Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13468

Մեր «Շանթն» Ալ Պիտի Հարուածէ

$
0
0

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Անցեալ շաբաթ Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքին բանակի եւ պետական բոլոր կառոյցներուն մասնակցութեամբ իրականացաւ աննախընթաց տարողութեամբ զօրավարժութիւն մը` «Շանթ» պայմանական անունով, որ զուգադիպեցաւ Ազրպէյճանի կողմէ սահմանին վրայ լարուածութեան սաստկացման:

Զօրավարժութեան մանրամասնութեանց վերաբերեալ հրապարակուած հաղորդագրութիւններէն կարելի է եզրակացնել, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները կ՛ուզեն գնահատել ամբողջական պատերազմի մը պարագային պետութեան հնարաւորութիւնները` բնակչութիւնը նուազագոյն վնասի ենթարկելու միջոցներու արդիւնաւէտութիւնը:

Սահմանի լարուածութիւնը վստահաբար աւելի լրջութիւն պարտադրեց այս զինավարժութեանց` թելադրելով, որ պատերազմը այնքան ալ անհաւանական չէ եւ կրնայ ծագիլ որեւէ պահու:

Սփիւռքի մէջ մենք բաւական հեռու ենք այս մթնոլորտէն, եւ որքա՛ն ալ փորձենք մամուլով փոխանցել թշնամիի` այլեւս յաճախակի դարձած յարձակումներուն լուրերը, տակաւին դժուար կ՛ըմբռնենք սահմանամերձ շրջաններու բնակչութեան հոգեվիճակը: Պէտք է նաեւ անդրադառնալ, թէ թշնամիի զինավառութիւնը անհեթեթ կը դարձնէ սահմանամերձ հասկացողութիւնը` Հայաստանի ամէնէն հեռաւոր շրջաններն իսկ մատչելի դարձնելով անոր հարուածներուն:

Ուրեմն, պատերազմը կանխարգիլող միակ ազդակը ուժեղ, արագ, անմիջական ու քանդիչ հակահարուածն է, որուն ակնկալութիւնը պէտք է տարհամոզէ թշնամին արկածախնդիր որեւէ քայլ առնելու:

Այս մեկնակէտէն, եկէք, գնահատենք մեր` սփիւռքի, ներդրումը հայրենիքի պաշտպանութեան գործին, եթէ Հայաստան պարտադրուի ամբողջական պատերազմի դուրս գալու թշնամիին դէմ:

Պէտք է ըսել, որ մենք նոյնիսկ անկարող կ՛ըլլանք գնահատելու մեր ներդրումը, որովհետեւ մենք «Շանթ»-ին նման վարժանք կատարելու անհրաժեշտութիւնը երբե՛ք չենք զգացած:

Ժամանակն է, որ սփիւռքի ազգային կառոյցներու ղեկավարները անդրադառնան, թէ պարտին զօրաշարժի ծրագիր մը պատրաստ ունենալ, որպէսզի երբ պահը հնչէ, մեր բոլոր կարելիութիւնները դրուին ի սպաս Հայաստանի պաշտպանութեան գործին, դրուին այնպիսի արագութեամբ ու արդիւնաւէտութեամբ, այնպիսի ուժգնութեամբ, որ համահունչ ըլլան ստեղծուած վիճակին եւ մտնեն թշնամիի հաշուարկներուն մէջ` պատերազմը բոլորովին աննպատակայարմար դարձնելով անոր: Ասիկա արդէն իսկ միտքի մարզանք չէ, այլ` պահու հրամայական: Մեր «Շանթ»-ը` հայկական «Շանթ»-ին միաւորուած, պէտք է հարուածի կարեւոր բաղադրիչը դառնայ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13468

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>