Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13507

Երբ Թրքերէնն Ու Հայերէնը…Կը Միաձուլուին

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Այս գրութիւնս կը նուիրեմ իր ամբողջ կեանքը թրքերէն եւ թրքաբարոյ երգերու դէմ պայքարող, նորոգ հանգուցեալ ընկերոջս` Յակոբ Եափուճեանի յիշատակին:

Սոյն յօդուածս գրուած էր աւելի քան երկու ամիս առաջ, սակայն նախընտրած էի աւելի առաջնահերթ գրութիւններ ուղարկել «Ազդակ», երբ սիրելի ընկերս անակնկալօրէն մեկնեցաւ այս աշխարհէն` առանց կարենալ կարդալու գրութիւնս:

Յիշատակդ անթառամ, սիրելի՛ գաղափարակից ընկեր եւ գրչեղբայր:

Պայծառ, արեւոտ կիրակի մըն էր: Կարդալէ ու գրելէ «յոգնած», ելայ դուրս` վարդերս ջրելով քիչ մը հանգստանալու:

Թրքերէն երաժշտութիւն մը հասաւ ականջներուս: Վայրկեանի մը համար տակաւին հայահոծ Պուրճ Համուտի մէջ գտնուելու խաբկանքը ունեցայ: Մանկութեան ու պատանեկութեան տարիներս, երբ այդ թաղերուն բնակչութեան ջախջախիչ տոկոսը հայեր էին, եւ թրքերէն ունկնդրելը բնական երեւոյթ էր: Այդ երաժշտութիւնը հայերու բնակարաններէ կը լսուէր: Թուրքի՞ հանդիպիլ: Ո՞ր թուրքը պիտի համարձակէր այցելել այդ փոքրիկ «Հայաստանը»:

Աւելի ուշ այն տպաւորութիւնը ունեցայ, որ մեր թաղին մէջ հայ նոր դրացիներ ունեցած ենք, եւ անոնց տունէն է, որ կը հասնի այդ անախորժ երաժշտութիւնը:

Սովորութիւն դարձած է, երբ թրքերէն խօսողի մը հանդիպինք, մէկու մը տունէն կամ ինքնաշարժէն թրքերէն եղանակ մը հասնի մեր ականջներուն, անմիջապէս կը հետեւցնենք, որ այդ անձը հայ է:

Յանկարծ յիշեցի, որ տարի մը առաջ թուրք դրացի մը ունեցած էի, եւ հակառակ իր բարեւը անտեսելուս, շաբաթ մը ետք, հանդերձ ընտանիքով եկած էին տանս դուռը բախած` ըսելու. «Ձեր նոր դրացիներն ենք եւ, մեր սովորութիւններուն համաձայն, անուշեղէնով մը կը փափաքինք թաղեցիներուն ծանօթանալ»:

Դրան առջեւէն, առանց «ներս հրամեցէք»-ի կինս վերցուցած էր անուշեղէնը, որ անմիջապէս տարած էր… աղբաման:

Տարի մը անցած է այդ թուականէն: Իրարու տուն չենք այցելած, սակայն աւելի «մեղմացած» եմ: Հեռուէն ձեռքի բարեւին կը պատասխանեմ անժպիտ ու անմիջապէս կը մտնեմ ներս` զգուշանալով  իր այցելութենէն: Տանս մէջ թուրք չէ՛ մտած …

***

Առաջին անգամն էր, որ թուրք դացիիս տունէն թրքերէն երգ կը հասնէր ականջներուս:

Ամերիկայի մէջ, ձայնասփիւռ կամ հեռատեսիլ, ցած ձայնով ունկնդրելու սովորութիւնը խիստ գնահատելի է: Դրացիները չեն խանգարեր, սակայն այդ օր իր հայ դրացիին լսելի դարձնելու միտումո՞վ բարձրացուցած էր թրքերէն երաժշտութեան ձայնը, թէ՞ այլ նպատակով, ինծի համար յստակ չէր: Այդ երաժշտութեամբ կ՛ուզէր ջղայնացնե՞լ զիս, թէ՞ գոհացնել: Հաւանաբար տեղեակ է, որ մեծ է թրքական երաժշտութիւն ունկնդրող հայերու թիւը: Ինչպէ՞ս կարենար գուշակել, որ կան նաեւ ինծի նման բազմաթիւ հայեր, որոնք անհանդուրժելի կը գտնեն այդ երաժշտութիւնը:

Զարմանքս մեծ եղաւ, երբ նոյն տունէն, այո՛, թուրքին տունէն, շատ չանցած, սկսաւ նաեւ «հայերէն» երաժշտութիւն մը հասնիլ ականջներուս:

Ծանօթ «հայերէն» երգ մըն էր, սակայն բառերը բնորոշելու դժուարութեան մէջ էի: Չէի կրնար յստակօրէն զանազանել, «հայերէ՞ն» է, թէ՞ թրքերէն, այնքա՜ն նոյնանման էին:

Պահ մը միամիտ այն մտածումը ունեցայ, որ թուրք դրացիս դիտումնաւոր կերպով, իր հայ դրացիին հաճոյք պատճառելու միտումով, թրքերէնի կողքին, նաեւ հայերէն կ՛ունկնդրէ: Արդեօ՞ք այդպէս է, թէ՞  քանի մը երգիչներու «հայերէն» երգերուն թրքերէնէ թարգմանութիւնն է, որ ես կը դժուարանայի զանազանել:

«Հայերէն» եւ թրքերէն: Այնքա՜ն նոյնանման:

Կրնա՞յ ըլլալ, որ դիտումնաւոր կերպով բարձրացուցած էր ձայնասփիւռին ձայնը` հասանելի դարձնելու իր հայ դրացիին եւ ըսելու. «Տեսա՞ր, մենք «եղբայրներ» ենք եւ խտրութիւն չենք դներ ձեր եւ մեր երաժշտութեան մէջ», սակայն այդ «ձեր»-ը, որ «հայերէնն» է, նոյնքան խորթ հնչեց ականջներուս, որքան` «մեր»-ը, որ այս պարագային ի՛ր երաժշտութիւնն է: Թրքերէնը:

Մտայ ներս: Երաժշտական հաւաքածոներուս մէջէն ընտրեցի Կոմիտասի եւ Սայեաթ Նովայի իսկական հայկական երաժշտութիւն եւ ագահօրէն ունկնդրեցի:

Ունկնդրեցի… արցունքոտ աչքերով:

Մի՛ զարմանաք, այո՛, մանուկի մը նման արտասուեցի:

Արտասուելուս պատճառը Կոմիտասն ու Սայեաթ Նովա՞ն էին, թէ՞ թուրք դրացիիս տունէն հասած «երաժշտութիւնը»: Հաւանաբար` երկրորդը:

Առաջին անգամը չէ, որ թրքերէն երաժշտութիւնը արցունք կը խլէ աչքերէս: Չկարծէք որ այդ երաժշտութիւնը ունկնդելով կը յուզուիմ: Բնա՛ւ երբեք: Սակայն թրքերէն երաժշտութիւնը արցունք կը խլէ աչքերէս: Ընդվզումի ու ջղայնութեան արցունքներ` ի տես հայ ունկնդիրներու, ի տես հայերու գնահատանքին մեզ կոտորած, տեղահանած թուրքին երաժշտութեան:

***

1981: Նոր ժամանած էի Լոս Անճելըս: Ընտանիքիս մնացած անդամները տակաւին Պէյրութ կը գտնուէին: Պատերազմը տակաւին չէր աւարտած: Առանձին էի ու մտահոգ: Մտահոգ` Պէյրութ գտնուող հարազատներով ու բարեկամներով: Մտահոգ` ի տես ծննդավայրիս աւերումին: Դարձած էի գերզգայուն, եւ աննշան դէպքի մը պարագային, արցունքներս կը յորդէին:

Բարեկամներէս մէկը հրաւիրուած էր տարեդարձի մը, եւ հրաւիրող  անձը փափաքած էր, որ Պէյրութէն նոր ժամանած բարեկամն ալ ընկերանայ իրեն: Հրաւիրուելուս պատճառը ինծի համար յստակ չէր: Ներկայութի՞ւնս հաճելի էր, թէ՞ առանձին ըլլալուս` կը մեղքնար:

Առանձնութիւնը նախընտրելի էր, սակայն բազմաթիւ պնդումներուն տեղի տուի ու գացի:

Ոտքս կոտրէր ու չերթայի:

Ընդարձակ տան մը պարտէզին մէջ տեղի կ՛ունենար տարեդարձի խրախճանքը:

Նուագախումբ մը քանի մը հայկական մեղեդիներով կը ճոխացնէր երեկոն, որմէ քիչ ետք բեմ բարձրացաւ նուագախումբին երգիչը եւ սկսաւ երգել քանի մը «հայերէն» երգեր: Բառերը հայերէն էին, սակայն այնքա՜ն հեռու հայկականութենէ:

Տան տէրը մօտենալով երգիչին` ականջին բաներ մը փսփսաց:

«Հաւանաբար թրքաբարոյ երգացանկէն դժգոհ է», միամտօրէն մտածեցի: Զարմանքս մեծ եղաւ, երբ անմիջապէս «հայերէն», բայց թրքերէն բուրող երգերը փոխարինուեցան իսկական թրքերէնով: Ներկաները գոհ էին: Քանի մը հոգի նոյնիսկ կը մասնակցէին այդ երգերուն: Տան պարտէզին անկիւնը կար անձ մը, որ առիթի կը սպասէր արցունքները յորդեցնելու: Քաշուեցայ անկիւն մը ու լացի: Լացի երեխայի մը նման: Լացի սգաւորի մը նման: Լացի յուսահատ: Այո՛, լացի: Անգամուան մը համար թրքերէն երաժշտութիւնը չէր լացիս պատճառը: Այդ երաժշտութիւնը սիրող եւ քաջալերողներն էին արցունքներուս պատճառը:

***

Աւելի քան 3 տասնամեակներ անցած են այդ թուականէն, սակայն այդ երեկոն դրոշմուած է ուղեղիս մէջ:

Առաջին եւ վերջին անգամն էր, որ Լոս Անճելըսի մէջ նման անհաճոյ տեսարանի մը հանդիպեցայ: Մանկութեանս տարիներուն յաճախ ականջներուս կը հասնէր այդ երաժշտութիւնը` հայերու տուներէ: Ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք, կիլիկեցի հայ գաղթականներով լեցուն, հայահոծ Հալէպի եւ Պուրճ Համուտի մէջ թրքախօսութիւնն ու թրքերէն երաժշտութիւնը «բնական» երեւոյթ էր քանի մը տասնամեակ: Բազմաթիւ տարեցներ հայերէն խօսելու դժուարութիւն ունէին: Թրքերէն երաժշտութիւնը ի պատուի էր: Այդ երգերով իրենց ծննդավայրը կը յիշէին: Նշանախօսութիւններ եւ հարսանեկան խրախճանքներ, թրքերէն երգերով կը խանդավառուէին: Բարեբախտաբար, Ցեղասպանութեան յիսնամեակէն ետք, թրքախօսութիւնը վերցնելու լուրջ աշխատանք տարուեցաւ, իսկ աւելի ուշ թրքերէն երգերը փոխարինուեցան հայերէնով: Ամէնուրեք հայերէն երգն էր, որ կը հասնէր մեր ականջներուն, շնորհիւ կարգ մը հայ երգիչներու` թրքերէն երաժշտութիւնը դուրս նետուեցաւ հայ տուներէ, սակայն այդ ուրախութիւնը երկար չտեւեց: Հայերէն երգերու կողքին, սկսանք հանդիպիլ մեծ թիւով թրքաբարոյ «հայերէն» երգերու: Երգեր, որոնք աւելի թրքերէնի կը նմանին, քան` հայերէնի: Այսօր թրքախօսութիւնն ու թրքերէն երգերը վերցուած են հայ տուներէն, սակայն թրքաբարոյ երգերը, նուազելու կամ արմատախիլ ըլլալու փոխարէն, դժբախտաբար շատ աւելի ընդունելութեան կ՛արժանան, քան` իսկական, մաքուր հայերէն երգերը:

***

Լիբանանի մէջ, Ատիս Հարմանտեանով եւ Լեւոն Գաթրճեանով սկսած հայերէն երգերէն ետք, ինչպէ՞ս եւ ուրկէ՞ մուտք գործեցին թրքաբարոյ երգերը:

Հայաստան տակաւին խորհրդային Միութեան մաս կը կազմէր, եւ մեծ թիւով յայտնի արուեստագէտներու կողքին, բազմացան «ռապիզ» երգիչները: Նոյնը պատահեցաւ Լիբանանի մէջ: Որակաւոր երգիչներու կողքին, մուտք գործեցին անորակները:

Ուրկէ՞, ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ սկսաւ այս աւերը:

Կարծես բաւարար չըլլար հայ լեզուին աղաւաղումը` աբեղեանական ուղղագրութիւնը, օտար բառերով «հարուստ» գրութիւնները, որոնք ներկայիս նոյնքան աւերներ կը գործեն: Այսօր մաքուր հայերէն մեկնաբանողներուն մեծամասնութիւնը ակամայ «հանգստեան» կոչուած է, մինչ անորակ երգիչները կը «ճոխացնեն» հայկական խրախճանքները:

Մտահոգութիւններով լեցուն ազգ մըն ենք:

Մեր հողերու պահանջատիրութեան կողքին ունինք նաեւ շատ մը այլ մտահոգութիւններ: Արեւմտահայ լեզուի կորուստի մտահոգութիւն, աբեղեանական ուղղագրութիւն, օտար բառերու գործածութիւն եւ… շարքը երկար է:

«Մեղաւոր, մեղաւոր, Ասա՛ ինձ, թէ ո՞վ է մեղաւոր» (Ժող. Երգ)

Դժուար է ճշդել, թէ ո՞վ է իսկական մեղաւորը:

Մեծասքանչ հայոց լեզուի մեսրոպեան ուղղագրութիւնը մէկդի ձգելով` Հայաստանի մէջ որդեգրեցին աբեղեանականը: Նոյնն է պարագան հայերէն երաժշտութեան: Ունեցած ենք Սայեաթ Նովա եւ Կոմիտաս վարդապետ, ունեցած ենք Յովհաննէս Պատալեան, Ռայիսա Մկրտչեան, Ռուբէն Մաթեւոսեան, եւ ներկայիս թրքաբարոյ երգերով ու երգիչներով ողողուած են մայր հայրենիքն ու սփիւռքը:

«Մեղաւոր, մեղաւոր, Ասա՛ ինձ, թէ ո՞վ է մեղաւոր»:

Լոս Անճելըս, 2018

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13507

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>