Պալուչներու հայրենիքը կը գտնուի Փաքիստանի արեւմտեան, Աֆղանիստանի հարաւային եւ Իրանի հարաւարեւելեան շրջանին մէջ: Պալուչները կը խօսին պալուչերէն (հնդեւրոպական լեզու մը), անոնց թիւը կը հասնի մօտ տասը միլիոնի, որոնցմէ աւելի քան 8 միլիոնը կը բնակի Փաքիստանի, իսկ մօտ 1,5 միլիոնը Իրանի մէջ: Անոնք կը պատկանին իսլամական սիւննի դաւանանքին:
Մինչեւ օրս պատմաբանները կը վիճին պալուչներու արմատներուն եւ ծագման հարցին շուրջ, սակայն մեծամասնութիւնը կը համաձայնի Նասիր Տաշթիի այն կարծիքին, որ պալուչները ծագած են Հայկական Բարձրաւանդակէն, մասնաւորապէս` Վանի շրջանէն, այլ պատմաբաններ կը նկատեն, որ մօտ 1000 տարի առաջ պալուչները գաղթած են Կասպից ծովունշրջաններէն եւ հաստատուած` պարսկական հարաւարեւելեան շրջանները:
17-րդ դարուն, երբ պարսկական եւ մոնկոլական պետութիւնները սուր հակամարտութեան մէջ էին, պալուչները, շնորհիւ իրենց խորամանկ քաղաքականութեան, կրցան օգտուիլ կացութենէն եւ առիթը ունեցան ստեղծելու իրենց առաջին անկախ իշխանութիւնը Միր Հասանի ղեկավարութեամբ: Սակայն 1839-ին անգլիացիք բռնի ուժով այդ շրջանը իրենց կայսրութեան ենթակայ դարձուցին` միացնելով զայն Հնդկաստանին:
Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի անկախացումով պալուչները կորսնցուցին իրենց դերակատարութիւնը, եւ իրենց հայրենիքը բաժնուեցաւ երեք մասերու` Աֆղանիստանի, Փաքիստանի եւ Իրանի միջեւ: Հակառակ անոր որ պալուչներուն քաղաքական եւ ժողովրդագրական կշիռը կը գտնուի Փաքիստանի մէջ, սակայն անոնց ազգային ինքնորոշման խնդիրը միշտ ալ ոտնակոխուեցաւ եւ անոնց ղեկավարները աքսորուեցան: 1968-ին ձախակողմեան պալուչ երիտասարդներ Դամասկոսի մէջ հիմնեցին Պալուչական ազատագրական ճակատը, որ 1968-1980 զինեալ պայքար մղեց իրանեան եւ փաքիստանեան Պալուչիստանի մէջ:
Այս կազմակերպութիւնը հիմնուած էր մարքսական գաղափարներու վրայ, սակայն իր ազգային-ազատագրական պայքարի բնոյթը չէր կորսնցուցած: Կը յիշեմ, երբ առաջին անգամ հանդիպեցայ եւ զրուցեցի պալուչ գործիչներու հետ 2013-ին. չեմ մոռնար անոնց կարգախօսը` «Ազգութիւնս պալուչականութիւնն է, իսկ կրօնս` չէկեւարայութիւնը»: Անոնցմէ շատերը ուսանած էին Քուպա եւ կ՛երազէին այդ երկրին նման` նոյնօրինակ յեղափոխութիւն վարել լեռներու վրայ, անոնք շատ ազդուած են Քրտական աշխատաւորական կոսակցութեան գաղափարներէն եւ իրենց պատմութիւնը կը փորձեն նմանցնել շրջանի ընկճուած ժողովուրդներու (ներառեալ` հայերը) պատմութեան: 2014-ին խումբ մը պալուչ երիտասարդներ այցելեցին Հայաստան եւ սկսան խորապէս ուսումնասիրել Հայոցցեղասպանութեան եւ պալուչական ցեղային մաքրագործման ընթացքը Փաքիստանի մէջ:
Տեսնելով, որ իրենց դատը այլ ելք չունի, եւ քաղաքական ու դիւանագիտական հոլովոյթները ապարդիւն են, պալուչները անցան զինեալ պայքարի մարտավարութեան: 2000-ին հիմնուեցաւ Պալուչական ազատագրական բանակը, որ ազդեցիկ յարձակումներ կատարեց Փաքիստանի մէջ: Հակառակ անոր որ Փաքիստան Հնդկաստանը եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կ՛ամբաստանէ պալուչներուն նեցուկ կանգնելու յանցանքով, սակայն այս ամբաստանութիւնը շօշափելի փաստերու վրայ չէ հիմնուած:
2003-ին Իրանի մէջ հիմնուեցաւ Ժունտալլահ (Աստուծոյ զինուոր) կազմակերպութիւնը, որ պալուչական, սակայն սալաֆական կազմակերպութիւն մըն էր, որուն հիմնական նպատակն էր Իրանի հարաւարեւելեան շրջաներուն մէջ ստեղծել իսլամական հանրապետութիւն մը: Իրանի կառավարութիւնը Սէուտական Արաբիան ամբաստանեց այս կազմակերպութեան նեցուկ կանգնելու եւ զայն ֆինանսաւորելու յանցանքով: Մինչեւ օրս Ժունտալլահ կազմակերպութիւնը սպաննած է 174 իրանցի քաղաքացի եւ վիրաւորած` 320 ուրիշներ, ան կապեր ունի ահաբեկչական Քայիտա կազմակերպութեան հետ: Ժունտալլահը անջատուեցաւ Պալուչական ինքնավարական կազմակերպութենէն», որ հիմնուած էր Իրաքի նախկին նախագահ Սատտամ Հիւսէյնի կողմէ 1980-ականերուն` յարձակումներ կատարելու կամ ահաբեկելու համար իրանցի բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ: Հակառակ անոր որ Ժունտալլահի ղեկավարներէն Ապտուլ Մելիք Ռիկի յայտարարած է, որ ինք չ՛ուզեր անջատուիլ Իրանէն,այլ ինքզինք կը նկատէ իրանցի սիւննի, եւ իր կազմակերպութեան պայքարը ո՛չ միայն պալուչներուն, այլեւ Իրանի մէջ բոլոր ընկճուած սիւննիներուն պայքարն է, այսուհանդերձ Ժունտալլահի գլխաւոր աքթերէն մէկը եղաւ 2005-ին Իրանի նախկին նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի դէմ կատարուած մահափորձը:
Գաղտնիք մը չէ, որ Սէուտական Արաբիա եւ Իսրայէլ Իրանի դէմ օգտագործեցին պալուչական դատը, եւ Իրաքի պատերազմէն ետք, երբ ամերիկեան լրատուամիջոցները հրապարակեցին «Նոր Միջին Արեւելք»-ի քարտէսը, այդտեղ Պալուչիստան անկախ երկիր մըն էր, բան մը, որ խուճապի պատնեց Իրանի եւ Փաքիստանի վարչակազմերը: Այսօր մանաւանդ, երբ Իրաքի մէջ քիւրտերը սկսան նոր քարտէսներ գծել շրջանին մէջ,շատեր կը կարծեն, որ` «այս բոլորը կայսերապաշտական գործեր են», բայց նոյնինքն անոնք կը մոռնան, որ դարերու ընթացքին իրենք ճնշեցին իրենց տիրապետութեան տակ ապրող ազգերը:
Մեր առջեւ ի յայտ կու գայ իրականութիւն մը` ըսելու համար, որ շրջանին մէջ նոր քարտէսներ գծելու ժամանակը կարծես եկած է, եւ ազգայնական շարժումները, հակառակ համաշխարհայնացումին, երբեք չկորսնցուցին իրենց ազգային դիմագիծը, այլ պահպանեցին եւ արդիականացուցին զայն: Սակայն բազմաթիւ ազգային-ազատագրական շարժումներ ինկան մեծ պետութիւններու շահերուն ծուղակին մէջ, այսօր քրտական հարցը ատիկա կ՛ապացուցէ: Ինչ որ պատահեցաւ Քաթալոնիոյ եւ Իրաքի քրտական մարզին մէջ, կրնայ առիթ դառնալ նոր հանրաքուէներու կամ արիւնով ներկուած նոր սահմաններու: Այդ սահմանները շատ ալ կայուն պիտի չըլլան, որովհետեւ միշտ ալ աշխարհաքաղաքական քարտէսը կը փոխուի` շնորհիւ շահերու, եւ պալուչական հարցը թէ՛ Իրանի եւ թէ՛ Փաքիստանի մէջ դարձեալ կրնայ սեղանի վրայ դրուիլ` ճնշում բանեցնելու համար այս երկու երկիրներուն վրայ: