ՅԱԿՈԲ ՈՒՌՀԱՅԵՑԻ
1915-ը հայ ազգին համար միայն ոչխարի հօտերու պէս մորթուելու, նախճիրի, ջարդերու, սպանութեան եւ անոր մէկ կարեւոր մասին ի սպառ ոչնչացման թուականը չէ, անիկա միայն հլու-հնազանդ Ցեղասպանութեան ծրագիրին ենթարկուելու թուականը չէ, միայն ամբողջ ազգ մը անճիտելու, անգլուխ, անղեկ ձգելու թուականը չէ: 1915 թուականը է նաեւ թուականը ոճրագործին դէմ ընբոստացումին, թուականն է Արեւմտահայաստանի, Կիլիկիոյ եւ հայկական այլ շրջաններու մէջ գտնուող այն քիչ օճախներուն, որոնք ապստամբութեան դրօշ բարձրացուցին, ըսին` «ձեր սուրը` մեր պարանոցները», եւ դարձան մէկական հպարտանքի աղբիւր ու հերոսացման ներշնչարան յաջորդող սերունդներուն համար…
Վան, Տարօնի աշխարհ, Շապին Գարահիսար, Մուսա Լեռ… Այս տեղանուններուն հետ կապուած դէպքերը մէկական վկայութիւններն են թրքական եաթաղանին դէմ հայութեան մարտական ընդվզումին, ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն եւ հերոսամարտերուն: Մինչեւ հիմա շատ գրուած է ու տակաւին շատ ալ պիտի գրուի հերոսական այս մարտնչումներուն մասին, որոնք ցոյց կու տան հայութեան վերապրելու կամքը, հակառակ ծանր ու դժուարին պայմաններուն, որոնք շրջապատած էին ազգ մը ամբողջ: Սակայն վերջ ի վերջոյ ասոնք կղզեակներ էին միայն, եւ հայութիւնը` իբրեւ ընդհանրութիւն, համակերպած կը թուէր ըլլալ կատարուած իրողութեան…
Համակերպած էր պահպանողականութիւնը, համակերպած էր հայ քաղքենի դասակարգը… Մահուան կարաւանները կու գային հայկական բոլոր շրջաններէն եւ իբրեւ անցման շրջան դէպի սուրիական անապատ` կ՛անցնէին հայկական Միջագետքի կարեւորագոյն քաղաք Ուրֆայէն: Օրին 30 հազար հայութիւն հաշուող քաղաքին բնակիչները կը տեսնէին այն ահաւոր կացութիւնը, որուն ենթարկուած էին տեղահանուած խլեակները: Ծուատուած հագուստներով եւ անճար գաղթականներու վիճակը կը տեսնէին նաեւ քաղաքի հարուստ մեծամեծները, բոլորն ալ կը զգային, թէ արհաւիրքը մօտ է իրենց: Սակայն այդ քաղքենիութիւնը կը կարծէր, թէ կարելի է թրքական բարձրաստիճան պաշտօնէութիւնը կաշառելով, «դրամ կերցնելով» գլուխը ազատել: Այդ քաղքենիութիւնը միշտ ալ անուղղայ մնաց, չկրցաւ համոզուիլ, որ ոչնչացման ծրագիրը լուրջ էր եւ կ՛ընդգրկէր բոլորը, մինչեւ որ կարգը հասաւ իրեն, եւ կառավարական հրամանով, Ուրֆայի հայութիւնը զրկելու համար իր ունեւոր ղեկավարութենէն, որ իր ձեռքերուն մէջ առած էր քաղաքին արհեստները եւ առեւտրական կեանքը, ոստիկանութիւնը շղթայազերծեց այդ ղեկավարութիւնը ձերբակալելու գործողութիւնը:
Ահա ճիշդ հոս էր, որ երեւցաւ համեստ տիպար մը, որ պիտի դառնար Ուրֆայի հերոսամարտին ոգին, հայկական մարտական ոգիի ու յեղափոխութեան հանճարներէն մէկը` Մկրտիչ Եօթնեղբայրեան, որ տակաւին նախքան 1915-ը նախազգացած էր թրքական վտանգը, տեսած էր թրքական քաղաքական կեղծիքը եւ ՀՅ Դաշնակցութեան յանձնարարութեամբ լծուած էր գաղտնօրէն, լուռ կերպով քաղաքը զինելու տենդագին աշխատանքին` առ ի նախապատրաստութիւն հաւանական վտանգի մը, որ կրնար գալ կառավարութենէն եւ քաղաքի թուրք յետադիմական տարրէն: Եւ օր մը Մկրտիչ Եօթնեղբայրեան` ծպտուած արաբի մը հագուստով, մտաւ Ուրֆայի բանտ, հանդիպում ունեցաւ հայ ձերբակալեալ ունեւորներուն հետ, փորձեց զիրենք համոզել, որ փախցնէ զիրենք բանտէն, եւ որ փախուստը աւելի քան ապահով է: Անդրդուելի մնացին` թրքական եաթաղանին տակ ենթարկուելով ամէնէն սարսափելի ճակատագիրին…
Ճարահատ վիճակի մէջ, Մկրտիչ Եօթնեղբայրեան, իր կողքին Ուրֆայի հերոսամարտին ղեկավարութիւնը ստանձնած Յարութիւն Ռաստկելենեանի, Խանըմ Քեթենճեանի եւ Մարիամ Շիլինկիրեանի հետ կը լծուի երկարատեւ հերոսամարտին կազմակերպման աշխատանքներուն այն զէնքերով, որոնք հաւաքուած էին քաղաքին մէջ եւ այն սակաւաթիւ մարդոցմով, որոնք մնացած էին այդտեղ: Այս պահուն է, որ Ուրֆայի հերոսամարտի անզուգական ղեկավարը` Մկրտիչ Եօթնեղբայրեան կ՛ըսէ իր անմեռ խօսքերէն մէկը. «Ընդհանուր ա՛յն սպանդէն յետոյ, որուն զոհ գնաց Թուրքիոյ հայութիւնը, եւ այն տմարդի գազանութիւններէն ետք, որուն ենթարկուեցան Ուրֆայի ղեկավարներն ու Գուտէմէի հայ զինուորները, այլեւս հաւատք չունինք թուրք կառավարութեան վրայ: Ուրֆայի հայութիւնը չ՛ուզէր ոչխարային համակերպութեամբ զոհուիլ անապատներուն մէջ® Մեր տուներու շեմին թէ անապատներու մէջ, միեւնոյնն է վախճանը, քաջութեամբ վերջացնենք քաջութեա՛մբ սկսած մեր գործը»:
100 տարի անցաւ պատմական այդ հերոսամարտէն, որ միայն հպարտութեան զգացում կրնայ արթնցնել իւրաքանչիւր հայու եւ մանաւանդ իւրաքանչիւր ուրֆացիի հոգիին մէջ: Եղաւ ամէնէն ողբերգական հերոսամարտը 100-ամեակի ծիրին մէջ: Ինքնապաշտպանութեան կռիւին մասնակցած ոչ մէկ անհատ ողջ մնաց այդ ողբերգութենէն: Անոնք, գերի չիյնալու համար թրքական պետութեան ձեռքը, իրենք զիրենք հորերը նետեցին կամ հրկիզեցին: Մկրտիչ Եօթնեղբայրեանն ալ իր հերոսական կեանքին վերջ տուաւ ինքնասպանութեամբ: Թրքական բանակը հերոսին մահուան լուրը դիմաւորեց թնդանօթի 24 զարկով…
Իրօք, եթէ ամբողջ Արեւմտահայաստանի, Կիլիկիոյ եւ հայկական այլ շրջաններու քաղաքներն ու գիւղերը մէկական Ուրֆա ըլլային, թուրքը ոչ մէկ ձեւով պիտի կարենար գործադրել իր դժոխային ծրագիրը հայութեան նկատմամբ:
Փա՛ռք ու պատի՛ւ դիւցազնական Ուրֆայի հերոսներուն, անոնց եւ մանաւանդ Մկրտիչ Եօթնեղբայրեանի հերոսական ոգին միշտ անմեռ պիտի մնայ իւրաքանչիւր ուրֆացիի ու հայու սրտին մէջ: