Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13503

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Անշէջ Հուրը

Եթէ կը սպասես դուն տենդագին`
Բախտաւոր ես, առանձնաշնորհեալ.
Անշէջ հուրը կողքիդ է արդէն
Ան հպումով գողտրիկ
Կը պարուրէ քեզ սիրակէզ:

***

Աչքերուդ մէջ կը գծուին
Սիրալիր հորիզոններ գորովի`
Կարծես գինովցած ըլլային
Իրենց հայեացքէն ընդմիշտ:

Ձեռքերը կը միանան մեղմօրէն
Զօրակցելու սիրակէզ հպումին շրթներուն
Դանդաղօրէն կը միանան առյաւէտ
Ըլլալու մէկ միութիւն, մէկ զօրութեան:

Աչքերը գոց կ՛երազեն աշխարհներ սիրալիր
Ուր սէրը կ՛իշխէ ամէնուրեք
Կրկին կը սպասեն տենդագին
Անշէջ հուրը… Կեանքին:

ԱՆԻ ԱՊԱՃԵԱՆ

2015


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13503


<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>