ԱՆԻ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Տարեվերջի այս օրերուն հոգիները վերածնունդ կ՛ապրին, մեր մէջ եղած մանուկը կ՛արթննայ, աչքերը անմեղ ու լուսաւոր ժպիտի ցոլքը կը սկսին արձակել:
Կը փորձենք տօնական բարձր տրամադրութիւնը մեր ներաշխարհին մէջ արտացոլացնել, երբ մեր շրջապատը մարդկային արժէքներու անվայել բարքերով կ՛ողողուի, եւ մարդիկ չարամտութեան եւ չարակամութեան մղող գաղափարներու զոհը կը դառնան:
Մեզմէ շատեր մեծ ուրախութեամբ մէկամսեայ հիւրը` կանաչ եղեւինը կը դիմաւորեն, շքեղ խաղալիքներով եւ պայծառ լոյսերով կը զարդարեն ու տան սիրուած անկիւնը կը տեղադրեն: Մեզմէ ոմանք, անհամբեր, հարազատներու եւ բարեկամներու միաւորումը կը սպասեն: Միացում մը, որ չենք գիտեր` քանի՛ տարուան կարօտի պապակը կը յագեցնէ ու եկող օրերու ապահովութեան զգացումը կ՛ամրապնդէ: Ուրիշներ` տարեցներ, մանուկներ եւ երիտասարդներ, կեանքի բերումով ակամայ փողոց յայտնուած իրենց բոպիկ, մերկ ու փխրուն ոսկորները ձմրան քամիի ծակոցներէն զիրար ամուր գրկելով` կը փորձեն պաշտպանուիլ: Թէեւ թախիծը, մենութիւնը եւ մորմոքը իրենց հարուստ հոգիները կը շրջապատեն, սակայն իրենց աչքերը վեր յառելով` երկինքը զարդարող ու լուսաւորող հրավառութեան կարճատեւ երջանկութիւնը կ՛ապրին:
Այս բոլորին կողքին, կան անձեր, որոնց դժբախտաբար քիչ կ՛անդրադառնանք եւ կը գնահատենք: Անոնք մեր ազգային ինքնութեան գաղափարներուն գիտակցելով, իրենց անձը զոհաբերելու պատրաստակամութեամբ, այսօր կը գտնուին մեր սրբավայր հնադարեան երկրի սահմաններուն վրայ, իրենց ուսին զէնք շալկելով, իսկ կուրծքին հայկական խաչը դրոշմելով` մեր ապահով կեանքն ու հայրենիքը կը պաշտպանեն: Օ՜հ, որքա՜ն կը ցաւիմ, երբ սահմանէն գոյժեր կը ստանամ… Երանի՜ թէ մեր հայրենիքը պատերազմական վտանգ չդիմագրաւէր ու զինուորական ծառայութիւնը պարտադիր չըլլար: Բայց այնքան ատեն որ առկայ է արիւնարբու թշնամիներուն վտանգը, հայկական բանակն ու մեր զինուորները մեր հայրենիքի գոյատեւման հիմնական երաշխիքներն են: Իսկ հայոց բանակին հոգածութիւնն ու թեւ-թիկունք կանգնիլը, կամաւորաբար զօրակցիլը նուազագոյն պարտականութիւնն է, որ իւրաքանչիւր հայ կրնայ ընել:
Ահա թէ ինչո՛ւ ես պիտի ուզէի, որ յաջորդ տարի մեր կամաւոր զինուորներուն թիւը քառապատկուի բոլոր ասպարէզներու մէջ` ռազմական, գիտական, գրական, արհեստի եւ արուեստի: Այսպէս կրնանք ո՛չ միայն թուրքին յաղթել, այլեւ` ազգային նոր ու որակաւոր սերունդներ կերտել:
Վերջաւորութեան, տարի մըն ալ կը բոլորենք մեր հայկական ինքնութիւնը պահպանելով հազարամեայ Արարատեան դաշտին ու Նայիրեան երկրին մէջ:
Տարեվերջին մեզմէ իւրաքանչիւրը կ՛արժեւորէ, կը գնահատէ եւ կը քննարկէ տարուան ընթացքին կատարուած գործերը: Անցնող տարուան տհաճ դէպքերը, ցաւալի յիշողութիւնները, անյաջող գործերը եւ սարսափելի զգացումները անցեալի մութ եւ պաղ անկիւնները նետելով` քայլերս դէպի կանաչ եւ լուսաւոր եղեւին կ՛առաջնորդեն զիս` յաջողութեան եւ յաղթանակներու նոր հորիզոններ գծելու: Նոյնը ու աւելին կը ցանկամ իմ աննման հայրենիքին ու ժողովուրդին: