Բ. Նորվեկիոյ Ընկերվար-Ժողովրդավար
Մտածողութեան Զարգացման Հոլովոյթը
ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Աշխատաւորական շարժման ակունքները
Նորվեկիան ի սկզբանէ երկրագործական երկիր էր: Անիկա ճարտարարուեստական յեղափոխութենէն առաջ նշանաւոր էր գիւղատնտեսութեամբ, որսորդութեամբ եւ ձկնորսութեամբ: 1840-ական թուականներուն Նորվեկիա մուտք գործեց հիւսուածեղէնի արդիւնաբերութիւնը, որուն շնորհիւ բանուոր դասակարգը ձեւաւորուեցաւ:
27 հոկտեմբեր 1848-ին, ազդուելով Եւրոպայի մէջ ծաւալած յեղափոխական ալիքէն, լրագրող եւ խմբագիր Մարքուս Թրանըն կը հիմնէ «Տրամընի (նաւահանգստային եւ ծովային քաղաք մը, որ կը գտնուի Նորվեկիոյ արեւելեան կողմը) աշխատաւորական միութիւն»-ը, որ կը բաղկանար արհեստաւորներէ ու գիւղացիներէ եւ Նորվեկիոյ առաջին աշխատաւորական կազմակերպութիւնն էր: Աշխատաւորական այս միութեան նպատակներն էին` ընդհանուր քուէարկութիւն (առանց դասակարգային խտրականութեան), բանակի մէջ ծառայութիւն` հասարակութեան բոլոր անդամներուն եւ ցած հարկեր անհրաժեշտ նիւթերու վրայ (ուտեստեղէն եւ այլն): Փետրուար 1851-ին Աշխատաւորական միութեան համագումարը որոշում կու տայ «յեղափոխութեան» սկսելու. այդ որոշումին պատճառով միութիւնը իշխանութիւններուն կողմէ հալածանքի կ՛ենթարկուի: Միութեան 133 անդամներ կը բանտարկուին (ներառեալ` Մարքուս Թրանըն), եւ այսպիսով վերջ կը գտնէ «Թրանընի շարժում»-ը:
Ընկերվար-ժողովրդավարութեան ձեւաւորման տարիները
Յաջորդ տարիներուն կը զարգանայ ճարտարարուեստականացումը` իրեն հետ զարգացնելով նաեւ դրամատիրութիւնը, որ իր կարգին յաւելեալ բանուորներ կը նետէ իր բանտերուն (իմա՛ գործարաններ) մէջ: Բանուորներուն կրած տանջանքին ու զրկանքին վերջ դնելու համար անհրաժեշտ կ՛ըլլայ հիմնել այնպիսի կուսակցութիւն մը, որ պէտք էր կարենար պաշտպանել անոնց իրաւունքները: Եւ ահա 1 մարտ 1885-ին, ազդուելով թէ՛ առարկայական (ճարտարարուեստի զարգացում եւ բանուորներու զրկանք) եւ թէ՛ ենթակայական (ընկերվար- ժողովրդավարութեան տարածում) ազդակներէն, կը հիմնուի Ընկերվար-ժողովրդավարական միութիւնը` Նորվեկիոյ հարաւային դրացիի (Դանիա) ընկերվար-ժողովրդավարական գաղափարներուն ազդեցութեան ներքեւ: Ընկերվար-ժողովրդավարական միութեան ծրագիրը մշակուած էր Դանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական աշխատաւորական կուսակցութեան ծրագիրին (1876) հիման վրայ: Այդ ծրագիրը իր կարգին կը շեշտէ աշխատանքի կարեւորութիւնը` նշելով. «Աշխատանքը հարստութեան եւ մշակոյթին աղբիւրն է: Բոլոր աշխատողները պէտք է արժանանան երկուքին»: Ընկերվար-ժողովրդավարական միութիւնը կը քննադատէ դրամատիրական համակարգը` զայն նկատելով «դժբախտութիւն եւ թշուառութիւն պատճառող», եւ կոչ կ՛ուղղէ ազատագրելու բանուոր դասակարգը` ընկերային հարցի լուծումը տեսնելով «պետութեան օժանդակութեամբ արտադրութեան միջոցներու ժողովրդավարական կառավարումին մէջ»: Ծրագիրը յառաջ կը տանի ընկերային-տնտեսական պահանջներ, ինչպէս` գործարաններուն մէջ բանուորներու ներկայացուցչութիւն, թոշակառութեան, հիւանդութեան եւ անգործութեան ապահովագրութիւններ: Ընկերվար-ժողովրդավարական միութեան հիմնադրութեան եւ ղեկավարման գլխաւոր դէմքն էր Քրիստիան Քնուշընը:
23 օգոստոս 1887-ին Ընկերվար-ժողովրդավարական միութիւնը եւ այլ աշխատաւորական փոքր խմբակներ կը միաձուլուին մէկ, միահամուռ կազմակերպութեան մը մէջ, որ կը կոչուի Նորվեկիոյ Աշխատաւորական կուսակցութիւն, որ կը դառնայ Նորվեկիոյ աշխատաւորներու իրաւունքները պաշտպանող առաջին քաղաքական կուսակցութիւնը: Հիմնադիր ժողովը կը հրապարակէ ծրագիր, որ կը կեդրոնանայ չորս հիմնական կէտերու վրայ` «Ութ ժամուան աշխատանք», «Ընդհանուր քուէարկութիւն», «Անհրաժեշտ նիւթերու վրայ հարկերու ջնջում» եւ «Արհեստակցական միութիւններու ճանաչում` աշխատավայրին մէջ»: 1899-ին Աշխատաւորական կուսակցութեան երաշխաւորութեամբ կը հիմնուի Ազգային կազմակերպութիւնը, որ մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ աշխատաւորներու իրաւունքներուն պաշտպանութեան մէջ, ինչ որ Նորվեկիոյ բարեկեցիկ համակարգի հիմքերէն մէկն է:
Վերատեսութեան եւ մարքսական ուղղափառութեան միջեւ
Նորվեկիոյ Աշխատաւորական կուսակցութիւնը իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրերէն կը հետեւէր մարքսականութեան վերատեսութեան (բարեփոխումներու միջոցով կիրարկել ընկերվարութիւնը) հոսանքին: 1909-ին Աշխատաւորական կուսակցութիւնը կը հրապարակէ իր նոր ծրագիրը, որ հակառակ իր նախորդ տարբերակին, ստացած էր գաղափարաբանական բնոյթ: Այդտեղ կուսակցութիւնը կ՛արտայայտուի իբրեւ «աշխատաւոր դասակարգը ազատագրող եւ առաջնորդող» քաղաքական ուժ, որ` «կը ձգտի հողը, աշխատանքի եւ հասարակական գործիքները յանձնել հանրութեան, արտադրութեան միջոցները` հասարակութեան, ինչպէս նաեւ կը նպատակադրէ, որ պետութիւնը ստանձնէ ընկերային պարտաւորութիւն, որ եկամուտի արդի վերաբաշխումն է»: Երեք տարի ետք (1912-ին) կուսակցութեան գաղափարախօսութեան մէջ ուղղակիօրէն կը նշուի եւ կը ներկայացուի հետեւեալը. «Ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը պիտի ջնջէ դասակարգային իշխանութիւնը եւ տնտեսապէս ու հոգեպէս պիտի ստեղծէ ազատութիւն բոլորին համար: Ան պիտի կերտէ հասարակական համակարգ մը, որ ամէն մարդու անկախութեան եւ ինքնուրոյն պատասխանատուութեան ճամբայ պիտի բանայ»:
1913-ին Աշխատաւորական կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան աջակցութեամբ ազատական կառավարութիւնը կ՛ընդունի հաւասար քուէարկութեան իրաւունքը` իբրեւ պետական օրէնք, եւ Նորվեկիան կը դառնայ առաջին պետութիւններէն մէկը, որ կիներուն կ՛ապահովէ քուէարկութեան իրաւունք: 1919-ին, դարձեալ Աշխատաւորական կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան աջակցութեամբ, խորհրդարանը կ՛ընդունի ութժամեայ աշխատանքային օրուան դրութիւնը:
1917-ին Ռուսիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ Հոկտեմբերեան (պոլշեւիկեան) յեղափոխութիւնը, որ իր մեծ ազդեցութիւնը կ՛ունենայ Նորվեկիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան վրայ: Կուսակցութեան մէջ կը զօրանայ ուղղափառ մարքսական հոսանքը, եւ անիկա կը սկսի ապրիլ գաղափարաբանական ճգնաժամի ժամանակաշրջան: 1918-1923 թուականներուն կուսակցութեան ղեկավարութիւնը կը ստանձնէ ուղղափառ մարքսական թեւը, եւ Աշխատաւորական կուսակցութիւնը կը դառնայ Եւրոպայի միակ ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւնը, որ կ՛անդամակցի «Համայնավար միջազգայնական»-ին: Այս քայլէն ետք, կուսակցութեան վերատեսական թեւը կ՛անջատուի եւ 1921-ին կը հիմնէ Ընկերվար-ժողովրդավարական աշխատաւորական կուսակցութիւնը, որ կը գործէ մինչեւ 1927, երբ կը վերամիանայ Աշխատաւորական կուսակցութեան: Երբ 1923-ին աշխատաւորականները կը հեռանան «Համայնավար միջազգայնական»-էն, ուղղափառ մարքսականները կ՛անջատուին եւ կը հիմնեն Նորվեկիոյ Համայնավար կուսակցութիւնը:
Եւրոպայի ամէնէն աղքատ պետութենէն դէպի աշխարհի
ամէնէն հարուստ պետութիւններէն մէկը
1920-ականներու իր համայնավարական քաղաքականութիւններուն պատճառով Աշխատաւորական կուսակցութիւնը կորսնցուց իր ժողովրդականութիւնը: Ասիկա պատճառ դարձաւ նաեւ, որ ան ձախողի շահիլ ջախջախիչ մեծամասնութիւն կամ որեւէ կուսակցութեան հետ համախմբական կառավարութիւն կազմել: 1929-էն սկսեալ Նորվեկիան ազդուեցաւ աշխարհի մէջ տիրած տնտեսական «Մեծ ճգնաժամ»-էն, որ պատճառ դարձաւ կրկնապատկելու անգործութեան, աղքատութեան եւ երեխաներու աշխատանքի համեմատութիւնը: 1933-ին աշխատաւորականներու ղեկավարութիւնը (ոչ պաշտօնապէս) կը ստանձնէ Եոհան Նիկարշուոլը: Նիկարշուոլ մեծ դերակատարութիւն կ՛ունենայ Աշխատաւորական կուսակցութիւնը դէպի չափաւոր ընկերվար-ժողովրդավարութիւն մղելու եւ քէյնզեան տնտեսութիւնը որդեգրելու մէջ: 1933-ին աշխատաւորականները կը հրապարակեն իրենց նոր ծրագիրը, ուր կ՛արտայայտուին իբրեւ «աշխատաւոր դասակարգի խօսնակներ» եւ «կը ձգտին վերջ դնել դրամատիրական շահագործումին եւ անոր փոխարէն` կերտել ընկերվար, անդասակարգ ընկերութիւն մը»: Աշխատաւորական կուսակցութեան չափաւորական ծրագիրը առիթ կու տայ իրեն համագործակցելու ազատական Գիւղացիական կուսակցութեան հետ (այսօր կը գործէ Կեդրոնի կուսակցութիւն անունով)` նշանաբան ունենալով «Քաղաք եւ գիւղ ձեռք-ձեռքի» կարգախօսը: Նիկարշուոլի կառավարութիւնը կը գործէ միայն հինգ տարի (մինչեւ 1940)` նացիական գրաւման պատճառով:
Նիկարշուոլի կառավարութիւնը կը հրապարակէ «Արտակարգ վիճակներու ծրագիր» մը, որ կը բովանդակէր` դրամատուներու եւ անձնական սեփականատիրուած ընկերութիւններու հսկողութիւն, արհեստակցական միութիւններու դերակատարութեան ճանաչում` աշխատավայրերուն մէջ, դրամական օժանդակութեան ապահովում` անգործներուն, թոշակառութեան ապահովում եւ ձրի կրթութեան իրաւունք բոլոր երեխաներուն: «Արտակարգ վիճակներու ծրագիր»-ը կը յաջողի Նորվեկիան դուրս բերել ճգնաժամէն, բայց դժբախտաբար 1940-ին նացիներու գրաւումը կիսատ կը ձգէ ընկերային եւ տնտեսական բարեփոխումներու ծրագիրը:
Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք (1945) Աշխատաւորական կուսակցութիւնը կը յաղթէ ընտրութիւններուն եւ կը ղեկավարէ Նորվեկիան աւելի քան 40 տարի (1945-1981) անընդմէջ. յետպատերազմեան առաջին կառավարութեան վարչապետութիւնը կը ստանձնէ Էյնար Կերհարշընը (1945-1965). Կերհարշըն ո՛չ միայն կը բարձրացնէ հարկերը անձնական սեփականատիրուած ընկերութիւններու վրայ, այլ նաեւ աւելի արմատական միջոցներու կը դիմէ: Ան կը պետականացնէ ջրելեկտրականութեան բնագաւառը, մեծ գումարներ կը հայթայթուին առողջապահութեան, եւ գիւղատնտեսութենէն դէպի ճարտարարուեստական տնտեսութեան անցումի ծրագիր մը կը սկսի կիրարկուիլ, ինչ որ Նորվեկիան կը դարձնէ զարգացած ճարտարարուեստական պետութիւն: Կերհարշըն կը դառնայ Նորվեկիոյ վերաշինման եւ զարգացման հայրը: Անոր շնորհիւ` Նորվեկիան կը դառնայ աշխարհի ամէնէն հարուստ պետութիւններէն մէկը, եւ այդ պատճառով ալ ան կը ստանայ «Ազգի հայր» մակդիրը: 1972-ին Կերհարշընին յաջորդած Թրիւկուէ Պրաթելիի կառավարութիւնը կը պետականացնէ քարիւղի բնագաւառը եւ անոր եկամուտը կը տրամադրէ ընկերային ապահովագրութեան:
Նորվեկիոյ Աշխատաւորական կուսակցութիւնը նաեւ որոշ ազդեցութիւն մը կը կրէ «նոր ձախ»-ի գաղափարներէն. 1978-ին Ուտուար Նուրլիի կառավարութիւնը կ՛օրինականացնէ վիժումը: 1981-ին Նորվեկիան կ՛ունենայ իր առաջին կին վարչապետը` Կրու Հարլըմ Պրունլանը, որ հինգ տարի ետք (1986-ին) կը կազմէ կառավարութիւն մը, որ աշխարհի մէջ կը դառնայ յաջող փորձ` սեռային հաւասարութեան ծիրին մէջ, որովհետեւ 18 նախարարներէն 8-ը կը պատկանէին իգական սեռին: Նոյն տարուան ընթացքին կառավարութիւնը կը պետականացնէ ջուրէն ուժանիւթ արտադրելու (hydropower) մարզը:
Կանգ առնենք 1981-ի ծրագիրին վրայ, որ մինչեւ օրս կը հանդիսանայ Նորվեկիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան սկզբունքային փաստաթուղթը: Աշխատաւորականները, ըստ այս ծրագիրին, ժողովրդավար-ընկերվարական կուսակցութիւն են, անոնք կը ձգտին «զարգացնել ընկերութիւնը` ընկերվարական ուղղութեամբ: Հասարակութիւն մը, մեծագոյն ազատութեամբ եւ ժողովրդավարութեամբ` հիմնուած ըլլալով բոլոր անհատներուն եւ հաւաքականութիւններուն միջեւ հաւասարութեան վրայ»: Աշխատաւորական շարժումը, ըստ ծրագիրին, ազատագրական շարժում է: Ըստ այս ծրագիրին, ազատութիւնը կ՛իմաստաւորուի, երբ իւրաքանչիւր անհատ առիթը կ՛ունենայ իրականացնելու իր երազները: «Ժողովրդավարութիւնը ինքնին ընկերվարութեան նպատակն է», կը նշէ ծրագիրը` աւելցնելով. «Բոլոր մարդիկ հաւասար արժէք ունին` ըստ ընկերվարութեան»: Շարունակելով ժողովրդավարութեան վրայ իր կեդրոնացումը` ծրագիրը կ՛ընդգծէ. «Մենք պիտի ստեղծենք հասարակական հիմնարկութիւններ, ուր մարդիկ կրնան զարգացնել իրենց մասնակցութեան կարողութիւնը ժողովրդավարական զարգացումներուն մէջ»:
Երրորդ ուղիի ձախող փորձ մը
