Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13376

Արձագանգ. Աննախընթաց Երեւոյթ

$
0
0

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Հայաստանի դեսպանատան պատասխանատուներէն իմացայ, որ 2017-2018 կրթական տարեշրջանին համար Լիբանանէն Հայաստանի պետական համալսարաններուն մէջ արձանագրուած են 78 ուսանողներ:

Հայաստանի անկախութենէն ետք առաջին անգամ ըլլալով է, որ Լիբանանէն այսքան մեծ թիւով ուսանողներ արձանագրուած են:

Ողջունելի եւ աննախընթաց երեւոյթ մը ըլլալով հանդերձ, պէտք է մատնանշել կրթական մարզի մէջ վերջին տարիներուն բազմաբնոյթ այցելութիւնները, լսարանները, հանդիպումները եւ համաձայնագիրները, որոնք իրենց արդիւնքը սկսած են տալ:

Անշուշտ հիմնական չորս ազդակներ կան այս արդիւնքներուն հասնելու համար.

Ա.- Վերջին տարիներուն լիբանանեան համալսարաններու կրթաթոշակի բարձրացումը:

Բ.- Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական տագնապի բարդացումը:

Գ.- Հետեւողական ձեւով մեր վարժարաններուն  մէջ Հայաստան ուսանելու կոչերը եւ նախաձեռնութիւնները:

Դ.- Վերջին երկու տարիներուն դեսպանատան կողմէ կազմակերպուած եւ հետեւողական աշխատանքը:

Այս բոլորէն անդին` հիմնական հարցը կը մնայ, որ այս թիւը ոչ միայն կայուն մնայ, այլ տարիէ տարի աճ արձանագրէ: Տեղին է յիշել, որ ուսման բոլոր մարզերէն ներս ուսանողներ կան` մանկավարժական, մշակութային, երաժշտական, բանասիրական, բժշկական, ճարտարապետական եւ այլ մասնագիտութիւններ:

Հայաստան-սփիւռք կրթական մարզի այս աննախընթաց երեւոյթը ոգեղէն կապի ամրապնդման կը ծառայէ:

Վարձքը կատար բոլոր ուղղակի եւ անուղղակի սատար հանդիսացող ազգայիններուն եւ կառոյցներուն: Տեղ մը գործնապէս լոզունգային խօսքերէն անդին` գործնական ձեռքբերումն է, որուն համար կ՛արժէ յատուկ ձեւով գնահատական արձանագրել եւ յուսալ, որ նոյն թափով եւ կորովով աճ արձանագրէ, եւ մեր նոր սերունդները առիթ ունենան Հայաստանի մէջ իրենց բարձրագոյն կրթութիւնը ստանալու:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13376

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>