Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13471

Բաց Նամակ

$
0
0

Սփիւռքահայ Երեք Յարանուանութեանց, Երեք Կուսակցութիւններուն, Բարեգործական-Բարեսիրական Կազմակերպութիւններուն, Հայրենակցական Եւ Մշակութային Միութիւններուն

Յարգարժա՛ն հայրենակիցներ,

Ստորագրեալս աւելի քան 35 տարիներու բանասէր-մանկավարժ-դասախօս եղած եմ, տարած եմ գրական-հրատարակչական, ազգային-հասարակական բեղուն աշխատանք` սփիւռքի տարբեր համայնքներու մէջ:

Ինծի համար (եւ, ինչո՞ւ չէ, շատ քիչ հայերու համար), լուրջ խնդիր է սփիւռքի հայապահպանման դժուար հարցը:

Նախ մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք մեր նախնիներուն եւ կազմակերպութիւններուն, որոնք 1920-ականներէն մինչեւ 1980-ականները տասնեակներով ամէնօրեայ հայկական դպրոցներ հիմնեցին տարբեր երկիրներու մէջ:

Բայց վերջին աւելի քան երեսուն տարիներու պատկերը այլ է: Եւ անշուշտ, երբ անկեղծօրէն խօսինք, պիտի ըսենք, որ սփիւռքի մէջ հայապահպանումը մեծապէս ձախողած է, պատճառները շատ են:

Արդարեւ, 2000 թուականին սփիւռքի հայկական ամէնօրեայ դպրոցներ կը յաճախէին 5-4,5 առ հարիւր, իսկ այսօր 2,5 առ հարիւր միայն սփիւռքահայ աշակերտութեան:

Պատուարժա՛ն պատասխանատուներ, մեր վիճակը շա՜տ, շա՜տ, շա՛տ ծանր է:

Օրինակ մը տալու համար ըսենք, որ Քալիֆորնիոյ Կլենտէյլ քաղաքին մէջ կ՛ապրին 90 հազար հայեր: Այդ քաղաքի հայ աշակերտներու 50 առ հարիւրին համար պէտք է բացուի 10 նոր դպրոց, նիւթական արժէք` մօտ 200 միլիոն տոլար:

Այսինքն այլեւս ժամանակավրէպ է անջատ-անջատ աշխատելաձեւը, մենք պէտք է ունենանք ազգային հաւաքական գիտակցութիւն, որպէսզի կարենանք յաղթահարել սփիւռքի կրթական հսկայ մարտահրաւէրները:

Ուրեմն կ՛առաջարկենք շուտափոյթ ստեղծել, սփիւռքի տարածքին համար, «Հայկական միասնական հիմնադրամ»: Նշեալ հիմնադրամը պիտի նպատակադրէ`

Ա.- Վտանգուած հայկական ամէնօրեայ դպրոցները փակուելէ փրկել,

Բ.- Յաջորդող տարիներուն, հիմնադրամի պիւճտէն երբ կը հզօրանայ, նոր դպրոցներ բանալ,

Գ.- Այս հիմնադրամը անձեռնմխելի պիտի մնայ, անկախ հիմունքներով պիտի ծառայէ բոլորին անխտիր:

Անկեղծօրէն ըսենք, որ սփիւռքի տարածքին վերջին 45 տարիներու ընթացքին փակուած է 207 դպրոց (չհաշուած` Սուրիոյ վերջին պատերազմին փակուածները):

Հետեւաբար եւ ամենայն լրջութեամբ կ՛ըսենք, որ եթէ յաջորդող քանի մը տարիներուն չստեղծուի հզօր հիմնադրամ մը, մենք յաջորդ տասնամեակին պիտի փակենք բազմաթիւ հայկական այլ դպրոցներ:

Մեր մատղաշ սերունդը կարիքն ունի ազգային հայեցի դաստիարակութեան: Այսօր հարիւր հազարաւոր հայ երիտասարդներ այլասերած են, քանի որ չեն ստացած հայեցի կրթութիւն:

Ըմբռնած ենք եւ գիտենք, որ սփիւռքի 8 միլիոն հայութեան նոյնիսկ 5 առ հարիւրը Հայաստան պիտի չվերադառնայ յաջորդ քանի մը տարիներուն… պատճառները բոլորդ գիտէք: Դեռ աւելին., Հայաստանը` մեր բոլորին սիրելի մայր հայրենիքը, իր բազում խնդիրներով չի կրնար սփիւռքի կրթական համակարգին համար նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերել: Ուրեմն սփիւռքի հայկական գոյատեւումը մեծապէս պահանջն ունի վերոնշեալ հիմնադրամին:

Իրատեսութիւն, փոխզիջում, փոխըմբռնում:

Ազգային բարձր գիտակցութեամբ մօտենանք այս յոյժ կարեւոր աշխատանքին:

Միասնաբար կրնանք իրագործել: Օ՛ն առաջ:

Յարգանքներով`
ՅՈՎՍԷՓ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ

Լոս Անճելըս, Սթուտիօ Սիթի, 20 օգոստոս 2017

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13471

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>