1996-ին Թորպիորն Եակլանտը կը ստանձնէ Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավարութիւնը` փոխարինելով Պրունլանը: Այս անգամին, սակայն, միայն անձի փոխարինում չ՛ըլլար, այլ նաեւ` գաղափարներու: Եակլանտը ազդուած էր այդ ժամանակ «երրորդ ուղի» ընկերվար-ժողովրդավարական հոսանքէն, որ կը ձգտէր հաշտեցում կատարել նոր-ազատականութեան հետ: «Նորվեկեան տուն» նշանաբանով Եակլանտը աշխատաւորականներու գաղափարներու արդիականացման փորձ կը կատարէ` ազդուելով Թոնի Պլերի «Նոր աշխատաւոր» կեդրոնամէտ քաղաքականութիւններէն: «Նորվեկեան տուն»-ը իր մէջ կ՛ընդգրկէր` բնապահպանութեան որդեգրում, ձեռնարկութիւններու աջակցութիւն, ընկերային բարեկեցութեան զարգացում, մոլութիւններու (ալքոլ, թմրեցուցիչ եւ ոճիր) դէմ պայքար եւ միջազգային համագործակցութեան զօրացում: Եակլանտը նաեւ ցանկութիւն կը յայտնէր համագործակցելու պահպանողականներուն հետ` իրականացնելու համար իր քաղաքականութիւնները:
Աշխատաւորականներուն մէջ բարեփոխումները աւելի առջեւ կ՛երթան Ենս Սթոլթընպըրկի ղեկավարութեան առաջին տարուան (2000-2001) ընթացքին, երբ ան առաջին անգամ ըլլալով կը կատարէ լայնատարած սեփականաշնորհում` քանի մը պետութիւններու կողմէ սեփականատիրուած ընկերութիւններու: Այդ քայլերուն շնորհիւ Սթոլթընպըրկ կը ստանայ «Նորվեկեան Թոնի Պլեր» մակդիրը: Սեփականաշնորհման քայլերը հակաժողովրդական կ՛ըլլան թէ՛ աշխատաւորական շարքերուն մէջ եւ թէ՛ Նորվեկիոյ հանրութեան մօտ ու պատճառ կը դառնան 2001-ի ընտրութիւններուն աշխատաւորականներու պարտութեան` իրենց պատմութեան մէջ ամէնէն նուազ տոկոսով (քուէներուն 24 առ հարիւրը շահելով միայն):
Վերադարձ աշխատաւորական արմատներուն
2001-ի ընտրութիւններու ցաւալի պարտութենէն ետք Սթոլթընպըրկ կը հրաժարի երրորդ ուղիի քաղաքականութիւններէն եւ ետ կը մղէ Աշխատաւորական կուսակցութիւնը դէպի քէյնզեան կեդրոն-ձախ ընկերվար-ժողովրդավարութիւն: 2005-ին աշխատաւորականները կառավարական դաշինք կը կազմեն արմատական ձախ Ընկերվար ձախ կուսակցութեան եւ ազատական Կեդրոնի կուսակցութեան հետ` «Կարմիր-կանաչ» (առաջին գոյնը կը խորհրդանշէ աշխատաւորականները եւ ընկերվար ձախերը, իսկ երկրորդը` կեդրոնը) անունով: Դաշինքը կը գոյատեւէ մինչեւ 2013:
«Կարմիր-կանաչ»-ի կառավարութիւնը կը դիմագրաւէ միջազգային ֆինանսական ճգնաժամը, զոր կը յաղթահարէ, երբ կը վերահաստատէ յառաջատուական հարկային քաղաքականութիւնը (բարձր եկամուտ ունեցող ընկերութիւնները բարձր հարկեր կը վճարեն, իսկ հակառակը` ցած եկամուտներ ունեցող ընկերութիւններուն պարագային), որուն գումարները կը տրամադրուին անգործներուն դրամական օժանդակութեան ապահովումին եւ աշխատանքային շուկային մէջ գործ հայթայթելու, նաեւ դէմ կը կանգնի կրթութեան եւ առողջապահական մարզերու սեփականաշնորհման հոլովոյթին: Այսպիսով, Նորվեկիան դուրս կ՛ելլէ միջազգային ֆինանսական ճգնաժամէն` Եւրոպայի մէջ իբրեւ ամէնէն նուազ անգործութեան տոկոս ունեցող պետութիւնը: