ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ինչպէ՞ս կարելի է ընդգծել համասփիւռքեան տարողութեամբ ժողովի մը կարեւորութիւնը: Ամէն չորս տարի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ենթակայ թեմերուն կողմէ ընտրուած ազգային երեսփոխաններ կը հաւաքուին Անթիլիաս ու կը քննարկեն համազգային նշանակութեամբ հարցեր:
«Ժողովի օրակարգին մէջ առանցքային տեղ պիտի գրաւեն կրօնական եւ հայեցի դաստիարակութիւնը, երիտասարդութիւնը, պահանջատիրութիւնը, սփիւռքի վերակազմաւորումը եւ սփիւռք-Հայաստան գործակցութիւնը», գրուած է ժողովէն հազիւ քանի մը օր առաջ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:
Սփիւռքի համայնքներու կազմակերպման ու ղեկավարման մէջ կարեւոր դեր վերապահուած է ազգային տեղական վարչութիւններուն, ուրեմն, աւելի՛ իսկ կարեւոր դեր կ՛ենթադրէ ունենալ անոնց համախմբումը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան շուքին տակ: Վերոյիշեալ օրակարգի կէտերը արդէն իսկ բաւարար պատկերացում կու տան, թէ որքա՛ն մեծ սպասումներ պէտք է ունենանք նկատառելի լծակներու եւ միջոցներու տէր կառոյցներու ղեկավարներու այս ժողովէն:
Յամենայն դէպս այստեղ պարզապէս կ՛ուզենք արտայայտել մեր ցանկութիւնը, որ այս տարողութեամբ ժողովներ ընդարձակ լրատուութեամբ ներկայացուին մեր հանրութեան:
Արդարեւ, Ազգային ընդհանուր ժողովին հանդէպ հանրութեան ուշադրութիւնն ու հետաքրքրութիւնը կարելի է շարժել` լայնօրէն անդրադառնալով անոր, իբրեւ նախապատրաստութիւն իւրաքանչիւր թեմէ ներս տեղի ունեցող ազգային ժողովներուն եւ անոնց քննարկած նիւթերուն, ներկայացնելով անոնց ընտրած պատգամաւորները` ազգային երեսփոխանները: Այս ժողովներուն ու անոնց կողմէ ընտրեալներով Ազգային ընդհանուր ժողովին հեղինակութիւնը վստահաբա՛ր աւելի կը շեշտուի, երբ անոնց պատրաստութեան ընթացքին ու քննարկած օրակարգերուն հանդէպ լայն տեղեկատուութիւն ապահովուի:
Յաջողութի՛ւն կը մաղթենք Ազգային ընդհանուր ժողովին: