքի: Նկատի ունենալով, որ պետական տօն է նաեւ Մոհամետի ծննդեան տօնը` նամականին կարդացողը կրնայ արդարօրէն հարց տալ. «Քրիստոսի ծննդեան տօնը` «Քրիստմըս»-ը ամէն առիթով քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն առաջինը ընդունած ըլլալը յոխորտացող ազգի մը համար այլասերում է, իսկ Մոհամետին ծննդեան տօնը` ո՞չ»:

Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի անիշխանութեան ժամանակաշրջանին, երբ կարգ մը հայկական վարժարաններ 25 դեկտեմբերին իրենց դռները չէին փակեր, սխալ կը գործէին: 25 դեկտեմբերն ու 6 յունուարը պետական տօներ ըլլան, թէ ոչ, մենք պարտինք փակել մեր վարժարանները` հայ աշակերտի հայեցի դաստիարակութեան եւ մէկ ազգի զաւակը ըլլալու գիտակցութեան ամրագրման ու վկայութեան համար: Չտարուինք յարանուանական համակարգի մը վրայ հիմնուած Լիբանանի մէջ տիրող մթնոլորտէն եւ մեր ուշադրութեան կիզակէտը պահենք ազգը` իբրեւ մէկ ու անմասնատելի ամբողջութիւն: Գլխաւորը ազգային պատկանելիութիւնն է, իսկ մնացեալ բոլորը` պարզապէս մանրամասնութիւն:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13471

Trending Articles