ԱՐՓԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ-ԿՈՍՏԱՆԵԱՆ
Սիրելի՛ Սիմոն,
Յանկարծակի եւ արագ մեկնեցար մեզմէ: Բոլորս միասնաբար ունէինք այնքան անցեալի յիշատակներ, որոնք դրոշմուած կը մնան մեր հոգիներուն եւ մտքերուն մէջ: Իսկական բեմադրիչ ծնած էիր, պատանի տարիքիդ քու ներաշխարհդ լեցուն էր թատերական գործերով միայն: Արդէն 1961 թուականէն սկսած էիր զանազան ներկայացումներ պատրաստել: Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանի լսարանական միութեան օրերուն, առանց վարանելու, թատերական խումբ մը ստեղծեցիր` շուրջդ հաւաքելով ատակ աշակերտներ, ներկայացնելու համար զանազան թատրերգութիւններ: «Վասպուրական» սրահը տրամադրուած էր փորձերու: Ձեռնարկին բոլոր աշխատանքները` թարգմանութիւն, բեմադրութիւն, բեմայարդարում, դիմայարդարում, զգեստներ, կը կատարուէին աշակերտներու կողմէ: Վահէ Էմմիեանը, Վարդգէս Նարկիզեան եւ Յասմիկ Սիւրմէլեանը քու կողքիդ կ՛աշխատէին: 1966-էն մինչեւ 1969 տարիներուն ներկայացուցիր Յակոբ Պարոնեանէն, Լապիշէն, Ֆլեչըրէն եւ ուրիշներէ: Բոլորս ալ կը յիշենք այդ հաճելի պահերը, զորս անցուցած ենք միասնաբար` փորձերու ժամանակ: Ծնողները միշտ կը քաջալերէին մեր կատարած աշխատանքները եւ ներկայ կը գտնուէին ներկայացումներուն:
1970-ին Վարդգէսին հետ ներկայացուցինք ձեր իսկ կողմէ գրուած «Արա գեղեցիկ» թատրերգութիւնը` կրկին ճեմարանի աշակերտներով. «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ: Քու երազդ էր քանդել այն պատը, որ կը գտնուէր դերասանին եւ հանդիսատեսին միջեւ: Արդէն յաջորդ տարին մեկնեցար Պրիւքսել` բեմադրութիւն ուսանելու եւ մասնագիտանալու այդ մարզին մէջ:
Սիրելի՛ Սիմոն, քու թատերական ցուպին ներքեւ դերակատարներդ պատիւն ու հաճոյքը ունեցան վայլելու քեզ: Անոնց մէջ դուն կարողացար արթնցնել դերասանութեան սէրը, որպէսզի ապագային շարունակեն տարբեր խումբերու մէջ:
Կը յիշե՞ս, որ երաժշտական խումբ մըն ալ ստեղծեցիք` «The college Boys» անունով, ճեմարանի դասընկերներով: Դուն խումբին թմբկահարն էիր, Վահէն` սոլօ կիթառ, Վարդգէսը` պէյս կիթառ, Աբրոն` երգիչ, իսկ Մինասը` ռիթմ կիթառ: Ուր որ նուագէիք, դասարանի աղջիկները ներկայ կ՛ըլլային, հաւաքելու եւ դասաւորելու պաշտօնը կը ստանձնէին:
Ազատ ժամերու անպայման պլոթ պէտք էր խաղայինք: Այնքան հաճոյքով կը խաղայինք, որ ժամանակը արագ կը սահէր: Գիտե՞ս, Սիմո՛ն, շատ համերաշխ դասարան մը եղած ենք, միասնաբար որոշած ենք մեր կատարելիք աշխատանքները:
Սիրելի՛ Սիմոն, կեանքի թատրոնի դիմակները երգիծանքով համեմուած համտեսեցինք քու բեմական արուեստի շնորհքներուդ ընդմէջէն, միայն ամենավերջին արարը, երկինքի բեմերէն դիտուած… մահդ ալ կատակ մըն էր կարծես… առանց ծափողջոյններով:
Յիշատակդ միշտ վառ պիտի մնայ, սիրելի՛ դասընկեր: