Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13471

ԳՈՀԱՐ-ը Անցաւ Այստեղէն

$
0
0

ԶԱՒԷՆ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ

ABI_3397

29, 30, 31 հոկտեմբեր եւ 1 նոյեմբեր թուականները լիբանանահայութեան համար պիտի մնան անմոռանալի օրեր: Չորս օրերու ընթացքին ամբողջ լիբանանահայութիւնը եւ աշխարհացրիւ հայութիւնը, ներառեալ հայրենիքի ժողովուրդը, ականատես եղան   ԳՈՀԱՐ համոյթի բացառիկ յաջողութեամբ ելոյթներուն` երգ, պար, նուագ: Սա եղաւ շնորհիւ Արամ եւ Գոհար Խաչատուրեան ընտանիքի զաւակներուն` Յարութին, Շահէին եւ Նարին ձեռներէցութեան ու նուիրումին: Արհեստագիտութեան յառաջընթացը եւս մեծ դեր խաղաց: Ասկէ քսան տարիներ առաջ անհաւատալի կը թուէր` Քանատա եւ կամ Սիտնի տունիդ մէջ նստած, Լիբանանի եւ կամ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած հանդիսութիւն մը դիտել նոյն վայրկեանին: Արհեստագիտութիւնը զայն դարձուցած է իրականութիւն: Չորս օրերու վրայ երկարող «100» երգ համերգին 2000- հոգինոց սրահին տոմսերուն սպառումը ելոյթէն շաբաթներ առաջ, մրցանիշ մըն էր Լիբանանի հայոց երաժշտութեան պատմութեան մէջ: Չտեսնուած կարգապահութեամբ, սկսեալ կառատունէն, սրահին մուտքին կեցող ներկայանալի տեսքով առաջնորդներու, սրահէն ներս հիւրերու տեղաւորումին հսկող անձերու տրամադրումը ու չորս օրերու վրայ երկարող հանդիսութեան առանց դոյզն միջադէպի աւարտիլը, երկրին այս տագնապալի օրերուն հրաշքի համազօր իրագործում մըն էր:

Գալով համերգներու յաջողութեան, անիկա ամէն ակնկալիքէ վեր էր:  ԳՈՀԱՐ-ի երկրպագուները` բոլորն ալ կը հարցնէին, թէ ի՞նչ պիտի պատահի  ԳՈՀԱՐ-ի հիմնադիր եւ կերտիչ մայեսթրօ Սեպուհ Աբգարեանի մահէն ետք. բայց շնորհիւ Խաչատուրեան եղբայրներու հաւատքին ու նուիրումին` ԳՈՀԱՐ-ը մէկ քայլ եւս յառաջընթաց արձանագրեց այդ օրերուն: Սեպուհ Աբգարեանի ողջութեան իրեն գործակից եղող խմբավար Նաթալի Գալուստեան` երաժշտական խումբ կառավարելու իր բացառիկ կարողութեամբ մայեսթրոյին բացակայութիւնը զգացնել չտուաւ:

Սեպուհ Աբգարեանը Հալէպ հաստատուած համեստ ընտանիքի մը զաւակն էր: Ան մեծցած էր Կիպրոս, ՀԲԸՄ-ի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան հայաշունչ մթնոլորտին մէջ: Ունէր արուեստի եւ երաժշտութեան շնորհներ: Մելգոնեանի երաժշտութեան վաստակաւոր ուսուցիչ Վահան Պէտէլեանի հանգստեան կոչուելէն ետք, պատասխանատու նշանակուեցաւ հաստատութեան երգի ու պարի խումբին, զայն վարելով երկար տարիներ: Նոյն ատեն Կիպրոսի հայկական ռատիօժամի վարիչն էր: Այս բոլորը, ինչպէս նաեւ շփումը սփիւռքի եւ հայրենիքի հետ, զայն հասցուցած էին մակարդակի մը, որ երբ ան Մելգոնեանէն վերջ ստանձնեց Գիւմրիի ԳՈՀԱՐ խումբը հիմնելու եւ զայն վարելու պարտականութիւնը, արդէն կազմաւորուած անձնաւորութիւն մըն էր:

Նաթալի Գալուստեանի պարագան բոլորովին տարբեր էր. ան կանուխէն հետեւած էր երաժշտական ուսումի եւ հասած էր երաժշտութեան խմբավարի դոկտորայի վկայականին եւ ստանձնած էր շատ մը երգչախումբերու եւ նուագախումբերու  խմբավարութիւնը: Նոյն ատեն մայեսթրօ Սեպուհին վերջին տարիներուն անոր օգնականը ըլլալով, իւրացուցած էր  ԳՈՀԱՐ-ի հետապնդած նպատակներուն իրագործումին գաղտնիքները: Այնպէս որ, երբ ճպոտը ձեռքին հրաման կու տար խումբի անդամներուն, բոլորովին տարբեր ազդեցութիւն մը կ՛ունենար հանդիսատեսին վրայ, կը զգայիր, որ արհեստավարժ եւ ինքնավստահ խմբավարի մը դիմաց կը գտնուիս:

Այսօր, շնորհիւ Նաթալի Գալուստեանի բարձր մակարդակի խմբավարութեան, ԳՈՀԱՐ համոյթը նոր բարձունքներ կը նուաճէ հայ երգի, նուագի ու պարի կալուածէն ներս: Անիկա հայութեան կռունկն է, որ կը թեւածէ երկրէ երկիր ու ծովէ ծով, բերելով շունչը հայրենիքին, հայ երգին ծարաւ եղող աշխարհասփիւռ հայութեան: Սա եզակի երեւոյթ մըն է հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ:

Վարձքը կատա՛ր  ԳՈՀԱՐ-ի յաջողութեան բոլոր սատարողներուն, Խաչատուրեան եղբայրներուն, խումբին ղեկավարին ու անդամներուն, համերգը հովանաւորողներուն ու բոլոր անոնց, որոնք հեռուէն ու մօտէն օգնեցին ԳՈՀԱՐ-ի յաջողութեան:

12 նոյեմբեր 2015


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13471

Trending Articles