ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ
Անցնող շաբաթներուն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը միաձայնութեամբ որդեգրեց պատմական ու աննախընթաց որոշում մը` թիւ 2250 որոշումը, որ կը վերաբերի երիտասարդութեան, խաղաղութեան ու անվտանգութեան: Ապահովութեան խորհուրդը իր 70-ամեայ պատմութեան ընթացքին առաջին անգամն ըլլալով կը կեդրոնանայ եւ լուսարձակի տակ կ՛առնէ իգական եւ արական երիտասարդներու դերակատարութիւնը` խաղաղաշինութեան, բռնութիւններու եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ: Յորդանանի նախաձեռնութեամբ մշակուած որոշումը կարեւոր տեղ ու դերակատարութիւն կու տայ երիտասարդներու եւ երիտասարդներու կողմէ ղեկավարուած կազմակերպութիւններուն (youth-led organisations)` հակազդելու համար ծայրայեղական բռնութիւններուն եւ երկարատեւ խաղաղութիւն հաստատելու:
Այսօր աշխարհի մէջ կան 600 միլիոնի հասնող երիտասարդներ, որոնք անկայուն կամ հակամարտութիւններու գօտիներու մէջ կ՛ապրին: Որոշումը այս զանգուածին զօրակցութիւն կը յայտնէ, պայմաններ կը ստեղծէ եւ միջոցներ կը տրամադրէ, որպէսզի անոնք իրենց ընկերութիւններուն մէջ խաղաղութեան ջատագովներ դառնան, խարսխեն ժողովրդավարութեան եւ ինքնակառավարման արժեչափերը:
Երիտասարդութեան յատկացուած որոշումը բաժնուած է հետեւեալ ենթագլուխներուն` մասնակցութիւն, պաշտպանութիւն, կանխարգիլում, համագործակցութիւն, անգործութիւն ու վերանորոգում եւ յաջորդ քայլեր, որոնց իւրաքանչիւրին մէջ պարտաւորութիւններ եւ թելադրանքներ կը դնէ ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներուն վրայ: Ան կը թելադրէ երիտասարդութեան ներկայացուցչութեան մակարդակը բարձրացնել կառավարական-հասարակական բոլոր հաստատութիւններուն եւ որոշում տուող օղակներուն մէջ: Որոշումը կոչ կ՛ուղղէ նաեւ, որ երիտասարդներ մաս կազմեն բանակցութիւններու պաշտօնական ջանքերուն, ինչպէս նաեւ` զինադադարներու եւ խաղաղութեան գործընթացներու մէջ:
Թիւ 2250 որոշումը կը խօսի նաեւ անդրադառնալու եւ լուծումներ գտնելու այն պատճառներուն եւ գործօններուն շուրջ, որոնք երիտասարդութիւնը կ՛առաջնորդեն արմատականութեան եւ ծայրայեղականութեան: Այս ծիրին մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարի երիտասարդութեան պատուիրակ Ահմետ Ալհընտաուին կ՛ըսէ, թէ երիտասարդութիւնը երկար ժամանակ հակամարտութեանց զոհ կամ, հակառակը, չարագործ ոճրագործը կը հանդիսանար, իսկ այս որոշումը կու գայ ճանչնալու եւ գիտակցելու այն կարեւոր ներդրումին մասին, որ երիտասարդութիւնը կրնայ ունենալ խաղաղաշինութեան եւ ծայրայեղական բռնութեանց դէմ պայքարին մէջ: «Երիտասարդութիւնը ներուժ, ստեղծագործութիւն եւ լաւատեսութիւն կրնայ ապահովել, եթէ անոր զօրակցող պայմաններ ու միջավայր կը ստեղծուին», կը հաստատէ ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրի տնօրէն Հելըն Քլարքը:
Պէտք չէ մոռնալ, որ այս որոշումին հասնելու համար երիտասարդութեամբ ղեկավարուած կազմակերպութիւններ, ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններ երկար տարիներ պայքար տարին ու պահանջեցին, որ ՄԱԿ-ը իր ընդհանուր ռազմավարութեան եւ ծրագիրներուն մէջ ներառէ նաեւ երիտասարդութիւնը, յատկապէս` խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ոլորտներուն մէջ:
Այս ծիրին մէջ հայութիւնը խաղաղութեան եւ անվտանգութեան իմաստով մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ: Մեր դիմաց ցցուած խնդիրներէն են` հայ-թրքական յարաբերութիւնները, արցախեան հիմնախնդիրի լուծումը, հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ` սփիւռքի այն դժուարութիւնները, որոնք կը դիմագրաւէ Ջաւախքի, Արեւմտահայաստանի եւ Միջին Արեւելքի հայութիւնը: Այստեղ կ՛արժէ քանի մը հարց տալ. նշեալ խնդիրներուն արծարծման ու լուծման մէջ հայ երիտասարդութեան ինչպիսի՞ դերակատարութիւն ու տեղ տրամադրուած է, ի՞նչ պատկերացում ունինք այս հարցերուն մէջ երիտասարդութեան վստահուելիք դրական դերակատարութեան մասին, հայկական պետական, հասարակական, քաղաքական ու ընկերային հաստատութիւններ ծրագիրներ ունի՞ն երիտասարդները խաղաղութեան ու հակամարտութիւններու լուծման գործընթացներու մէջ ներգրաւելու:
Յատկապէս հայ-թրքական յարաբերութիւններու դաշտին մէջ վերջին տասնամեակին բաւական նախաձեռնութիւններ տեղի կ՛ունենան` հայ եւ թուրք երիտասարդներու հանդիպման ու երկխօսութեան առիթներ տուող: Համագումարներ, սեմինարներ, դասընթացքներ եւ ընկերային հաւաքներ կը կազմակերպուին հայ եւ թուրք ուսանողներ ու երիտասարդներ համախմբող: Այս նախաձեռնութիւնները ընդհանրապէս արեւմտեան կամ արեւմտամէտ կողմերու ֆինանսաւորումով կը կատարուին: Մեր երիտասարդները պատրաստուած ու յստակ պատկերացումով կը մասնակցի՞ն այս ձեռնարկներուն, թէ ոչ իւրաքանչիւրը իր անձնական աշխարհահայեացքով ու համոզումներով կը մօտենայ: Այս հանդիպումները բնականաբար ուղղակի արդիւնքներ չեն կրնար ունենալ Հայաստան-Թուրքիա պետական յարաբերութիւններուն վրայ, սակայն անոնք երկար ժամանակի վրայ ու ապագայի իմաստով վճռորոշ դերակատարութիւն կրնան ունենալ: Մենք կը քաջալերե՞նք եւ կարեւոր կը նկատե՞նք նման հանդիպումներ, թէ ոչ կասկածամիտ եւ պատահական մօտեցում կը ցուցաբերենք: Այս հանդիպումները գործնական ի՞նչ իմաստ կ՛ունենան, եթէ անոնք նկատի չեն առնուիր պետական ծրագիրներու եւ մօտեցումներու մէջ:
Աւելի պարզ, ճառերէն ու լոզունքներէն անդին, գործնականօրէ՛ն, կը հաւատա՞նք, որ երիտասարդութիւնը լուրջ եւ ազդու դերակատար է ժողովուրդներու իրաւունքներու վերատիրացման, հակամարտութիւններու կասեցման եւ խաղաղաշինութեան մէջ:
Մտածենք այս հարցումներուն առարկայական պատասխաններուն մասին: