ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
Հետեւելով Միացեալ Նահանգներու Մասաչուսեց, Ռոտ Այլընտ, Մէյն, Լուիզիանա, Քալիֆորնիա, Ճորճիա եւ Հաուայի նահանգներուն` սեպտեմբեր 28-ին Միշիկըն նահանգը իր կարգին ճանչցաւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը:
Այսպէս, Միշիկընի ծերակոյտը քուէներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ որդեգրեց թիւ 99 օրինագիծը` ի խնդիր Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման: Օրինագիծը, որ կը վայելէր երկու կուսակցութիւններու միատեղ զօրակցութիւնը, կոչ կ՛ընէ Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Քոնկրեսին` ճանչնալ Արցախի Հանրապետութիւնը եւ անոր հետ հաստատել տնտեսական ու մշակութային կապեր:
Միշիկըն մէկ բաղկացուցիչ մասն է Միացեալ Նահանգներու: Արդ, բնականաբար, նահանգային իր այս որոշումը Միացեալ Նահանգներու կողմէ Արցախի դիւանագիտական ճանաչման ուժ չունի: Միացեալ Նահանգներու սահմանադրութեամբ եւ միջազգային օրէնքի կարգով այդ իրաւասութիւնը կը պատկանի դաշնակցային կառավարութեան` Միացեալ Նահանգներու գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւններուն:
Սակայն Արցախի ճանաչման վերաբերեալ նահանգային որոշումները քաղաքական, օրինական եւ քարոզչական արժէքներ են, որոնք կը հաստատեն Միացեալ Նահանգներու տարածքին Արցախի ու անոր քաջարի բնակչութեան հանդէպ ամերիկեան նահանգային ու ժողովրդային վստահութիւնն ու զօրակցութիւնը: Այս նուաճումը ինքնին քաղաքական նկատառելի դրամագլուխ եւ արժէք կը ներկայացնէ Արցախի ազատ ինքնորոշման իրաւունքի յաւելեալ ամրակայման համար:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի օրակարգային եւ ռազմավարական հիմնական կէտերէն է Արցախի ի նպաստ քաղաքական, տնտեսական, մարդասիրական եւ պաշտպանական զօրակցութիւն ապահովելու աշխատանքը: Այս օրակարգի առանցքին կը գտնուի Արցախի պաշտօնական ճանաչման հարցը:
Միամիտ պէտք չէ ըլլալ: Քաղաքական այժմու պայմաններու տակ Միացեալ Նահանգներու կողմէ նման ճանաչում գրեթէ անկարելիութիւն է: Սակայն նահանգային ճանաչումներու ներկայ մարտավարութիւնը ի նպաստ Արցախի հանրային կարծիքի դրական մթնոլորտ կը զարգացնէ դաշնակցային իշխանութիւններուն մօտ, որպէսզի անոնք այլ մարզերու մէջ սատար հանդիսանան Արցախի ու անոր բնակչութեան կարիքներուն:
Պէտք է նկատի ունենանք նահանգային ճանաչումին տրամադրած ուժական տարողութիւնը: Ներկայիս յիսուն նահանգներէն ութն ճանչցած են Արցախի Հանրապետութիւնը: Անոնք կը ներկայացնեն Միացեալ Նահանգներու 16 տոկոսը: Հաւաքաբար այս ութ նահանգներու բնակչութեան թիւը 65 միլիոն է: Այսինքն` Միացեալ Նահանգների բնակչութեան 20 տոկոսը: Թուային ու տոկոսային այս համեմատութիւնները նոր յաւելումներ պիտի կրեն նոր նահանգներու ճանաչման որոշումներով:
Այս տուեալներով պարզ պէտք է դառնայ Հայ դատի նահանգ առ նահանգ ճանաչման մարտավարութեան արժէքին տարողութիւնը:
Առաջին` քաղաքական տարողութիւնը: Նահանգները Միացեալ Նահանգների օրէնսդիր իշխանութեան ներկայացուցչական խարիսխներն են: Անոնք ներկայ են իրենց քոնկրեսականներով եւ ծերակուտականներով դաշնակցային Ներկայացուցիչներու տան եւ ծերակոյտի մէջ: Այս օրէնսդիր մարմիններն են, որ, ի միջի այլոց, կը ճշդեն եւ կ՛որդեգրեն Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքական, պաշտպանական թէ նիւթական ուղղութիւններու վերաբերող օրէնքները:
Բնականաբար Արցախին զօրակցող նահանգներու ներկայացուցիչներուն համար աւելի հեշտ ու համոզիչ պիտի ըլլայ սատարել Արցախին նպաստող օրէնքներու որդեգրման` Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ: Տակաւին չենք խօսիր այն այլազան նպաստաւոր քայլերուն մասին, որոնք կ՛առնուին եւ պիտի առնուին ուղղակի տուեալ նահանգին կողմէ` միշտ ի նպաստ Արցախին:
Երկրորդ` քարոզչական տարողութիւնը: Զուգահեռաբար տուեալ նահանգի մը տարածքին Արցախի նկատմամբ հանրային կարծիքի դրական զարգացումին, նահանգային ճանաչման որոշումը իր կարգին խափանող ազդակ կը հանդիսանայ ընդդէմ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հանրապետութիւններու հակահայ եւ Արցախի դէմ այլազան ոտնձգութիւններուն:
Բացայայտ իրականութիւն է, որ թէ՛ Թուրքիա եւ թէ՛ Ազրպէյճան միլիոնաւոր տոլարներ կը յատկացնեն Հայաստանի եւ Արցախի դէմ ապատեղեկատւութեան տարածման եւ ժխտական դիրքորոշումներու որդեգրման համար: Այս քայլերը, ինչպէս անցեալի փորձը ցոյց կու տայ, կը զրկուին իրենց ուժգնութենէն, հոն, ուր նահանգային զօրակցութիւնը առկայ է Հայաստանի ու Արցախի համար:
Երրորդ` ազատ ինքնորոշման իրաւունքի տարողութիւնը: Ազգերու ազատ ինքնորոշման իրաւունքը միջազգային օրէնքի հիմնական սկզբունք է: Միացեալ Նահանգներու պարագային, այդ իրաւունքը ներառուած էր նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի ներկայացուցած «14 կէտեր»-ու ծրագրին մէջ: Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն դատարանի մեկնաբանութեամբ, այդ իրաւունքը նաեւ վերապահուած է նահանգներուն: Այսուհանդերձ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը, քաղաքական սին հաշիւներէ մեկնելով, երկերես մօտեցում ունի, երբ հարցը կը վերաբերի ազատ ինքնորոշման իրաւունքի միաչափ եւ արդար կիրարկման:
Այս ուղղութեամբ Միացեալ Նահանգներու սկզբունքային դիրքորոշումը վերահաստատող եւ ամրակայող արժէք կը հանդիսանան Արցախի ճանաչման նահանգային որոշումները: Անոնք կրկին անգամ կը վաւերացնեն ազգային ինքնորոշման իրաւունքի ամերիկեան դիրքորոշումը եւ այդ իրաւունքին արդար գործադրումը` Արցախի նկատմամբ: Ինչպէս Միշիկընի ծերակուտական Տէյվիտ Քնեզեք թիւ 99 օրինագծի որդեգրման առիթով կը յայտարարէր` «Արցախի պատմութիւնը իսկակա՛ն ամերիկեան պատմութիւն է: Պատմութիւն մը` ազատութեան, ինքնորոշման, ժողովրդավարութեան եւ խաղաղութեան ձգտումի»:
Միշիկընի օրինակով, նահանգ առ նահանգ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման մարտավարութիւնը էապէս գործնական է եւ ըստ էութեան` կիրարկելի: Այդ ուղղութիւնը կը հարթէ այն ճանապարհը, որ քաղաքական արժէք ու որակ կը տրամադրէ Արցախին, քարոզչական նպաստաւոր միջավայր կը զարգացնէ եւ նոր լիցք ու վաւերականութիւն կը հայթայթէ Արցախի ազատ ինքնորոշման իրաւունքին:
Լոս Անճելըս
29 սեպտեմբեր 2017