Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13573

Ազգային Ընդհանուր Ժողովը Իրազեկ Կը Դառնայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Բացած Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Դատին Ներկայ Փուլին

$
0
0

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը աննախադէպ եւ անկիւնադարձային քայլ մը առնելով` Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջով դատ բացած էր: Երկու տարուան հետեւողական եւ տքնաջան աշխատանքներէ ետք, դատը ներկայիս քաղաքական արգելքներու դիմաց կը գտնուի: Այս առնչութեամբ Ազգային ընդհանուր ժողովը յատուկ նիստով մը ժողովականներուն տրամադրութեան տակ դրաւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ձեռնարկած` հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման աշխատանքները, որոնց շարքին` Սիսի կաթողիկոսարանի դատին մանրամասնութիւնները:

Զեկոյցներ ներկայացուցին` դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, Սեդա Խտըշեան եւ Քանատայէն տեսերիզով միացաւ դատի գլխաւոր փաստաբան փրոֆ. Փայամ Ախաւան:

Ս. Խտըշեան նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի գծով իրականացած կաթողիկոսութեան ձեռնարկները ունեցած են տեղական, քաղաքական ու միջազգային արձագանգ, մանաւանդ` Հայոց  ցեղասպանութիւնը ճանաչումէն հատուցում տանող աշխատանքները, որուն գագաթնակէտը կը հանդիսանայ Սիսի դատը: Ասոր կողքին, տեղի ունեցան շրջանային համագումարներ, Պիքֆայայի յուշահամալիրի շինութիւն, Անթիլիասի մայրավանքի յուշամատուռի վերանորոգութիւն, Հայոց ցեղասպանութեան որբերու յիշատակին նուիրուած «Արամ Պէզիկեան» թանգարանի բացում եւ այլ ձեռնարկներ, յայտնեց Խտըշեան:

Ապա հանդէս եկաւ դոկտ. Պայրագտարեանը, որ նշեց, թէ Սիսի կաթողիկոսարանի դատական հայցի զոյգ թղթածրարները, օրինական թէ պատմական տուեալներով, կը փաստարկեն, որ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը օրինական իրաւատէրն է Սիսի կաթողիկոսարանին: Ան շարունակեց` ըսելով, որ դատը հետապնդող օրինական յանձնախումբին հիմնական նպատակն էր դատը փոխադրել Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց դատարան, սակայն այդ մէկը իրագործելու համար պէտք էր նախ թրքական Սահմանադրական դատարանէն անցնիլ: Դոկտ. Պայրագտարեան մանրամասնութեամբ խօսեցաւ դատի փուլերուն մասին եւ ընդգծեց, որ ներկայիս օրինական յանձնախումբը, վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ, քննարկած է մէկէ աւելի ուղիներ, որոնց մասին պիտի յայտարարուի մօտ ապագային:

Զեկուցումներէն ետք տեսերիզի ճամբով ելոյթ ունեցաւ փրոֆ. Փայամ: Ան համապարփակ բացատրութիւն տուաւ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք Թուրքիոյ պետութեան վարած քաղաքականութեան մասին, որ կը զրկէր փոքրամասնութիւնները իրենց իրաւունքներէն եւ օրէնքներ կը մշակէր խլելու համար անոնց գոյքերը: Ան նաեւ խօսեցաւ փրոֆ. Թաներ Աքչամի աշխատութիւններուն շնորհիւ երեւան ելած նոր փաստաթուղթերուն մասին: Ան նշեց, որ կաթողիկոսարանին պատրաստած թղթածրարը ամբողջական է, եւ քաղաքական ճնշումներ պիտի չկարենան կասեցնել դատին հետապնդումը` մինչեւ իրաւունքին վերադարձը:

Աւարտին, Արամ Ա. կաթողիկոս եզրափակեց նիստը` հաստատելով, որ այս դատին աշխատանքները իր կեանքին ու աշխատանքին մէջ կարեւոր տեղ գրաւած են: Ան ընդգծեց, որ այս դատը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բոլոր տարագրեալ կաթողիկոսներուն ոգիով թրծուած է, որովհետեւ անոնք բոլորը կը հաւատային այս դատին: Վեհափառ հայրապետը նշեց, որ մեր պահանջատիրական ոգին կը ժառանգենք անոնցմէ: Այս դատը ո՛չ միայն կաթողիկոսարանին, այլ հայ ժողովուրդին ու հայրենիքին դատն է, նշեց հայրապետը` ընդգծելով, որ դատին պահանջը հատուցում չէ, ինչպէս որ զրպարտած են շատեր, այլ` հողային պահանջ. «Մենք հող կը պահանջենք», շեշտեց հայրապետը:

Ժողովը դիտեց նաեւ դատին մանրամասնութիւնները ներկայացնող տեսերիզ եւ ունեցաւ քննարկման նիստ:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13573

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>