Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13503

Լիբանանի Աղբերու Հարցը Գիտական Ու Տրամաբանական Լուծում Կրնա՞յ Ունենալ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ

Աղբերու հարցը բնականաբար իր տրամաբանական եւ գիտական լուծումը ունի, միայն թէ պատասխանատու անձնաւորութիւններ եւ պատկան մարմիններ պէտք է յաղթահարեն ենթակայական պատրուակները:

Իրարմէ անջատելով աղբերը` ժողովուրդը կը հանդիսանայ առաջին օղակը վերամշակման շղթային եւ կը նպաստէ կայուն զարգացման:

Հակառակ Լիբանանի մէջ վերամշակման վերաբերեալ անձնական կարգ մը յաջողութիւններու` այդ մարզը կարելի չէ եղած անհրաժեշտ մակարդակի հասցնել հաւաքական ձեւով:

Մետաղէ աղբերը աւելի կ՛արտածուին, քան կը վերամշակուին

Medagh_9-12-15

Մետաղէ աղբերը մաս կը կազմեն Լիբանանի մէջ ամէնէն շատ հաւաքուած աղբերուն, բայց միայն փոքր քանակ մը կը վերամշակուի: «Քֆուրի մետաղներ» ընկերութիւնը միակն է, որ կը վերամշակէ հին երկաթեղէնը` զայն վերածելով երկաթէ ձողերու, որոնք կ՛օգտագործուին շինարարական ընկերութիւններու կողմէ: Այլ երկու աւելի փոքր ընկերութիւններ` «Ձուլարան Լիբանան» եւ «Ձուլարան Յովհաննէս Գասարճեան» կը հալեցնեն վերամշակուած նիւթերը` շինելով իրեր քաղաքապետութիւններուն համար, զարդարանքներ եւ այլն:

«Լիբանան Ձուլարան»-ը կը վերամշակէ մետաղները 1926-էն ի վեր

Այս ընկերութիւնը հիմնուած է 1926-ին եւ կը գործէ Ռումիէ շրջանին մէջ: Ան կը վերամշակէ մետաղները հաւաքուած աղբերէն` արտադրելու համար տարբեր իրեր, որոնք կ՛օգտագործուին ճարտարապետական եւ շինարարական աշխատանքներու մէջ, ինչպէս` կոյուղիներու կափարիչներ, նստարաններու ոտքեր, նաեւ` ինքնաշարժի փոխնորդ կտորներ, ջուրի խողովակներ, կամ` զարդարանքներ (ճամբաները լուսաւորող սարքեր, արձաններ…): Այս ընկերութիւնը ամէն տարի կը հաւաքէ 800 թոն երկաթ, 150 թոն ալիւմինիոմ եւ 80 թոն պղինձ: Օժտուած 6 յատուկ հնոցներով, ընկերութիւնը վերջին 10 տարուան ընթացքին ծախսած է մօտաւորապէս 1,5 միլիոն տոլար` նորոգելու համար իր մեքենաները եւ հնոցներու մասերը: 20 տարիէ ի վեր ընկերութիւնը կ՛օգտագործէ ֆրանսական «Air Liquide» ընկերութեան յատուկ վերամշակման ձեւը, որուն շնորհիւ կը խնայէ ուժանիւթը եւ կը մրցի կարգ մը երկիրներու հետ, որոնց շարքին` Չինաստան: «Լիբանան ձուլարան»-ը միայն մէկ մրցակից ունի` «Ձուլարան Յովհաննէս Գասարճեան»-ը, որ իր արտադրութեան 90 առ հարիւրը կը ծախէ տեղական շուկային մէջ` ճարտարագիտական ընկերութիւններու, Սոլիտերին` քաղաքապետական իրեր, շինարարական տարբեր ընկերութիւններու: Մնացեալ 10 առ հարիւրը կ՛արտածուի արաբական երկիրներ, յատկապէս` Ծոցի երկիրներ:

Ապակիի վերամշակում. Տակաւին ծնունդի հանգրուանին մէջ

abagi_9-12-15

«Մալլիպան» ընկերութիւնը իսրայէլեան բանակի ռմբակոծումին ենթարկուելէ ետք, ապակիի վերամշակման մարզը չվերականգնեցաւ: Այս ընկերութիւնը կը վերամշակէր լիբանանեան աղբերէն հաւաքուած սրճագոյն եւ կանաչ ապակիներուն 80 առ հարիւրը կը վերածէր գարեջուրի շիշերու` «Ալմազա» ընկերութեան համար, կամ գինիի շիշերու` Պեքաայի արտադրողներուն համար: «Մալլիպան» ընկերութեան հնդիկ ներդրողը չփափաքեցաւ 40 միլիոն տոլարի ներդրում կատարել` վերանորոգելու գործարանը, որ փակեց իր դռները: 2006-էն ի վեր տարեկան 71 միլիոն սրճագոյն եւ կանաչ շիշեր կը թափին աղբին մէջ: Այժմ միայն երեք ընկերութիւններ ապակիի վերամշակումով կը զբաղին, բայց միայն «Սոլիտեր» ընկերութիւնը ամենամեծն է եւ իր գլխաւոր յաճախորդներն են` «Ինթըրպրենտ», «Լիպանճիւս», «Փեփսի»: «Արքանսիել» ոչ կառավարական ընկերութեան աղբերու կարգաւորման ծրագիրի պատասխանատու Քրիստ Տէր Սարգիսեան նշեց, որ ապակիի վերամշակման մարզը շատ քիչ զարգացած է Լիբանանի մէջ, տրուած ըլլալով, որ ապակիի ձուլումը բարձր ջերմաստիճանի վրայ շատ ուժանիւթ կը սպառէ եւ շատ ծախսալից է լիբանանեան բեմին վրայ: Այն ընկերութիւնները, որոնք սրճագոյն կամ կանաչ ապակի կ՛օգտագործեն, ստիպուած են ներածել: Իսկ գինիի արտադրողները շիշեր կը ներածեն Եւրոպայէն, իսկ «Ալմազա»-ն` Եգիպտոսէն կամ Սէուտական Արաբիայէն:

 

Աղբերու հարցը աշխարհի մէջ համատարած տագնապ է: Ստորեւ` տարբեր երկիրներէ նկարներ… մեր մեկնաբանութեամբ… 

 

 Վե՜ր, դէպի գագաթը

Վե՜ր, դէպի գագաթը

Obama-1_9-12-15

Աղբի պահւըտո՞ւք...

Աղբի պահւըտո՞ւք…

 

 

 

 

 

Իտալական պար

Իտալական պար

 

aghp-tidel_9-12-15

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Մի՛ մտահոգուիր, ծուխը ամէն ինչ կը ծածկէ

Մի՛ մտահոգուիր, ծուխը ամէն ինչ կը ծածկէ

Tsanel-1_9-12-15

 

 

 

 

 

 

 

 

Hntsel-2_9-12-15

«Ինչ որ ցանես, այն կը հնձես»

Աղբերու նաւապտոյտ

Աղբերու նաւապտոյտ

 

 

 

 

 

 

gov_9-12-15krasenyag_9-12-15

 

 

 

 

 

 

«Աղբերը նուազեցնելու համար տնտեսական աճը կանգ պէտք է առնէ»

 

«Զգուշ քալեցէք փողոցը եւ շուկան»

«Զգուշ քալեցէք փողոցը եւ շուկան»


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13503


<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>