ՄԱՐԳԱՐ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ
«Իր մայր լեզուից ձեռք քաշողը
Վերջն էլ կը տայ իր մայր հողը»:
Յովհ. Շիրազ
Աստուածատուր գանձ մըն է մեր հայ լեզուն,
Որուն կառչած տոկացինք մենք դարերով,
Ցեղասպանի ոճիրներուն դիմացանք,
Հայու կամքով դարձեալ ոտքի կանգնեցանք:
Մեր հայ լեզուն ուղեցոյցն է մեր կեանքին,
Մեսրոպ Մաշտոց գիրեր ստեղծեց, որ ապրի,
Զէնք ան դարձուց մեր մայրենին ոսկետառ,
Որ սերունդներ իրմով զինուած պայքարին:
Հիմա կանգնած ազգերուն մէջ այլազան`
Մենք սրբազան մէկ գլխաւոր գործ ունինք,
Պէտք է պահենք մեր հայ լեզուն տիրական,
Որ ազգը մեր յաւերժ ապրի անկործան:
Մի՛ կասկածիք, հաւատացէ՛ք հայ լեզուին,
Զի անոր մէջ հայու ոգին միշտ կ՛ապրի,
Որ կեանք կու տայ, տոկունութիւն` խօսողին
Եւ յոյս անմար` զայն ձեր բերնէն լսողին:
Գիւղ Ուշի, Արագածոտնի մարզ