Թուրքիոյ նախագահը միայն օրեր առաջ բացատրելով «Ձիթենիի ճիւղ» զինուորական ներխուժման նպատակը՝ կը յայտարարէր. «Մընպեժը պիտի ձերբազատենք ահաբեկիչներէն…որովհետեւ անոնք անոր իսկական տէրերը չեն, այլ անոր իսկական տէրերը մեր արաբ եղբայրներն են: Մեր գործողութիւնները պիտի շարունակենք հասնելով մինչեւ իրաքեան սահման` վնասազերծելու համար բոլոր ահաբեկիչները»:
Միայն օրեր ետք՝ երէկ, Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը հաղորդէր, որ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնը սահմանափակ է, եւ անոր թիրախը Աֆրինի շրջանին մէջ գտնուող ահաբեկիչներն են։
Անգարայի կողմէ իբրեւ թէ Սուրիան ահաբեկչազերծելու քաղաքականութեամբ արդարացուող ներխուժումը էութիւն եւ ուղղութիւն սկսած է փոխել երեւութապէս։ Իսլամական ժիհատի, ահաբեկչազերծման, քրտական գործօնի չէզոքացման դրօշներուն ներքեւ մղուող պատերազմը մղելով՝ Անգարան ըստ էութեան իր հին յանկերգն է, որ կը փորձէ իրականութեան վերածել։ Անվտանգութեան գօտիներու ստեղծման Անգարայի ծրագիրը, որ միշտ կը մերժուէր միջազգային համաժողովներուն, հիմա գետնի վրայ առարկայացման փուլեր կ՛արձանագրէ։
Անվտանգութեան գօտիի սահմանագծումը դիւրին չ՛ընթանար։ Որքան ալ համաձայնեցուած եւ թոյլատրուոած ներխուժում ըլլայ դէպի Աֆրին թրքական զօրքերու տեղաշարժը, այնուամենայնիւ որոշ գօտիներու մէջ մէկ քայլ առջեւ երկու քայլ ետեւ տեղապտոյտները տեսանելի կը դառնան։
Երբ այդ սահմանափակման մասին ակնարկութիւն կը կատարէ պաշտօնական Անգարան, խորքին մէջ անիկա թրքական ուժերուն պարտադրուած սահմանափակում մըն է։ Քրտական զինեալ խմբաւորումները այնքան մը պիտի չչէզոքացուին, որ Անգարան կարենայ իր առաջադրած գօտիները իր վերահսկողութեան տակ առնել։ Միաժամանակ սակայն, Սուրիոյ տարածքին քիւրտերու աշխարհագրական միաւորումը տեղի պիտի չունենայ, որպէսզի իրողապէս ինքնավար իրավիճակը կայացման միտումներ չպարզէ։
Ուժերու հաւասարակշռումի այս խաղի կանոնները որոշ առումով կը թելադրէ գլխաւոր խաղացող Ռուսիան, որ ահաւասիկ ստանձնած է միջնորդութիւնը քրտական ուժեր-Դամասկոս բանակցութիւններու գործընթացին։
Այդ բանակցութիւնները կը նպատակադրեն Աֆրինի վերահսկողութիւնը յանձնել պաշտօնական Դամասկոսին։
Եթէ ատիկա իրականանայ, ինչպէ՞ս կը մեկնաբանուի մինչ այդ պատահածը։ Անգարան կանաչ լոյս կը ստանայ Մոսկուայէն սկսելու ներխուժման գործողութիւնը։ Համեմատաբար արագ ներխուժման կը յաջորդեն լուրջ դիմադրութիւններ։ Կը վերագրաւուին դիրքեր, որոնք քիւրտերը կորսնցուցած էին։ Քիւրտ-թուրք պատերազմը որոշ տեղեր կը կերպարանափոխուի եւ կը վերածուի կառավարական եւ անոնց յենած ժողովրդային ուժերու եւ սուրիական ընդդիմադիր ուժերու միջեւ ընդհարումներու։Կտրուկ կշռոյթներով կը գրաւուին, կը կորսնցուին եւ կը վերագրաւուին կարեւոր դիրքեր։
Այս բոլորին զուգահեռ միայն օրերու տարբերութեամբ թրքական յոխորտանքները մինչեւ իրաքեան սահման ներխուժումը ծաւալելու կը վերածուին սահմանափակուելու որոշումներու։ Մինչ, քաղաքական բանակցային գործընթացը թէ՛ Աֆրինի ճակատագիրը ճշդելու տեղական առումով եւ թէ՛ Սոչիի բանակցութիւնները դարձեալ գլխաւոր միջնորդի նախաձեռնութեամբ՝ Սուրիոյ տագնապի հանգուցալուծման ուղիներ ճշդելու, տեղի կ՛ունենան միեւնոյն օրերուն։
«Ա.»