Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ, «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան հետ գործակցաբար, վերջերս լոյս տեսաւ տաղանդաւոր դերասան, վաստակաշատ բեմադրիչ ու դերուսոյց եւ բազմաթիւ թատրերգութիւններու թարգմանիչ Ժորժ Սարգիսեանի թարգմանական ամբողջական արգասիքը` 4 հատորներ, որոնց մէջ տեղ տրուած են Ժորժ Սարգիսեանի կատարած թատրերգութիւններուն ու բեմականացուցած կտորներուն (26 թարգմանութիւն, հայ հեղինակներու գործերէ 12 բեմականացում):
Այս հատորներուն շնորհահանդէսն ու Ժորժ Սարգիսեանի մահուան 35-ամեակին նշումը պիտի կատարուի չորեքշաբթի, 27 սեպտեմբերին: Այս առթիւ յաջորդական էջերով` հին ու նոր գրութիւններ, վկայութիւններ, յուշագրութիւններ բովանդակող, լուսարձակի տակ կ՛առնենք լիբանանահայ թատերական կեանքին մէջ բազմատաղանդ Ժորժ Սարգիսեանին ունեցած վաստակն ու ներդրումը:
Յետմահու Բախտաւորը`
Ժորժ Սարգիսեան
ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Թատրոնը բազմարուեստ կալուած է. անոր համար կարեւոր ենթահող է հաւաքական կազմակերպ կեանքը, որ ստեղծած է որոշ կայունութիւն եւ անոր տարբեր ոլորտներուն միջեւ` հաւասարակշռութիւն:
Թատրոնը մէկէ աւելի արուեստներու մէկտեղումով կ՛արարուի. անոր գլխաւոր ղեկավարը` բեմադրիչը, իր կողքին կ՛ունենայ` դերասան, երաժիշտ, լոյսերու պատասխանատու, բեմայարդար եւ դեռ` տեսանելի ու անտեսանելի բազմաթիւ արուեստագէտներ, կը համակարգէ անոնց ներդրումը եւ բեմին վրայ կը հրամցնէ հմայիչ, հրապուրող եւ ազդեցութիւն գործող ամբողջութեամբ մը:
Բեմադրիչն ու գործակից արուեստագէտները առհասարակ ճամբայ կ՛ելլեն թատերագիրի մը կամ գրողի մը գործով, ու իրենց տաղանդներն ու կարողութիւնները անոր շուրջ կը միահիւսեն իբրեւ զիրար լրացնող ամբողջութիւն: (Անշուշտ կայ բեմական ճիւղ մը, որ ճամբայ չ՛ելլեր որեւէ բնագիրով, այլ բազմատաղանդ արուեստագէտներ որոշ նիւթի մը մասին նախնական փոխհասկացողութեամբ, մինչեւ իսկ առանց անոր ալ բեմ կ՛ելլեն տեղւոյն վրայ արարելու կամքով):
Թատերական երկ մը ի սկզբանէ կոչուած է բեմ հանուելու, բեմադրուելու: Անիկա չի նմանիր վէպի, պատմուածքի կամ բանաստեղծութեան, որ կարելի է ըմբոշխնել անկողինիդ մէջ կամ սեղանիդ ետին նստած, պարտէզի մը մէկ շուք անկիւնը եւ այլն: Բեմադրիչն ու դերակատարները կոչուած են բնագիրին վրայ բան մը աւելցնելու, երբ զայն կը ներկայացնեն: Հոս արդէն կը ծագի մեկնաբանութեան արժանիքը, ճիշդ այնպէս, ինչպէս որ տարբեր խմբավարներու կամ երաժիշտներու կողմէ երաժշտական որոշ գործի մը մատուցումը ուրիշներէ տարբեր ներգործութիւն կը գործէ ընկալողին վրայ: Թատրոնի պարագային, միայն ձայնի զգայարանքը չի գործածուիր, այլ աչքին վստահուած է ամէնէն կարեւոր դերը: Դերակատարները թէեւ կը կազմեն հիմնական առանցքը, սակայն անոնք չեն բաւականանար իրենց բաժինները արտասանելով, այլ կան` շարժումը, խօսակցութեան կամ մենախօսութեան կշռոյթը, լոյսի խաղերը, բեմայարդարումի յղացքը (արդի թատրոնը այս բաժինին յաճախ նուազագոյն տեղը կու տայ), երաժշտութիւնը, մինչեւ իսկ… անշարժութեան ու լռութեան պահերը: Հանդիսականը կը զգայ, որ անոնցմէ մէկն ու մէկուն բացակայութիւնը կամ թերի մատուցումը կը վնասէ ամբողջութեան:
***
Համազգայինի թատրոնին հիմնադիրները եւ անոնց աւանդը պահպանողները գիտակից եղած են այս սկզբունքներուն, մանաւանդ որ Լեւոն Շանթի նման ռահվիրաներ կը հանդիսանային մեր թատերական գրականութեան թագակիրները:
Այդ սերունդը իրաւամբ կարելի է կոչել մշակոյթի հսկաներու փաղանգ. անոնք վիպագիրներ, բանաստեղծներ, գրականագէտներ ու թատերագիրներ էին, նաեւ էին բեմի մարդ, այսինքն` բեմադրիչ, երաժշտագէտ ու նկարչական արուեստի վարպետ. հայրենիք կորսնցուցած մեր գաղութներուն մէջ, մշակոյթի անփոխարինելի ըլլալուն խոր գիտակցութիւնը զանոնք մղեց հիմնելու Համազգայինը. անոնց համար Ճեմարան-ուսումնարանին, տպարանին, գեղարուեստի տարբեր կալուածներու կողքին, կարեւոր տեղ ունէր թատրոնը: Եւ զարմանալի չէ, որ գաղթակայաններէ հազիւ դուրս եկած մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ իր տեղը ունեցաւ թատրոնը, նախ` դպրոցական եւ աւելի համեստ պայմաններու մէջ, իսկ կարճ ատեն ետք, արդէն որակաւոր գործերու բեմադրութեամբ, սիրողականը արհեստավարժի մակարդակով ներկայացնելու ձգտումով:
Գասպար Իփէկեանի անունը սերտօրէն կապուած է Համազգայինի պէյրութեան թատրոնին հետ. անոր կողքին ու հիմնական յենարանի արժանիքներով արձանագրուած են թատերագիր Լեւոն Շանթի, գրականագէտ Նիկոլ Աղբալեանի եւ այլ սերնդակիցներու անունները: Այս ռահվիրաներուն բացած ուղիէն քալեցին անոնց տաղանդաւոր գործակից-աշակերտները, որոնք հիմնադիրներուն ցանած սերմերը ծաղկեցուցին տասնամեակներ շարունակ` ջահը հասցնելով այսօրուան սերունդին: Ցեղասպանութենէն առաջ Պոլսոյ, Թիֆլիսի եւ մինչեւ իսկ Վենետիկի ու Լվովի մէջ արարուած բեմերուն աւանդը վերապրեցաւ Համազգայինի եւ հայ թատրոնին նուիրուած այլ մտաւորականներու ու արուեստագէտներու շնորհիւ:
Հիմնադիրներուն վառած խարոյկը բոցավառ պահելու եւ անոր դիմաց նոր հորիզոններ բանալու իմաստով, իր իւրայատուկ պատուանդանը ունի Ժորժ Սարգիսեանը, որ ժառանգեց Գասպար Իփէկեանի «մականը» եւ տասնամեակներ շարունակ մնաց այս բերդին պաշտպանը, ծառան եւ արժանի է «իշխան» կոչումին: Բարեբախտաբար Ժորժ Սարգիսեանը առանձնակի ծաղիկ մը չէր իր օրերու թատերական կեանքին մէջ, իր կողքին ունէր արժանաւոր դերասաններ, գործակիցներ, սակայն եւ այնպէս, ան մեծերու շարքին զատորոշուող արուեստագէտն էր ու իր տասնամեակներու գործով կերտած է կոթողական վաստակ:
Ժորժ Սարգիսեան անջնջելի հետք ձգած է Համազգայինի, ինչո՞ւ չէ, նաեւ սփիւռքահայ մեր թատերական կեանքին ու պատմութեան մէջ: Ան պարզապէս թատրոնի մարդ էր բառին ամէնէն լայն առումով. ան նախ եւ առաջ դերասան էր, նոյնքան արժանաւոր բեմադրիչ, բեմայարդարումի մասնակից-տնօրինող, դիմայարդարումի վարպետ: Ան բեմ հանեց հայ թէ օտար թատերագիրներու, անցեալի ու ժամանակակից հեղինակներու բազմաթիւ գործեր, նոյն յաջողութեամբ բեմադրեց կատակերգութիւն, ողբերգութիւն ու տռամ, սակայն միշտ մնալով հաւատարիմ եւ հետամուտ` Որակին, չտարուեցաւ շուկայիկին հրապոյրներով, որոնք արդէն սկսած էին ողողել մեր ու աշխարհի բեմերը, իսկ այսօր արդէն կորուստի մատնած են որակը: Ան պարզապէս եղաւ Համազգայինի ու անոր հիմնադիրներուն աւանդին պաշտպանն ու շրջապատին հաղորդողը, յաջորդներուն փոխանցողը:
Եթէ Ժորժ Սարգիսեանի անուան դիմաց տիրական արձանագրութիւն էր դասական-աւանդական բեմադրութիւն հասկացողութիւնը, սակայն ան անմասն չէր նորարարութիւններէ, իսկ աւելի ուշ անոր «դպրոցէն» շրջանաւարտներ ժամանակակից թատրոնի բազմերանգ շունչը բերին մեր թատերական կեանքին. անոնցմէ շատեր, իրենց կարգին, դարձան Ժորժ Սարգիսեանի ընդարձակած ուղիին երախտաւորները:
Ժորժ Սարգիսեանի գործի դաշտը առաւելաբար եղաւ Պէյրութը, որ մինչեւ Լիբանանի տագնապին պայթումը` արտերկրի մեր մշակոյթին գլխաւոր ու տիրական միջավայրն էր: Անոր ղեկավարած թատերախումբը շողարձակումներ ունեցաւ դէպի սփիւռքեան բազմաթիւ օճախներ` իշխանութիւնը տարածելով Պարսկաստանէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ եւ այլուր: Նոյն այդ ջահէն տարածուած կայծերը բռնկեցուցին Արժանթինի ու Քանատայի նման հայկական օճախներու թատերական հնոցները` միշտ մնալով հաւատարիմ Համազգայինի աւանդներուն, որակին: Ափսո՜ս, որ այդ օրերուն լուսանկարչութեան արհեստագիտութիւնը չունէր ներկայի միջոցները, այլապէս Համազգայինի թատրոնն ու Ժորժ Սարգիսեանի վաստակը, իբրեւ ապրող ժառանգութիւն, պիտի պահպանուէին մեր մշակոյթի գանձարանին մէջ` դառնալով իւրայատուկ ուսումնարան մը թատերական արուեստի:
Բարեբախտաբար Ժորժ Սարգիսեանի վաստակը այլապէս պահպանուած է. անկախ թատերախումբի յուշամատեանէն ու անոր բովանդակած լուսանկարներէն` անոր թարգմանած եւ օգտագործած թատերական գործերը կը կազմեն ստուար հարստութիւն մը, եւ զանոնք հրատարակելով` Համազգայինը գործնապէս երախտագիտութիւն կը յայտնէ ոչ միայն Ժորժին, այլ նաեւ` բոլոր անոնց, որոնք կազմաւորեցին զայն ու գործակցեցան անոր հետ:
Ժորժ Սարգիսեան եղած է ու պիտի մնայ ո՛չ միայն Համազգայինի ու սփիւռքեան մեր թատրոնին, այլ ողջ հայութեան թատերական կեանքի պատմութեան ամէնէն տիրական գործիչներէն մէկը: Անոր երախտիքը աննշմար չէ անցած, որովհետեւ ա՛յն օրերուն, երբ հայութիւնը կը նշէր Ցեղասպանութեան 50-ամեակը, բանիւ եւ գործով աշխարհին կը ներկայանար ֆիզիքապէս, բարոյապէս ու մշակութապէս վերականգնածի հասակով, ահա այդ օրերուն Ժորժ Սարգիսեան բարձրարժէք շքանշանի արժանացաւ Լիբանանի նախագահին կողմէ: Սրտառուչ են այդ առիթով հայութեան կեանքին մէջ տեղ գտած արձագանգները. անոր վաստակն ու մատուցուած գնահատանքը ընդհանուր գոհունակութիւն եւ պատիւ կ՛արտայայտեն: Աւելի սրտառուչ էին նոյնինքն արուեստագէտի՛ն խօսքերը. ան իրեն ընծայուած յարգանքին ու պատիւին մէջ չէր ուզեր տեսնել իր անձին ուղղուած դրուատիք, այլ այդ բոլորը կ՛ընդունէր Համազգայինի անունով, պատիւը կը վերագրէր զինք իբրեւ թատրոնի մարդ արարողներուն…
Ժորժ Սարգիսեան, ըսինք, թատրոնի մարդ էր. մտերիմները կ՛ըսէին, որ ան «ամուսնացած» է թատրոնին, Համազգայինի թատերախումբին հետ… Եթէ զինք կարելի է որոշ առումով նկատել բախտաւոր, որովհետեւ ամբողջ հոգիով մասնակից եղաւ հայ թատրոնի վերելքին ու պահպանեց անոր շարունակականութիւնը, միւս կողմէ` ան եղաւ «դժբախտ», որովհետեւ չտեսաւ իր գրաւոր վաստակին լոյս ընծայումը:
Սակայն կարգ մը երախտաւորներ կրնան բախտաւոր ըլլալ նաեւ յետմահու…
Ժորժ Սարգիսեան Կը Խօսի
«Ապերախտ աշխատանք է բեմադրութիւնը, մանաւանդ երբ դերակատարներ կը փնտռես. անոնք նոյն մօտեցումը չունին, տարբեր խառնուածքի տէր` ամէն մէկուն հետ առանձին լեզու պէտք է գտնել, սիրաշահիլ, ոմանց հետ կռուիլ, այս բոլորը կան»:
«Ես զուարճացնելու նպատակին չեմ հաւատար. թատրոնը ուրիշ առաքելութիւն մը ունի, ոմանց համար թատրոնը հայելի մըն է, ուր հանդիսատեսը կը տեսնէ ինքզինքը, ի՛ր թերութիւնները եւ սրբագրելու, բարելաւելու առիթը կ՛ունենայ: Ուրիշներու համար թատրոնը խորան մըն է, պատարագ մը, դերակատարները` պատարագիչներ, հանդիսականները` հաւատացեալներ, որոնք կը դիտեն, կը մասնակցին արարողութեան եւ իրենց հաւատքը կը վերանորոգեն: Դեռ, ուրիշներու համար ալ թատրոնը դպրոց է, դերակատարները` դասախօսներ, ժողովուրդը` աշակերտներ, որ կու գայ մտածել սորվելու, խորհրդածութեան մէջ մտնելու: Իսկ դժբախտաբար, ջախջախիչ մեծամասնութեան համար, ժամանցի վայր:
«Հայ թատրոնը իր անձնայատուկ առաքելութիւնը ունի: Պէտք չէ զայն բաղդատել միջազգային թատրոնին հետ, արուեստը արուեստին համար նշանաբանով ու վերջացնել: Ո՛չ, արտասահմանի մէջ հայ թատրոնը հայապահպանման գործին ուժ պէտք է տայ, ազգապահպանման պայքարին` թեւ: Եկեղեցւոյ, դպրոցի, ակումբի կողքին, հայ թատրոնը կարեւոր դեր մը ունի… Եթէ մենք Դատ մը ունինք, պէտք է մեր մշակոյթը զօրացնենք անպայման: Թատրոնը լաւագոյն ձեւն է լեզուն կանգուն պահելու»:
«Թատրոնը ճաշակ կը նրբացնէ, կ՛ազնուացնէ. ոմանց համար` անգիտակցօրէն, բայց ազդեցութիւնը անժխտելի է»:
Ի՞նչ է թատրոնը.- «Թատրոնը դէպք մը, դրուագ մը հարազատօրէն վերարտադրելու, վերակենդանացնելու արուեստն է: Թատրոնը նիւթ մը, սկզբունք մը, վարդապետութիւն մը պատկերաւոր եւ կենդանի ձեւով վերլուծող եւ խորացնող արուեստն է»:
Իր կտակէն.- «Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը պէտք է ամէն գնով գոյատեւէ: Ղեկավարին անհետացումը պէտք չէ կասեցնէ անոր կենսական գործունէութիւնը եւ ջլատէ անոր յարատեւումը: Բոլոր անդամներուն, հին թէ նոր, պարտաւորութիւնն է քով քովի գալ եւ անմիջական միջոցներ ձեռք առնել գործը շարունակելու համար:
«Համերաշխութեամբ եւ ընկերական անկեղծ ոգիով կարելի է թատերախումբը պահել նոյն բարձրութեան վրայ: Լրջախոհութիւնն ու ազգային գիտակցութիւնը պէտք է մնան գլխաւոր յատկանիշները թատերախումբի անդամներուն: Չքացումը ես-ի, նուիրում հաւաքական աշխատանքի: Գործը ամէն բանէ վեր:
«Պէտք է հայ թատրոնին տալ իր տեղը, իր իրաւունքը, իր հոգեկան դերը: Պէտք է կարելիութիւններ ստեղծել, որ հայ թատրոնը կատարէ իր առաքելութիւնը»:
… «Ի՛նչ ալ ըլլան, սակայն, թատրոն յաճախելու դրդապատճառները, ի՛նչ սահմանում ալ տրուի թատրոնին, թատրոնը անհրաժեշտութիւն մըն է քաղաքակիրթ բազմութիւններուն համար: Թատրոն յաճախողը, կամայ թէ ակամայ, կ՛ենթարկուի թատրոնի ազդեցութեան, այդ ազդեցութիւնը ըլլայ վատ կամ շինիչ»:
… «Թատրոնը միայն դերասանութեամբ կամ բեմադրութեամբ չի լրանար: Թատրոնը անխուսափելիօրէն իր մէջ կը պարունակէ արուեստի զանազան ճիւղեր, որոնք անհրաժեշտ են թատերական արուեստին ամբողջացումին»:
… «Հայ թատրոնը պէտք է ունենայ իր ինքնութիւնը, դիմագիծը, իր սեփական ու ազգային ուղեգիծը, պէտք է ունենայ իր մասնաւոր առաքելութիւնը: Այդ առաքելութիւնը սփիւռքի մէջ մեր ազգապահպանումի պայքարին իր դրական եւ մշտական մասնակցութիւնն է:
«Հայը հայ պահելը պէտք է ըլլայ իր գլխաւոր մտահոգութիւնը»: ազդեցութիւնը ըլլայ վատ կամ շինիչ»:
1969 փետրուար 17-ին տեղի ունեցաւ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին պաշտօնական բացումը, հարիւրաւոր հրաւիրեալներու ներկայութեան: Ազգային բարերար Յակոբ Տէր Մելքոնեան կտրեց սրահի մուտքին պարզուած աւանդական ժապաւէնը, եւ հրաւիրեալները մտան սրահ` առաջին իսկ ակնարկով հիանալու համար այն գեղեցկութեան, որ կը պարզուէր իրենց աչքերուն առջեւ: Արդարեւ, թատերասրահը, ոչ միայն իր շքեղութեամբ, այլ նաեւ արդիական վերջին կատարելագործումներով, կարելի է նկատել Լիբանանի լաւագոյն սրահը: Այս երջանիկ առիթով գործադրուեցաւ յանպատրաստից յայտագիր մը, եւ յաջորդաբար խօսք առին` Ժորժ Սարգիսեան, տոքթ. Բաբգէն Փափազեան, Կարօ Սասունի եւ Յակոբ Տէր Մելքոնեան, ընդգծելու համար թատրոնին դերը հասարակութեան մտային եւ հոգեկան զարգացման տեսակէտէն: Եղան արտասանութիւններ ու մեներգներ, եւ երկու ժամ ամբողջ խանդավառ պահեր ապրելէ ետք ներկաները մեկնեցան խոր գոհունակութեամբ:
Այս նոր թատերասրահը կոչուած է կարեւոր դեր խաղալու մեր մշակութային կեանքին մէջ:
«Ազդակ»,
17 եւ 18 փետրուար 1969
Նոր թատրոն, նոր թարգմանութիւն, նոր բեմադրութիւն: Կը նշանակէ, թէ նոր անկիւնադարձի մը առջեւ կը գտնուինք, ողջունելի` ըստ ամենայնի:
«Դարերու թմրութենէն ետք վերածնաւ թատրոնը ու թատրոնով` աշխարհաբարը, ու աշխարհաբարով` նոր լոյս մը», կը գրէ տեղ մը Նշան Պէշիկթաշլեան:
Հիմա, որ թատրոն ունինք, ներելի է ակնկալել, որ երեւոյթը պիտի կրկնուի, եւ նոր մարդուն պիտի ընծայուի նո՛ր լոյս մը: Թատրոն ունինք հիմա, եւ կորովը պէտք չէ պակսի մեզի:
Պ. Ս.
(«Ազդակ», 22 փետրուար 1969)