Ս. ՎՐԱՑԵԱՆ
Առաջին Համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին ոչ ոք չէր նախատեսում – մարդկօրէն չէր կարող նախատեսել – այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ Օսմանեան կայսրութեան սահմաններում հայ ժողովրդի վերաբերմամբ: Ենթադրում էին, այո՛, որ թուրքերը, պատերազմի ընթացքին, վայրագութիւններ կը գործեն: Հնարաւոր էր համարւում մանաւանդ մտաւորականութեան որոշ մասի բնաջնջումը եւ մտաւորականութիւնը պատրաստ էր զոհաբերուելու ժողովրդի փրկութեան համար, բայց ա՛յն, ինչ որ տեղի ունեցաւ 1915-ին, մարդկային երեւակայութիւնից դուրս էր: Հայութիւնը հոգեբանօրէն պատրաստ չէր եւ այդ է պատճառը, որ ընդունակ չեղաւ ազգովին պաշտպանելու իր կեանքը:
Մի քանի տեղ միայն, մէկը միւսից անկախ, կարելի է ասել յանպատրաստից, յուսահատութեան մատնուած ժողովուրդը դիմեց զէնքի` պաշտպանելու համար իր կեանքն ու պատիւը: Աւա՜ղ, ընդհանուր, համազգային բնոյթ չստացաւ այդ ըմբոստացումը ստոյգ մահուան դէմ, սահմանափակուեցաւ միայն մասնաւոր վայրերով եւ պատմութեան մէջ կոչուեցաւ այս կամ այն վայրի հերոսամարտ: Իրական հերոսականը, նաեւ ողբերգականը, եղաւ ճակատագիրը Շապին-Գարահիսարի եւ Ուրֆայի հայութեան:
Սուէտիան, երբ զէնքի կը դիմէր, իր թիկունքում ունէր ծովը, որտեղից կարող էր յուսալ փրկութիւն եւ, իսկապէս, ֆրանսական մարտանաւերը հասան օգնութեան: Վասպուրականը, ըմբոստանալով Ճեւտեթի հորդաների դէմ, գիտէր, որ ռուս բանակը հայ կամաւորների առաջնորդութեամբ օգնութեան է գալիս իրեն եւ, յիրաւի, օգնութիւնը հասաւ ժամանակին: Շապին Գարահիսարի եւ Ուրֆայի վիճակը յուսահատական էր. ո՛չ մի տեղից օգնութիւն չէին կարող յուսալ նրանք: Նրանք գերադասեցին պատուով մեռնել կռուելով, քան յանձնուիլ անարգ թշնամուն: «Իմացեալ մահ»…
Ուրֆացին այսօր կը տօնէ տարեդարձը իր հերոսամարտին եւ պէտք է տօնէ հպարտութեամբ ու նուիրումով: Բայց միայն ուրֆացին չէ. ամբողջ հայութեան համար Ուրֆայի հերոսամարտը յիշատակելի է, նուիրական, հպարտութեան առարկայ: Մահուամբ մահը կոխելով` Ուրֆայի, Շապին Գարահիսարի եւ միւս վայրերի հերոսները աշխարհի առջեւ բարձր պահեցին հայ ազգի պատիւը: Եթէ չըլլային Ուրֆաներն ու Շապին Գարահիսարները կամ, վերջը, Սողոմոններն ու Արշաւիրները, կեանքը կը լինէր դառն, անբովանդակ եւ անիմաստ:
«Զի մահ իմացեալ անմահութիւն է»:
3 դեկտ. 1965