Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Սկանտինաւեան Ընկերավար-Ժողովրդավարութիւն. Ա. Դանիոյ Ընկերվար-Ժողովրդավարական Մտածողութեան Զարգացման Հոլովոյթը

$
0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Սկանտինաւեան պետութիւնները (Դանիա, Շուէտ եւ Նորվեկիա) ծանօթ են իրենց զարգացած ճարտարարուեստական տնտեսութեամբ, որ պատճառ դարձած է, որ անոնք դառնան աշխատաւորական եւ ընկերվար-ժողովրդավարական շարժման ներթափանցման ամէնէն կարեւոր աղբիւրները, իսկ գործնական գետնի վրայ` ընկերային բարեկեցութեան ամէնէն յաջող օրինակները:

Ստորեւ պիտի ներկայացնենք սկանտինաւեան ընկերվար-ժողովրդավարական շարժումները` սկսելով դանիականէն: Շատերը պիտի հարցնեն, թէ ինչո՞ւ դանիականէն: Պատասխանը յստակ է. անիկա է երեք սկանտինաւեան պետութիւններէն անդրանիկը, ուր ձեւաւորուեցաւ ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը թէ՛ տեսական, թէ՛ կազմակերպական եւ թէ՛ գործնական առումներով:

Դանիոյ Ընկերվար-Ժողովրդավարութեան Սկզբնական

Դանիան, ըլլալով Գերմանիոյ հիւսիսային դրացին, մէկ կողմէ ազդուած է հոն հիմնուած աշխարհի առաջին ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան (Գերմանական բանուորներու ընդհանուր կազմակերպութիւն, հիմնուած` 1863-ին) գաղափարներէն, իսկ միւս կողմէ ալ` Ֆրանսայի մէջ 1871-ին տեղի ունեցած «Փարիզի կոմունա»-էն, եւ վերջապէս` միջազգային գետնի վրայ հիմնուած «Բանուոր տղամարդոց միջազգային կազմակերպութենէն», կամ ինչպէս որ ծանօթ է «Առաջին միջազգայնական»անունով, որ դարձաւ միջազգային գետնի վրայ աշխատաւորական եւ ընկերվարական ուժերը համախմբող առաջին կառոյցը:

1871-ին դանիացի ընկերվարական տեսաբաններ, Լուիս Փիոյի գլխաւորութեամբ, հիմը կը դնեն սկանտինաւիոյ առաջին ընկերվար-ժողովրդավարական կազմակերպութեան` «Յանուն Դանիոյ միջազգային աշխատաւորական կազմակերպութիւն» անունով, որ ծանօթ էր նաեւ «Բանուոր տղամարդոց միջազգային կազմակերպութեան Դանիոյ հատուած» անունով:

1872-ին «Յանուն Դանիոյ միջազգային աշխատաւորական կազմակերպութիւն»-ը կը հրապարակէ իր առաջին ծրագիրը: Այս ծրագիրը շատ սահմանափակ էր եւ կեդրոնացած էր  քանի մը պահանջներու վրայ, որոնք են` անուղղակի հարկերու ջնջումը, հաւասարութիւն բոլորին միջեւ` օրէնքին առջեւ, ձրի ուսում, եկեղեցիի եւ պետութեան անջատում եւ խաղաղասիրական արտաքին քաղաքականութիւն:

Դանիոյ մէջ արդիւնաբերական արտադրութեան զարգացումը եւ դրամատիրական համակարգէն բանուորներուն կրած տանջանքն ու զրկանքը լաւագոյն առիթ եղան, որ նորաստեղծ ընկերվար-ժողովրդավարական կառոյցը աճի բանուորական շրջանակներուն մէջ: Իր հիմնադրութենէն մէկ տարի ետք ընկերվար-ժողովրդավարական շարժումին շարքերը մեծ վտանգ հանդիսացան իշխող դրամատիրական համակարգին. 1 մայիս  1872-ին` Աշխատաւորներու միջազգային օրուան առիթով տեղի ունեցած մեծ ցոյցերը սարսափ պատճառեցին ազատ-շուկայական տնտեսութիւն որդեգրող կառավարութեան, որ իր կարգին ճնշումի ենթարկեց ընկերվար-ժողովրդավարական շարժումը` բանտարկելով կազմակերպութեան մտաւորական տարրերը:

1876-ին Դանիոյ աշխատաւորական շարժումը վերանորոգման ժամանակաշրջան մը կ՛ապրի: Առաջին` կուսակցութիւնը կը փոխէ իր «սահմանափակ» ծրագիրը` աւելի ընդլայնուած եւ հասարակական ենթակայական ու առարկայական պայմանները վերլուծող (մարքսական հիմքի վրայ) մօտեցումով մը, երկրորդ` շարժումը իր անունը կը փոխէ` «Յանուն Դանիոյ միջազգային աշխատաւորական կազմակերպութենէն» վերածուելով Դանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական աշխատաւորական կուսակցութեան: Այստեղ Կ՛արժէ քիչ մը  կեդրոնանալ ծրագիրին վրայ: Այդ ծրագիրը ազդուած էր Գերմանիոյ Ընկերվար- ժողովրդավարական կուսակցութեան ծրագիրէն (որդեգրուած` 1875-ին): Ծրագիրը կը շեշտէ աշխատանքին կարեւորութիւնը` ըսելով. «Աշխատանքը հարստութեան եւ մշակոյթի աղբիւրն է: Բոլոր անոնք, որոնք կ՛աշխատին, պէտք է արժանանան այդ երկուքին»: Անիկա կը քննադատէ դրամատիրական համակարգը` զայն նկատելով «դժբախտութեան եւ թշուառութեան պատճառ» եւ կոչ կ՛ուղղէ ազատագրելու բանուոր դասակարգն ու ընկերային հարցին լուծումը կը տեսնէ «պետութեան օժանդակութեամբ` արտադրութեան միջոցներու ժողովրդավարական կառավարումով»: Ծրագիրը յառաջ կը քշէ ընկերային-տնտեսական պահանջներ, ինչպէս` գործարաներուն մէջ բանուորներու ներկայացուցչութիւն, թոշակառութեան, հիւանդութեան եւ անգործութեան ապահովագրութիւն:

Աճման Տարիներ 

1884-ին ընկերվար-ժողովրդավարները (կուսակցութեան անունը կը փոխուի Դանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական աշխատաւորական կուսակցութենէն` Ընկերվար- ժողովրդավարներու, որ մինչեւ օրս կը գործածուի) կը մտնեն Դանիոյ խորհրդարան, որ մեծ առիթ կու տայ անոնց գործադրելու իրենց ծրագիրը` օրէնսդրական գետնի վրայ:  Խորհրդարան մուտք գործելուն կը յաջորդէ «Ազգային կազմակերպութեան» (1898) հիմնումը: «Ազգային կազմակերպութիւն»-ը արհեստակցական միութիւններու կեդրոնական մարմին մըն է, որ հիմնուեցաւ ընկերվար-ժողովրդավարներու հովանաւորութեամբ եւ հետագային մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ աշխատաւորներու իրաւունքներուն հետապնդման իմաստով, ինչ որ Դանիոյ բարեկեցիկ համակարգին հիմքերէն մէկն է: «Ազգային կազմակերպութիւն»-ը իր հիմնադրութենէն մէկ տարի ետք (1899) արդիւնաբերական աշխարհին արհեստակցական միութիւններու մեծագոյն մարմինը կը դառնայ եւ կը յաջողի գործարանատէրերուն ստիպել, որ ճանչնան արհեստակցական միութիւններու ներկայութիւնը գործարաններուն մէջ: Դանիոյ մէջ կը տարածուի նաեւ ընկերվար-ժողովրդավարական գրականութիւնը. 1874-ին «Ընկերվար-ժողովրդավարութիւն» պաշտօնաթերթը կը դառնայ Դանիոյ մէջ ամէնէն շատ կարդացուած պարբերաթերթը, իսկ 1890-ականներուն կը հիմնուին տեղական ընկերվար-ժողովրդավարական օրաթերթեր:

1913-ին ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւնը կը հրապարակէ իր նոր ծրագիրը: Այդ ծրագիրը աւելի հիմնուած էր վերլուծումներու վրայ, բայց այս անգամ ոչ թէ մարքսական ուղղափառութեան, այլ` մարքսականութեան վերատեսութեան հիմքին վրայ: Ծրագիրը դրամատիրական անձնական սեփականատիրութիւնը կը տեսնէր իբրեւ «քաղաքական անկայունութիւն, ընկերային անհաւասարութիւն, ազգերու միջեւ բաժանում եւ ժողովուրդներուն մէջ թշուառութիւն» պատճառող երեւոյթ: Ընկերվար-ժողովրդավարները իրենց գլխաւոր գործը կը նկատեն «դրամատիրական անձնական սեփականատիրութեան ջնջումը եւ անոր փոխարէն ընկերվարական ընկերութեան կերտումը` բանուորներու ղեկավարութեամբ», եւ այդ ընկերվարական ընկերութիւնը պիտի դառնայ «ամէն տեսակի շահագործման, զրկանքի եւ ընկերային անհաւասարութիւն հաստատող երեւոյթի դէմ դնողը»: Դանիացի ընկերվար-ժողովրդավարները միջազգային գետնի վրայ կոչ կ՛ուղղեն բանուոր դասակարգին` պայքար մղելու լիիրաւօրէն ազատագրելու մարդկութիւնը`  առանց սեռի, ցեղի կամ ազգային խտրութեան: Ծրագիրը կոչ կ՛ուղղէ պետականացնելու տնտեսական մենաշնորհներն ու ընկերային ծառայութիւնները:

1910-ին ընկերվար-ժողովրդավարներուն ղեկավարութիւնը կը ստանձնէ չափաւոր գիծի հետեւորդ Թորվալ Սթաունինկը, որուն գործնապաշտութեան հիման վրայ ընկերվար- ժողովրդավարները կը յաջողին յառաջ տանիլ իրենց ծրագիրի որոշ կէտեր` Ընկերային-ազատական կուսակցութեան աջակցութեամբ: 1909-1910, 1913-1918 եւ 1918-1920 թուականներուն ընկերային-ազատականները կառավարութիւն կը կազմեն` ընկերվար- ժողովրդավարներու խորհրդարանական խմբակցութեան աջակցութեամբ: Ընկերվար- ժողովրդավարներու ծրագիրէն բազմաթիւ կէտեր կ՛իրականանան, օրինակ` Համաշխարային Ա. պատերազմին (1914-1918) Դանիան չի մասնակցիր եւ 1915-ին իւրաքանչիւր դանիացի քաղաքացի` առանց սեռի կամ դասակարգի խտրութեան, կը ստանայ քուէարկելու իրաւունք: Մինչ այդ Սթաունինկի վարած չափաւորական քաղաքականութիւնները չեն գոհացներ կուսակցութեան մէջ «ուղղափառ մարքսական» հոսանքին հետեւորդները, որոնք իրենց կարգին 1919-ին կը հեռանան ընկերվար ժողովրդավարներէն եւ կը հիմնեն Դանիոյ Համայնավար կուսակցութիւնը:

Կառավարութեան մէջ ազդեցիկ մեծ դեր ունենալէ ետք, 1924-ին ընկերվար-ժողովրդավարները Դանիոյ մէջ կը կազմեն իրենց առաջին կառավարութիւնը եւ աշխարհին կը ներկայացնեն առաջին կին նախարարը` Նինա Պենկը, որ դարձաւ կրթութեան նախարար:

Բանուորական Կուսակցութենէն`
Ժողովրդային Կուսակցութիւն

1929-էն սկսեալ մինչեւ 1942 ընկերվար ժողովրդավարները կը մնան կառավարութեան գլուխը: Նոյն այդ տարիներուն Դանիա լուրջ հարցեր կը դիմագրաւէ. մէկ կողմէ անգործութիւն եւ աղքատութիւն, իսկ միւս կողմէ` քաղաքական երկու թեւերու (ձախ եւ աջ) ծայրայեղութիւն: 23 մայիս 1934-ին, իրենց ընդհանուր ժողովին ընթացքին, ընկերվար-ժողովրդավարները կը հրապարակեն իրենց նոր ծրագիրը` «Դանիան ժողովուրդին է» կարգախօսով: Այս ծրագիրին մէջ կուսակցութիւնը (գործնական գետնի վրայ) կը հրաժարի մարքսականութենէն եւ կ՛որդեգրէ Քէյնզեանականութիւնը: Ընկերվար-ժողովրդավարներու կուսակցութիւնը նախ եւ առաջ նպատակ ունենալով տկարացնել համայնավար եւ ազգային-ընկերվարական (նացիական) շարժումները` կառավարման դաշինք կը կնքէ Ընկերային-ազատական կուսակցութեան հետ եւ որոշ նիւթերու շուրջ կը համագործակցի Դասական-ազատական կուսակցութեան հետ (մանաւանդ` գիւղատնտեսական հարցերու մէջ):

Ընկերվար-ժողովրդավարները ոչ միայն կը յաջողին Դանիան դուրս հանել աղքատութենէն եւ անգործութենէն, այլ նաեւ կը դառնան Դանիոյ ընկերային բարեկեցիկ համակարգի կերտիչները: Անոնք կ՛ընդլայնեն հանրային հատուածը` յաւելեալ գործեր ապահովելով այդ մարզին մէջ, հսկողութեան կ՛ենթարկեն դրամատուները, սեփական ընկերութիւններն ու շուկայի գիները, դրամական օժանդակութիւն կ՛ապահովեն անգործներուն, որպէսզի անոնք վերականգնեն իրենք զիրենք ու իրենց ընտանիքները, իսկ միւս կողմէ ալ` գիւղացիներուն, որպէսզի գիւղատնտեսական արտադրութիւնը աճի: Բոլոր յիշեալ քայլերը գոյատեւելի մնացին ու կը շարունակեն մնալ Դանիոյ մէջ եւ այսօր անոնց շնորհիւ է, որ Դանիոյ մէջ` ընկերային անհաւասարութեան համեմատութիւնը շատ չնչին է:

Նացիական գրաւման աւարտէն ետք (1945), ընկերվար-ժողովրդավարները եւս մաս կը կազմեն Դանիոյ վերականգնման աշխատանքին: Անոնք մինչեւ Պաղ պատերազմի աւարտը կ՛ունենան հինգ վարչապետներ (Հենս Հեթոֆթ, Հենս Հենսըն, Վիկօ Քեմփմեն, Ենս Օթթօ Քրէյ եւ Էնքըր Եորիենսըն): 1945-1993 թուականներուն ընկերվար-ժողովրդավարները իրենց քաղաքականութիւնը կը կեդրոնացնեն բարեկեցիկ համակարգի զարգացման վրայ: Անոնք ընկերութեան մէջ հաշմանդամներուն ապահովագրութիւն, թոշակ, այրի կիներուն դրամական օժանդակութիւն եւ երեխաներուն խնամք կ՛ապահովեն:

Կեդրոնամէտ Տարիներ  

1990-ի ընտրութիւններէն ետք Ընկերվար-ժողովրդավարներու կուսակցութիւնը կը ձախողի կառավարական դաշինք կազմել Ընկերային-ազատական կուսակցութեան հետ` կուսակցութեան ձախակողմեան ուղղութեան պատճառով: Կուսակցութեան ձախակողմեան ուղղութեան հարցին համար անոր մէջ հարցեր կը ծագին, թէ ինչպէ՛ս պիտի կազմուի կառավարութիւն մը` հաշուի առնելով իր մէջ կեդրոնամէտ կուսակցութիւնները: 1992-ին պատասխանը յայտնի կ՛ըլլայ: Կեդրոնամէտ Երրորդ ուղիի գաղափարակից Փոլ Նիւրոփ Ռասմոսընը կը դառնայ կուսակցութեան ղեկավարը. նոյն տարին կուսակցութիւնը կը հրապարակէ իր «Մարդկային պայմաններու վրայ»խորագրեալ ծրագիրը` ազդուած ըլլալով Երրորդ ուղիէն: Ծրագիրը կը նշէ. «Ընկերվար-ժողովրդավարներու գաղափարախօսութիւնը ժողովրդավարական ընկերվարութիւնն է: Մեր նպատակը մարդ անհատի ազատութիւնն է, անոր ապահովագրութեան յարգումը եւ անոր շնորհել մտքի խաղաղ հնարաւորութիւն` որոշելու իր կեանքը: Ժողովրդավարական ընկերվարութիւնը հիմնուած է մարդու նկատմամբ յարգանքի եւ հաւասար կարելիութիւններու կամքի ստեղծման վրայ: Ընկերվար- ժողովրդավարներուն համար մարդու ազատութիւնը կապուած է անոր աշխատանքի պահանջին, տնտեսական արդարութեան եւ անոր ընկերային պահանջներուն հետ»: Այսպիսով, ընկերվար-ժողովրդավարները կը սկսին նուազեցնել պետութեան միջամտութիւնը տնտեսութեան մէջ եւ աւելի կեդրոնանալ անհատականութեան վրայ:

1993-2001 թուականներուն Ռասմոսըն կը կազմէ ընկերվար-ժողովրդավարներու գլխաւորութեամբ կառավարական դաշինք մը` բաղկացած նաեւ այլ կեդրոնամէտ կուսակցութիւններէ (Ընկերային-ազատական, Քրիստոնեայ-ժողովրդավար եւ Կեդրոն-ժողովրդավարներ): Կառավարութիւնը կը կեդրոնանայ անձնական ներդրումներու վրայ, որ իր կարգին կը նուազեցնէ անգործութեան համեմատութիւնը: Կեդրոնամէտութիւնը կը շարունակուի նաեւ Դանիոյ նախկին ընկերվար-ժողովրդավար կին վարչապետ Հիլլը Թոռնինկ Շմիթի կառավարման շրջանին (2011- 2015):

Վերադարձ` Բարեկեցութեան Արմատներուն  

Այսօր Դանիոյ իշխող կառավարական դաշինքը կը ղեկավարուի Դասական-ազատականներուն կողմէ եւ իր մէջ կը ներառէ պահպանողականներն ու ազատականները, որոնք կը ստանան ծայրայեղ աջի` Դանիոյ ժողովրդային կուսակցութեան աջակցութիւնը: Յիշեալ կառավարական դաշինքը կը գործադրէ նոր-ազատական դրամական եւ ընկերային-տնտեսական քաղաքականութիւն, որ հիմնուած է ցած հարկերու եւ խստամբերութեան քաղաքականութիւններու վրայ:

Այս տարի ընկերվար-ժողովրդավարները հրատարակեցին իրենց նոր ծրագիրը` «Ձեռքերը սրտերուն վրայ» խորագիրով, որ լուծում մը կը հանդիսանայ կուսակցութեան նախկին` Երրորդ ուղիի քաղաքականութիւններուն, որոնք պատճառ դարձան անոր պարտութեան` նախկին ընտրութիւններուն (2015): Ծրագիրը կը նշէ. «Մեզի համար մարդ անհատը կեդրոնացում է, իսկ բարեկեցութիւնը` նպատակ: Իւրաքանչիւր մարդ անհատ պէտք է ունենայ կարելիութիւն` իրականացնելու իր երազները` լաւ կեանք մը ունենալու համար հաւաքականութեան մէջ»:

Ահա այս տողերը յոյս կը ներշնչեն, որ յառաջիկայ ընտրութիւններուն (2019) ընկերվար-ժողովրդավարները պիտի յաջողին դուրս մղել դասական-ազատականները կառավարութենէն եւ անոնց փոխարէն` ստեղծել յառաջդիմական կառավարական դաշինք մը, որ պիտի ընդգրկէ ընկերային-ազատականներն ու արմատական ձախերը:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>