ՑՈՂԻԿ ԱՇԸԳԵԱՆ
«Հայաստան երթալ կ՛ուզեմ ,
Արարատ տեսնել կ՛ուզեմ,
Արարատի լանջերուն,
Բանակում ընել կ՛ուզեմ»:
Արարատի լանջերուն չէր մեր բանակումը, այլ` Արագածի: Բիւրականի բանակավայրին մէջ ԼԵՄ-ը իր առաջին բանակումը ունեցաւ Հայաստանի մէջ: ՀԵՄ-էն խումբով մը միացանք անոնց:
Նախքան բանակումը, երբ կը խօսէի ԼԵՄ-ական ընկերներուս հետ, կը զգայի անոնց խանդավառութիւնը եւ պահ մը կը վերյիշէի, որ պատանեկան տարիներուս Սուրիոյ մէջ մեր բանակումներուն ինչպիսի մեծ ոգեւորութեամբ ու մուրազ ուզելու պէս լիահագագ բացագանչութեամբ կը կրկնէինք վերեւ նշած քառատող կանչը:
Հայաստան բանակում ընելը զիս ալ խանդավառած էր, հակառակ անոր որ Երեւան կը բնակէի չորս տարիէ ի վեր: Պէտք է ըսեմ, որ հայրենիքի մէջ ապրիլը երբեք չի նուազեցներ անոր դիւթական հմայքը եւ հմայիչ էութիւնը:
Հարկ է շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնել ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ բոլոր մարմիններուն ու ընկերներուն, որոնք այս բանակումը իրականութիւն դարձուցին: Հիմնաքարը դրուեցաւ այսպիսի նախաձեռնութիւններու, որոնք, վստահ եմ, շարունակական պիտի ըլլան եւ օրինակ պիտի ծառայեն Դաշնակցութեան երիտասարդական բոլոր միութիւններուն:
Դաստիարակչական առումով, մեր դասախօս ընկերները բաւականաչափ տեղեկութիւն տուին մեզի Հայաստանի ներկայ քաղաքական, տնտեսական եւ այլ ոլորտներու մասին: Այս դասախօսութիւններուն միջոցով մասնակից ընկերները մասամբ պատկերացուցին Հայաստանի ներկայ իրավիճակը, դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ զանոնք լուծելու ուղղութեամբ առնուող քայլերը:
Բանակումի վեց օրերուն բանակողները ապրեցան Դաշնակցութեան դաւանած վսեմ գաղափարներուն ոգեշնչող մթնոլորտի մէջ` ընկերասիրութեամբ յագեցած, ջինջ ու բիւրեղ ազնուութեամբ, ամրապնդեցին իրենց մէջ ընկերվարութեան արդար սկզբունքները: (Երանի՜ թէ այդ մթնոլորտը եւ ապրելակերպը տիրական ըլլան մեր առօրեայ կեանքերուն մէջ ալ):
Բանակումին ամէնէն ուշագրաւ եւ գնահատելի երեւոյթներէն էր ընկերներուն կեցուածքը, որ յատկանշուեցաւ գիտակից ու օրինակելի կարգապահութեամբ: Դաշնակցական երիտասարդի տիպարը մնաց տիրական եւ գեղեցիկ:
Եղան նաեւ պատիժներ, որոնք բանակումը յարդարող եւ գունաւորող դեր ունեցան:
Անմոռանալի էր զարգացման մրցումը, որուն ստեղծած մթնոլորտը եւ մրցակցութեան ալիքը բարձրացուցին մեր տրամադրութիւնները:
Խորհրդաւոր պահերը անպակաս էին, նոյնպէս` ընկերականութիւնը, որ ջերմացուց մեր սրտերը: Իսկ խրախճանքնե՜րը` անմոռանալի, աստղազարդ գիշերներուն, խարոյկի շուրջ բոլորուած, ուս ուսի տուած, խորախորհուրդ յեղափոխական երգեցողութեամբ` հայրենի լեռները թնդացնող, մեր յեղափոխութեան էջերը եւ մեր անձնուէր ազատամարտիկներուն սխրագործութիւնը փառաբանող:
Հայրենի մեր հիասքանչ բնութեան գրկին մէջ, ըմբոշխնելով անոր հրապոյրը, լուսաշող երկինքին տակ, երդուեցինք մեր սուրբ գործը շարունակել:
Բոլորը սպասումի մէջ էին: Արարատը տակաւին քողարկուած էր մառախուղով մինչեւ վերջին օրը, երբ փակման դրօշակի արարողութենէն ետք միասնաբար երգեցինք «Պիտի գնանք վաղ թէ ուշ» երգը, մեր աչքերը յառած անոր` մեր ազգային ինքնութեան խորհրդանիշին, որ գեղեցիկ էր Աստղիկի առասպելական գեղեցկութեան նման:
Հիմա համոզուած եմ, որ մեր փառահեղ անցեալի աստուածները, որ Արարատի ձիւներուն մէջ կ՛ապրի՛ն տակաւին, փշաթելերէն անդին մնալով հանդերձ, շատ լաւ գիտեն, որ հայկականութիւնը եւ պատմութենէն մեզի հասած ուժը յաւերժ են եւ յաղթական: Մեր պայքարը անվերջ է:
Բանակումի մասնակիցներս նման էինք իրարու` հաւաքական հարցերու հանդէպ մեր նոյնատեսակ մտածելակերպով: Կ՛ուզէի բանակումի փորձառութիւնս բաժնեկցիլ, սակայն որո՞ւ հետ: Երբ բանակումի վերջին օրերուն այդ հարցադրումիս պատասխանը գտայ, բնաւ չզարմացայ: Անոնք Երկրի մեր ընկերներն էին: Այո՛, ԵՐԿՐԻ: Այո՛, կարօտը կար ընկերներու, որոնք շունչը ունէին ներկայ Վանին, Մուշին, Սասունին, Էրզրումին, Կարսին:
Երկրի ընկերները պէտք էր տեսնէին մեր ոգին: Զգային մեր գոյութիւնը, ծանօթանային մեր գաղափարներուն եւ ընկերանային մեզի, յեղափոխականացնէինք զանոնք, մեր պատմութեան հետ հաղորդակից դարձնէինք: Այդ երիտասարդութիւնը, որ կ՛ապրի ներկայ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին, մեր ամբողջական Հայաստանի երաշխիքն է: Առանց անոնց` լոկ պատրանք է մեր Երազը:
Դաշնակցական երիտասարդը հայ երիտասարդութեան առաջնորդն է` իր գաղափարախօսութեամբ, իր ազգային մտածողութեամբ եւ մարդկային բարձր արժանիքներու ընկալումով: Հետեւաբար պէտք է ստանձնէ հայ երիտասարդութեան համախմբումը: Եւ բնականաբար Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ ապրող եւ իրենց հայկական ինքնութիւնը ընդունող երիտասարդները անբաժան մասն են հայ երիտասարդութեան:
Վստահ եմ, որ մեր ԼԵՄ-ական ընկերները ներշնչուած, նոր ուժ եւ կազդոյր ամբարած, իրենց ուխտը վերանորոգած եւ առաւել պատասխանատու վերադարձան Լիբանան` անմոռանալի յիշատակներով լեցուն տասը ջերմ օրեր անցուցած, նոր ընկերներու ծանօթացած եւ հոգեպէս Հայաստանին քիչ մը աւելի մօտեցած: