ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Առտուան ժամը 2:00-ը անց էր, երբ յոգնած ու անքուն` մտայ խուցս եւ պարուրուեցայ քնապարկիս մէջ: Յոգնութեամբ ու խանդավառութեամբ օրեր կը սպասէին մեզ Բիւրականի բանակավայրին մէջ. պէտք էր պատրաստուիլ…
Հազիւ քունի անցած, առտուան 4:00-ի կողմերը, ընդոստ վեր թռայ (քնապարկս թոյլ չտուաւ, որ «թռիմ»)` բարձրախօսէն պայթող երգով մը: Աշուղ Հայկազունի երգն էր` «Հպարտ, անպարտ Դաշնակցութիւն», միախառնուած` հանրակառքերու հռնդիւնին, գոռում գոչումներու եւ հաճելի իրարանցումի հետ: ԼԵՄ-ականները օդակայանէն նոր հասեր էին Բիւրականի այս բանակավայրը` իրենց տարեկան բանակումին համար, ու իւրաքանչիւրը կը փորձէր տեղաւորուիլ իր վրանը` «հո՛ս է հո՛ս», «չէ, մերը ասի չէ», «վալիզդ չմոռցա՞ր պասին մէջ» բացագանչութիւններով:
Երկու ժամ վերջ` զարթնումն էր…
***
Նախորդ իրիկուն, ըստ մեր համաձայնութեան, ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութենէն ընկեր Գարոն եկաւ իր ինքնաշարժով, հետը` բանակումի ընդհանուր պատասխանատու ընկեր Հարմիկը, ու միասին ճամբայ ելանք դէպի Բիւրական, բանակավայր:
Երեւանի տօթէն ու տապէն խոյս տալը հաճելի էր…
Արդէն հոն էին ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան տղաքը` Յարութը, Մանոն, Վարդանը, Նշանը եւ ուրիշներ: Արդէն մտերիմներ էինք, որովհետեւ նախորդող քանի մը օրերուն հանդիպումներ ունեցած էինք կարգ մը գործեր համադրելու համար: Հոն էին նաեւ Մխոն, Սարհատը, ժիր, աշխուժ ու միշտ պատրաստակամ ու սուսուփուս Տարօնը, Կիման, Դրոն ու Ցողիկը` ՀԵՄ-ի անդամներ, որոնք եկած էին նախապատրաստական աշխատանքներուն օգնելու:
Մխոն կը ղեկավարէր վրաններու տեղադրումը` իր կարգին քաշելով, քաշքշելով վրաններու ծանր հակերը: Լարեցին 15 վրաններ. հատ մըն ալ մեծ վրան մը` 50-60 հոգինոց, ընկերուհիներուն համար:
Ժամը մէկուկէսի մօտերն էր, երբ ընկեր Մանոն, զննելէ ետք իր հեռաձայնը, ըսաւ, որ օդանաւը իջեր է «Զուարթնոց»: Աչքերնիս լոյս…
Մօտաւորապէս 130 ԼԵՄ-ականներ, որոնցմէ շուրջ 50-ը ընկերուհիներ, Պէյրութէն օդանաւ առեր հասեր էին հայրենիք, ուր տեղի պիտի ունենար իրենց տարեկան բանակումը: Իրենց առաջինը` հայրենիքին մէջ: Իրենց պիտի միանային ՀԵՄ-էն մօտ 20 ընկերներ եւ ընկերուհիներ:
***
Հա՛նգիստ… Պատրա՛ստ… Արդա՛ր… Հայրենի՛ք… Հզօ՛ր… Հայաստա՛ն…
Առաջին առաւօտեան դրօշակի արարողութիւնն է: Բանակողները շարքի կանգնած, խմբապետական կազմին հետ, «Մեր Հայրենիք»-ով եւ «Մշակ բանուոր»-ով կ’ողջունեն Հայաստանի եւ ՀՅԴ-ի դրօշները: Յուզումը կը կարդացուի բոլորին դէմքերուն: Անոնցմէ շատեր առաջին անգամն է, որ Հայաստանի հողին վրայ ոտք կը կոխեն: Բոլորին համար ալ սա առաջին բանակումն է հայրենիքին մէջ: Բոլորն ալ Արշակ թագաւորներ են հիմա: Կը զգան հողին ուժը իրենց մէջ:
Եկած են Լիբանանի բոլոր հայաշատ թաղամասերէն: Հոն են նաեւ Ժիպէյլի միաւորէն ընկերներ, որոնցմէ մէկը` արաբախօս, հազիւ կը խօսի հայերէն. բայց` ամբողջութեամբ դաշնակցական տղու շունչ ու ոգիով, ինչպէս` իր միւս ընկերները: Ամէնէն բազմանդամ «պատուիրակութիւնը» Այնճարէն է` «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղէն: Կը հետաքրքրուիմ` մարդ կա՞յ «իմ մասնաճիւղէս»` «Հրայր Դժոխք»-էն… Ափսո՜ս: ԼԵՄ-ի մէջ «Հրայր Դժոխք»-ը եղած էր իմս: Այդ ալ իմ մանկութեան ընկեր, այժմ մոնրէալաբնակ Սիմոնին շնորհիւ, երբ ուսանողութեանս օրերուն իր ոսկերչական աշխատանոցը տուած հերթական «ծխական» այցելութեանս ատեն դէմս ցցեց նոր հիմնուած ԼԵՄ-ի դիմումնագիրը. «Ասիկա կը լեցնես հիմա…»:
Օրերը յագեցած են յատուկ ծրագիրներով: Դասախօսութիւններ` ՀՅԴ գաղափարաբանութեան, Արցախի ազատագրական պայքարի մասին, Հայաստանի այսօրուան ու վաղուան մարտահրաւէրներուն, համալսարանական համակարգին ու այլ նիւթերու մասին: Կէսօրէ ետքերը մարզանք, հող, ցեխ ու քրտինք: Երեկոյեան ընթրիքներէն ետք` խարոյկին շուրջ յեղափոխական երգեր:
***
«Մամա՛, մէկ հատ ալ չհեռաձայնես ինծի հա՛, շատ լաւ ենք բոլորս ալ»… Այսպէս կը պատասխանէր բանակող ընկերուհի մը իր մօր` վճռական շեշտով: Բջիջային հեռաձայնները արգիլուած են, բոլորն ալ պահ դրուած են խմբապետական կազմին մօտ: Սակայն ԼԵՄ-ական ընկերուհիներէն մէկուն մայրը, «մամայական» հասկնալի մտահոգութեամբ, գտած է ընկ. Յարութին թիւը ու Լիբանանէն հեռաձայնած է, որ խօսի իր աղջկան հետ` «միտքը հանգստացնելու» համար: Յարութն ալ, տեսնելով, որ հեռաձայնը Լիբանանէն է, փոխանցած էր տուեալ անձին: Պատասխանը` «մէկ հատ ալ չհեռաձայնես ինծի…»: Այսինքն` մի՛ մտածէք մեր մասին, մենք հոս ենք, Հայաստան. իսկ երբ Հայաստանի հողին վրայ ես, ԼԵՄ-ական ընկերներուդ հետ, ատկէ աւելի մեծ բախտաւորութի՞ւն:
Դադարներուն… «դադար» չկար հարցումներէն: ԼԵՄ-ի մեր օրերուն` ազգային, գաղափարական, քաղաքական ու ընկերային խնդիրներու մասին: Յատուկ երկիւղածութեան հասնող ապրում մը նշմարելի էր բոլորին մօտ` Լիզպոնի տղոց կապակցութեամբ. իրենց ԼԵՄ-ական նախնիներն են: Լիզպոնի տղոց նկատմամբ ակնածանքին մէկ այլ դրսեւորումին ականատես պիտի ըլլայի շաբաթ մը վերջ: Բայց այս մասին` քիչ վերջ:
Նաեւ անձնական հարցումներ` հայրիկս, հօրեղբայրս, մօրաքոյրս եւ այլն կը ճանչնա՞ք, ընկե՛ր Վաչէ: Այո՛, մէկ առ մէկ կը յիշուին բոլորը, բոլորին մասին յուշերու պատառիկներով: Մէկն ալ… Բրուտեան էր, Քրիսը. ազգակա՞ն ենք, չէ՛… Նաեւ` հարցումներ իմ կողմէս, թէ ո՞ր մասնաճիւղէն են, ո՞ւր կը բնակին, կ’աշխատի՞ն, թէ՞ կ’ուսանին: Մէկը Թրատէն է, Մանոն. արդեօք կը ճանչնա՞յ Յարութը, սափրիչ, աւելի ծանօթ` պերպեր Յարութ անունով: Անշուշտ կը ճանչնայ. խնդրանքս կատարելու խոստում կու տայ, երբ վերադառնայ, իմ կողմէս պիտի գրկէ Յարութը, այդ լաւ ընկերը` «ընկեր Վաչէին կողմէ» ըսելով. այդքան միայն: Յարութը արժանի է այդ յարգանքին: Կասկած չունիմ, որ Մանոն յարգեց իր խոստումը: Հապա՞ գիւմրեցի բժիշկ Հենոն, իր համով հոտով բարբառային հայերէնով, հապա՞ արաբագիտութեան ուսանող Տարօնը… Թող ներեն ինծի բոլորը, որ չեմ կրնար յիշել բոլորին անունները մէկ առ մէկ: Յանցաւոր կը զգամ ատոր համար, բայց կ’ապաւինիմ ԼԵՄ-ական ու ՀԵՄ-ական ընկերներուս ներողամտութեան:
Այս նուիրուած տղոց ու աղջիկներուն աչքերուն մէջ հաւատք կայ, նուիրում կայ. բայց մանաւանդ` սորվելու, աւելի ու աւելի գիտնալու ձգտում կայ: Այդ մէկը կ’արտայայտուի իրենց իւրաքանչիւր շարժումին, խօսքին, ձայնի ելեւէջներուն մէջն իսկ: Բանակումի այս չարքաշ ու կարգապահական խիստ մթնոլորտին մէջ, ուր նոյնիսկ լոգանքի ջուր չկայ, «զրկանք»-ը կարծէք կապ չունի իրենց հետ: Իրենք հոս են բան մը աւելի սորվելու, բան մը աւելի ընկալելու համար: Իսկ չարքաշ մթնոլորտին մէջ կատակնե՞րը… Ձեզի «պարտքի տուած» սիկարեթներուս դրամը ո՞վ պիտի տայ, տղա՛ք, Դրո՞ն, «նկարիչ» Յարո՞ւթը, թէ՞ Քեւինը…
Զարմանալի ալ չէ այս մէկը, գէթ` ինծի համար, որովհետեւ երբ վաղը կարիքը զգացուի, այս տղաներն ու աղջիկներն են (բանակումին մասնակից կամ ոչ), որ գործողներու առաջին շարքերուն մէջ պիտի ըլլան: Անցնող օրերուն Քեւինին նկարը տեսայ, բեմին վրայ էր, մեր նահատակ ընկերոջ ոգեկոչական ձեռնարկին: Տեսանելի եւ չերեւցող ու սեւ աշխատանքին վարժ կ’երեւին արդէն բոլորն ալ: Դաշնակցական գործի իրենց առաջին քայլերուն մէջն են բոլորն ալ: Մեր կարծածէն ալ աւելի. որովհետեւ երբ Արցախի ազատագրական պայքարին մէջ ՀՅԴ-ի դերին մասին ընկեր Արտաշէսի դասախօսութեան աւարտին հարցում եղաւ աղջիկներու բանակէն ներս ծառայելու մասին եւ դասախօսը կտրուկ կերպով իր անհամաձայնութիւնը յայտնեց, դուք պիտի տեսնէիք ընդվզումը ԼԵՄ-ական ընկերուհիներուն մօտ: Աւարտին, ընկերուհիներուն թելադրեցի բողոքի միթինկ կազմակերպել ընկ. Արտաշէսին դէմ…
Այդ քանի մը օրերուն ընթացքին արդէն մտերմացած ենք: Մեզ միացնողը Դաշնակցութեան շունչն ու ոգին է. զոհաբերութեան ու նուիրումի կոչը:
Չգրե՞լ, չխօսի՞լ այս մասին, ուրիշներն ալ «չվարակե՞լ»: Վարանդան ու Նանորը (երկու այլ նուիրեալներ) կը հաւաքեն խումբ մը տղաներ ու աղջիկներ: Անոնց հետ անդրադարձ կը կատարուի այս բանակումի կարեւորութեան` դաշնակցական երիտասարդին ներաշխարհը բացայայտելու, բանակումը արժեւորելու իմաստով: Կասկած չունիմ, որ «Ռազմիկ»-ի բանակումին նուիրուած թիւին մէջ ալ ներկայ են անոնք, իրենց վերլուծումներով ու ապրուած այս օրերու ականատեսի վկայութիւններով:
Հապա՞ խանդավառութիւնը այդ գիշերները, երբ բանակավայր այցելեցին հայութեան ազատամարտի փառքը երգողներ Մակիչը, Ներսիկը եւ Սմբուլը: Չեմ գիտեր, թէ ո՞վ որմէ՛ ուժ առաւ այդ ժամերուն ընթացքին. բանակողնե՞րը, թէ՞ երգիչները… Այս պատճառով ալ, երբ հասաւ բաժանումի պահը, վերջին օրը, կարծէք մեզմէ իւրաքանչիւրը ա՛յդ պահուն զգաց բանակումին մեզի պարգեւած հարստութեան արժէքը: Փաթթուած Վարդանին` չէի ուզեր բաժնուիլ: Ինք զգաց:
***
Աւարտած էր բանակումը: Յաջորդող օրերուն էր, ընկերներուս հետ Քարվաճառ կ’ուղղուէի, երբ հնչեց հեռաձայնս: Վարդանն էր. «Ընկե՛ր Վաչէ, իրիկունը խրախճանք ունինք…»: Ի՞նչ պատասխանեմ, ե՛րբ չեմ գիտեր, թէ երբ կրնամ վերադառնալ Երեւան:
Երեկոյեան, հազիւ հասած, տակաւին ընկերոջս Գէորգին շէնքին վարի մուտքին, դարձեալ նոյն հրաւէրը` հեռաձայնով: Չէ՛, կարելի չէ, ճիշդ չէ չերթալը:
Հազիւ սրահ մտած` զգացի, որ հարազատներով շրջապատուած եմ: Չեմ գիտեր` ո՞վ, ինչպէ՞ս, բայց յանկարծ անդրադարձայ, որ արդէն երկրորդ բաժակն է որ կը տրուի ձեռքս… Արդէ՞ն… Չէ՛, այս տղաքը նաեւ հաւաքական խրախճանքի արժէքն ալ գիտեն: Բանակումին ճաշեցին միասին, երգեցին միասին, դասախօսութիւններ մտիկ ըրին միասին, մարզանք ըրին միասին, ցեխոտեցան միասին: Հիմա ալ շահած են միասին ուրախանալու, նոյնիսկ ընկեր Վաչէն ու ընկեր Վարդանը իրենց ուսերուն առնելով` պարելու իրաւունքը…
Բայց դաշնակցական այս տղոց ու աղջիկներուն նոյնիսկ խրախճանքը ուրիշ արժէք ունի: Սուրիայէն եկած ընկեր Սուրէնը յեղափոխական երգերու շարք մը սկսաւ: Երբ սկսաւ Լիզպոնի տղոց նուիրուած երգին նախերգանքը, սրահը ելեկտրականացաւ: Քար լռութիւն: Ներքին հաղորդակցական թելերով կարծէք, յանկարծ իրարու «Ուացսափ»-ի նման «մեսէյճ»-ներ կայծակի արագութեամբ փոխանցուեցան մէկէն միւսը, բոլորը ոտքի ելան մէկ մարդու նման, իրարու միացան սրահին կեդրոնը կլոր մը կազմելով, ուս ուսի, գրկելով զիրար, իրենք եւս երգեցին ոչ միայն ձայներով, այլ հոգիներէ ու սրտերէ բխած ապրումով ու թաց աչքերով:
Ուխտ նորոգելու արարողութիւն մըն էր` երկիւղածութեամբ ու վճռակամութեամբ միախառնուած: Գաղափարի եւ հողին զոյգ ուժերը միացած` փոթորիկի բռնեցին բոլորը, անխտի՛ր:
Ուխտերնիդ կատա՛ր, վարձքերնիդ կատա՛ր, սիրելի՛ գաղափարակից ընկերներ եւ ընկերուհիներ: Այլեւս ոչ մէկ ուժ կրնայ Հայաստանը ձեր մէջէն դուրս հանել:
Լոս Անճելըս