Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13669

Զոհրապի «Լռութիւնը Կը Խօսի» Խորագրեալ Ցուցահանդէս

$
0
0

Կազմակերպութեամբ «Էկզոտ» ցուցասրահին եւ «Զոհրապ հիմնարկ»-ին  20 նոյեմբերին «Էկզոտ» ցուցասրահին մէջ, Էշրեֆիէի «Աքքաուի» վայրէջքին վրայ տեղի ունեցաւ արուեստագէտ Զոհրապի «Լռութիւնը կը խօսի» խորագիրը կրող յետմահու առաջին ցուցահանդէսին բացումը:

Ներկայացուած էին 28 գունաւոր մատիտ եւ 24 աքուարել փոքր չափի պաստառներ, ինչպէս նաեւ 1 մեծ պաստառ մը` «Շարունակականութիւն» խորագիրը կրող: Ցուցադրուած էր նաեւ Զոհրապին դիմանկարը, որ արուեստագէտը ինքը գծած էր «ֆիւզեն»-ով:

Զոհրապի հարազատներուն հետ ունեցած մեր  զրոյցի ընթացքին անոնք նկատել տուին, որ սոյն յետմահու ցուցահանդէսը սկիզբն է շարք մը ցուցահանդէսներու, որոնք պիտի կազմակերպուին հետագային` անմահացնելու համար արուեստագէտին յիշատակը: Անոնք յայտնեցին, որ Պէյրութի Արաբական համալսարանը  յետմահու մեծարանքի հանդիսութիւն մը կազմակերպած էր ի պատիւ Զոհրապի, ուր ներկայացուցած էին անոր կենսագրութիւնը, գործունէութիւնը, նաեւ յուշատախտակ մը յանձնած էին արուեստագէտի հարազատներուն:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը բաց է մինչեւ այսօր` շաբաթ, 2 դեկտեմբեր, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13669

Latest Images

Trending Articles



Latest Images

<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>