ՐԱՖՖԻ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ
Մեր մէջ օրըստօրէ կը նուազին ճիշդին «ճիշդ» եւ սխալին «սխալ» ըսող անհատները: Կայ լաւատեսներու խումբ մը, որուն համար ամէն ինչ շատ լաւ է ու ճշգրիտ, չկան ամպեր եւ ոչ ալ` անձրեւ, մինչ յոռետեսներուն համար ամէն օր կարկուտ կը տեղայ, ամէն ինչ ձախող է ու անընդունելի:
Այս հոգեկան բարդոյթին մէջ յոռետեսները ժամանակի ընթացքին նոյնիսկ կը սկսին ոչ միայն տեսնել այս կամ այն ծրագիրին ու գործին ձախողութիւնը, այլ կը ցանկան, որ խոչընդոտներ ստեղծուին, ու յաջողութեամբ չաւարտի գործը, որպէսզի իրենք հաստատեն, թէ իրաւունք ունէին, երբ ըսին` պիտի ձախողի ծրագիրը… Լաւատեսներն ալ ձախողութիւններուն մէջ անգամ յաջողութիւն կը փնտռեն եւ ունին մնայուն պատճառաբանութիւններ, տեղքայլին մէջ` իրագործում:
Լաւատեսները միշտ կը սպասեն արեւածագին, մինչ յոռետեսներուն սպասումը մայրամուտն է, մութն ու խաւարը, նահանջն ու աւերը: Այնուամենայնիւ, բնութենական իրողութիւնը այն է, որ իւրաքանչիւր առաւօտ արեւը պիտի ծագի ու գիշերը մար մտնէ: Իրականութիւն մը, որմէ կարելի չէ խուսափիլ:
Հարցը հոն է, որ պէտք է տեսնենք լոյսը ու ընդունինք խաւարը, տեսնենք յաջողութիւնն ու ձախողութիւնը, եւ ամէնէն կարեւորը` ունենանք ձգտումը, որ լուսաւոր պայմաններուն մէջ առաւելագոյն չափով օգտուինք լոյսի բարիքներէն եւ կարելիութիւններէն:
Այո՛, այսօր իրատես հասարակութիւն մը ունենալու մարտահրաւէրին դիմաց կը գտնուինք, երբ ընդհանրապէս ենթակայական տուեալներով կ’առաջնորդուինք, եւ երբ հետզհետէ առարկայական մօտեցումներն ու արժեւորումները կ’անտեսուին: Իրականութիւնը ո՛չ ցեխով եւ ո՛չ ալ շպարով կը ծածկուի, ուշ կամ կանուխ կը բացայայտուի:
Մեր միջավայրը կարիքն ունի արմատական փոփոխութիւններու` դուրս գալու ընկերային-հոգեբանական բարդոյթներէն, անիմաստ եւ անօգուտ իշխանատենչութենէն, անհատական շահը հաւաքականին մէջ փնտռելու անընդունելի մօտեցումէն, անտեղի հակադրութիւններէն: Հարկ է հանել վարդագոյն եւ սեւ ակնոցները ու հարցերը դիտել իրենց էութեան մէջ:
Տակաւին, խօսքի սահմաններէն անդին` հարկ է խօսքը գործի վերածել, անշահախնդիր եւ առանց փոխադարձ ակնկալութիւններու աշխատիլ` մասնակից դառնալով մեր բերդերուն վրայ քար մը աւելցնելու աշխատանքին:
Բերդեր, որոնց մէկ սիւնին ջլատումով արդէն իսկ բոլորս կը կորսնցնենք մեր գոյութիւնը: