Լիբանանահայ բազմահազար աշակերտներ, հարիւրաւոր հայ ուսուցիչներ, կրթական պատասխանատուներ դէպի աղբիւրը լոյսին կ՛ուղղեն իրենց քայլերը 2017-2018 կրթական տարեշրջանին ընդառաջ սորվելու, բայց նաեւ սորվեցնելու, հմտանալու, բայց նաեւ այդ հմտութիւնները յայտնաբերելու, յաջողելու, բայց նաեւ յաջողութեան գաղտնիքները փոխանցելու, բայց մանաւանդ մարդկօրէն ու հայօրէն կազմաւորուելու եւ կազմաւորելու համար:
Ամէնէն նուիրական առաքելութեան կը լծուին այս ոլորտի գործիչները եւ իրենց կենսագրութեան ամէնէն հիմնական փուլը կը թեւակոխեն մեր ժողովուրդի ամէնէն կենսունակ տարրերը: Գիտակցական մղումը գերակայ է: Ծնողներուն, որոնք հակառակ շրջակայքի իմաստակութիւններուն` ոչ հայկական վարժարանները նախընտրելու, հայ ծնողի իրենց առաջին պարտականութեան կառչած կը մնան իրենց զաւակներուն կրթութիւնը վստահելով հա՛յ դպրոցին:
Գիտակցական նաեւ մանկավարժին, ուսուցիչին, կրթական պատասխանատուին, հայ վարժարանը կրթական եւ հայեցիութեան դարբնոցի բարձունքներուն վրայ պահելու ամէնէն մասնագիտականը, ամէնէն արդիականն ու ամէնէն հայեցին միաձուլուած փոխանցելու:
Պատահական չէ, որ այս առաքելութիւններուն կարեւորութիւնը գերադաս նկատելով յառաջացան ՀՅԴ ինքնութեան ֆոնտեր` հայ մանուկին, հայ ընտանիքին, հայ ուսանողին համար: Համալիր ծրագիրներ են այս բոլորը, որոնց նպատակը ի վերջոյ առողջ համայնք, հայեցի միջավայր, տիպար քաղաքացի եւ հայրենանուէր հայ պատրաստելն է:
Այո՛. ինքնութեան պայքարի մէջ է ամբողջ սփիւռքը, եւ այս միջնաբերդը հայկական վարժարաններով նախ եւ առաջ եւ այդ վարժարանները յաճախող, հայ կազմակերպ կեանքին գործնական մասնակցութիւն բերող տարրերուն աջակցող գործնական ծրագիրներով կը շարունակէ իր պայքարը:
Տարածաշրջանի հայաթափման ընթացքները սերտօրէն կապուած են պատերազմներու, անհեռանկար իրավիճակներու եւ անոնց իբրեւ անմիջական հետեւանք ընկերային-տնտեսական ծանր կացութիւններու հետ: Խնդիրները փոխկապակցուած են, հետեւաբար տարբեր ուղղութիւններու վրայ արձանագրուելիք լուծումներու համար ծրագիրներ կեանքի կոչելը` դպրոցաշինութենէն մինչեւ ֆոնտերու տրամադրումներ ճգնաժամերու յաղթահարման գործնական միջոցներ են:
Կրթական այս տարեշրջանը լիբանանահայութեան համար կարեւոր կը նկատուի նաեւ միացեալ նոր վարժարանի բացումով: Տարիներու վրայ երկարող ծրագիրը իրականութիւն է արդէն եւ վարժարանը նորարարական յագեցուածութեամբ, արդիական դպրոցէ ակնկալուած բոլոր յարմարութիւններով, դպրոցավարական մասնագիտական մարդուժով կը համախմբէ ազգային տարբեր վարժարաններու միաւորուած աշակերտութիւնը:
Նման կրթական համալիրի մը իրականացումը աւելին է, քան զուտ վարժարաններու միաւորումը:
Այս գաղութին ունենալիք դերակատարութեան հաւատալու, այդ հաւատքի առարկայացման եւ գործնականացման ամէնէն վառ ապացոյցը, կեդրոնական գաղութի զարգացման համար կեդրոնական հանգամանք ստացող մարդկային պաշարներու պատրաստութեան կեդրոնական արտադրամասը:
Լիբանանահայ վարժարաններու գրասեղանները զբաղեցնողներէն պիտի թրծուին մեր վաղուան ուսուցիչները, գործիչները, լրագրողները, խմբագիրները, հայ կազմակերպ կեանքի սերնդափոխութիւնը իրականացնողները, տարբեր ոլորտի մասնագէտները, հայրենիք-սփիւռք կամրջումներուն նոր յենասիւներ տրամադրողները, պետական դէմքերը:
Մարդուժի հայթայթման մեծագոյն, ամէնէն բեղուն եւ ամէնէն արդիւնաւէտ միջավայրը կը շարունակէ մնալ լիբանանահայութիւնը: Իսկ անոր կռուանը, անփոխարինելի երաշխիքն ու գլխաւոր արտադրամասը է՛ ու պիտի մնա՛յ հայ դպրոցը: