Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13529

Սեռերու Միջեւ Անհաւասարութեան Վերաբերեալ Վիճակագրական Տուեալներ

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Սեռային հիմքի վրայ բռնութեան դէմ 16-օրեայ արշաւին ծիրին մէջ ստորեւ կը ներկայացնենք աշխարհի վրայ ընկերային բեւեռացումի հիմքերէն մէկը հանդիսացող սեռերուն միջեւ անհաւասարութեան մասին վիճակագրական տուեալներ:

– Աշխարհի տարածքին 62 միլիոն աղջիկներու արգիլուած է ուսում ստանալ:

– Ամէն տարի մօտաւորապէս 15 միլիոն աղջիկներ, որոնք 18 տարեկանը չեն ամբողջացուցած, բռնի ուժով կ՛ամուսնանան, այսինքն` 4 աղջիկներէն մէկը աշխարհի շուրջ, կամ` ամէն վայրկեան 28 աղջիկ:

– 5 անձերէն 4-ը, որոնք ենթարկուած են մարդոց առեւտուրի կամ շահագործման (human trafficking), աղջիկներ են:

– Կիներուն 30 առ հարիւրը, որոնք յարաբերութիւններու մէջ եղած են, տեղեկագրած են, թէ իրենք ենթարկուած են կա՛մ ֆիզիքական, կա՛մ ալ սեռային բռնութեան:

– Ամերիկացի կիները, որոնք կը ծառայեն Իրաքի կամ Աֆղանիստանի մէջ, աւելի հաւանական է, որ բռնաբարումի ենթարկուին իրենց կողքին ծառայող զինուորներուն կողմէ, քան թէ սպաննուին թշնամիին կողմէ:

– Աշխարհի 15-44 տարեկան կիները աւելի սպառնալիքի տակ են բռնաբարութեան, քան` քաղցկեղի, ինքնաշարժի արկածներու, պատերազմի  կամ մալարիայի:

– Ամբողջ աշխարհի տարածքին  խորհրդարաններու անդամներուն միայն 23 առ հարիւրը կիներ են:

– 5 կիներէն մէկը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու համալսարաններուն մէջ կ՛ենթարկուի սեռային բռնութեան:

– Կիներու մէկ երրորդը ամբողջ աշխարհի տարածքին կ՛ենթարկուի սեռային բռնութեան կա՛մ իր բարեկամներուն կողմէ եւ կա՛մ ալ օտարներու:

– Որովհետեւ աշխատող կիները աւելի քիչ կը վճարուին աշխատող տղամարդոցմէն, անոնք ամէն օր մօտաւորապէս 5 ժամ կ՛աշխատին առանց վճարուելու:

– Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները այն երկիրներէն են, ուր չ՛ապահովուիր վճարուած մայրութիւն:

– Աշխարհի տարածքին մօտաւորապէս 781 միլիոն չափահասներ անգրագէտ են, որոնց 2/3-ը կիներ են:

– Հնդկաստանի մէջ, բացի եթէ աղջիկը 15 տարեկանէն վար է, տղամարդու մը եւ իր կնոջ միջեւ բռնի սեռային յարաբերութիւնը չի նկատուիր բռնաբարութիւն:

– Աւելի տղաք կը ծնին, քան աղջիկներ` սեռով պայմանաւորուած ընտրովի վիժումին պատճառով: Ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ մօտաւորապէս 90 միլիոն աղջիկներ մանկասպանութեան ենթարկուած են միայն Հնդկաստանի եւ Չինաստանի մէջ:

– Ֆրանսացի ամուսնացած կիները 1965 թուականին ստացան իրենց իրաւունքը` աշխատելու առանց իրենց ամուսիններու արտօնութեան, իսկ Արեւմտեան Գերմանիոյ մէջ` 1977 թուականին:

– Աւստրալիոյ մէջ մինչեւ 1983 թուական կնոջ մը անցագիրի դիմումնագիրը պէտք էր վաւերացուէր իր ամուսինին կողմէ:

– Եմէնի մէջ կնոջ մը արգիլուած է տունէն դուրս գտնուիլ` առանց իր ամուսինին արտօնութեան:

– Զուիցերիան իր կին քաղաքացիներուն արտօնեց քուէարկել 1971 թուականին:

– Այսօր կիները տղամարդոցմէ 30 առ հարիւր աւելի քիչ առիթներ ունին գործ մը կամ պաշտօն մը ստանձնելու:

– Կիները 17 առ հարիւր աւելի քիչ կը վճարուին տղամարդոցմէ` նոյն գործին համար:

– Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կիները կը կազմեն 52 առ հարիւրը աշխատողներու ընդհանուր թիւին, սակայն անոնց 3 առ հարիւրը միայն ստանձնած է գլխաւոր պաշտօններ:

– 2010 թուականին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Վճռաբեկ բարձրագոյն ատեանը արտօնեց տղամարդոց` ֆիզիքապէս «կրթել» իրենց կիները եւ զաւակները, բայց` առանց որեւէ յայտնի հետք ձգելու մարմինին վրայ:

– Քանի մը երկիրներու մէջ կիներու վաւերական վկայութիւնը, ըստ օրէնքին, տղամարդու վկայութեան կէսն է: Օրինակ` Ալճերիա (ոճրային/եղեռնադատ ատեանի պարագային), Եգիպտոս (Ընտանեկան ատեանի պարագային), Պաղեստին (ամուսնութեան եւ ամուսնալուծումի պարագային) եւ Եմէն (այստեղ երբեք արտօնուած չէ անոնց վկայութիւն տալ շնութեան պարագային):

– Աշխարհի մէջ կիներուն 79,7 առ հարիւրը ստացած է ուսում, իսկ տղոց 88,6 առ հարիւրը (15 տարեկան եւ աւելի):


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13529

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>