Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13451

Պատմաքաղաքական Զիկզակներ. Իրաքի Մասնատման Մէջ` Իսրայէլի Նկատառումները

$
0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Միջին Արեւելքի մէջ, յատկապէս Սուրիոյ եւ Իրաքի տարածքին ձեւաւորուած եւ գործող ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկչական խմբաւորումները տարիներէ ի վեր Իսրայէլի ու անոր կողմնակիցներու հովանաւորութեամբ արիւն ու աւեր սփռեցին տարածաշրջանին մէջ, ինչպէս նաեւ պատճառ դարձան, որ հազարաւոր բնակիչներ գաղթի ճամբան բռնեն: Միւս կողմէ` իսրայէլեան զինուորական օդանաւեր ամէն առիթի կը փորձեն սուրիական հողատարածքի ապահովութիւնը խախտել:

Սիոնիստական Իսրայէլ բնականաբար կը փորձէ Միջին Արեւելքի քարտէսը հաւանական փոփոխութեան ենթարկել, եւ զուգահեռաբար բնակչութեան մէջ համայնքային, ցեղախմբային, ազգային եւ այլ ձեւի միջոցներով թշնամութիւն սերմանել:

Տարիներու այս ռազմավարութիւնը ինքնաբերաբար թաքնուած նպատակ կը հետապնդէր, ունէր շատ հեռու գացող նկատառումներ: Իսրայէլ այս բոլորին կը ձգտէր, որպէսզի իրեն թշնամի համարուող երկիրներու կողքին, կարգ մը հողատարածքներու վրայ գոյութիւն ունենայ եւ ռազմա-տնտեսա-քաղաքականութեան գերակայութիւնը պարտադրէ:

Վերոնշեալ մեկնակետէն ելլելով է, որ Իսրայէլ քուլիսներու ետին քաղաքական լուրջ աշխատանք կը մղէ ընթացիկ տարուան սեպտեմբեր 25-ին նախատեսուած Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին մէջ տեղի ունենալիք անկախութեան հանրաքուէին առնչութեամբ:

Քաջ ծանօթ ենք, որ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին մէջ արդէն սկսած է անկախութեան հարցով հանրաքուէի քարոզարշաւը: Հանրաքուէէն ետք, 6 նոյեմբերին կը նախատեսուի խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարել: Քրտական աղբիւրներէ կը տեղեկանանք նաեւ, որ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին մէջ ընտրելու իրաւունք ունի 5,5  միլիոն քուէարկող, մարզին տարածքին պիտի գործեն շուրջ 46.000 տեղամասեր:

Այս բոլորը երբ ընթացք առած են արդէն, անդին չի  պահուիր, որ վերոնշեալ պատճառով մարզին մէջ բաւական լուրջ տարակարծութիւններ յառաջացած են քաղաքական կուսակցութիւններու եւ կազմակերպութիւններու միջեւ: Հանրաքուէն իրականացնելու գաղափարը պնդելը միայն Պարզանիի կուսակցութեան դիրքերը ամրապնդելու համար է: Տակաւին, չենք յայտներ, որ քրտական ինքնավար մարզին անկախութեան շուրջ հանրաքուէն, ըստ Իրաքի սահմանադրութեան, հակաօրինական է:

Արդարեւ, երբ իրաքեան քրտական մարզը կը նախապատրաստուի ինքնավար կարգավիճակէն անկախ պետութեան անցումը, ընդհանրապէս որեւէ զօրակցական բացայայտ եւ պաշտօնական կեցուածք չ՛երեւիր որեւէ պետութեան կողմէ: Բացառութիւն կը կազմէ Իսրայէլը, ուր բաւական ոգեւորուած են քրտական մարզի անկախացման գաղափարով` դիտարկելով այն իբրեւ բաւական կարեւոր իսլամական ուժ, որուն հետ համագործակցութիւնը կը ծառայէ Իսրայէլի շահերուն:

Իսրայէլ ի՞նչ շահ կը հետապնդէ Իրաքի
քրտաբնակ շրջաններու անկախութենէն

Իսրայէլի համար Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի անկախութիւնը տարբեր ուղղութիւններով կարեւոր ռազմաքաղաքական նշանակութիւն ունի: Այսպէս`

– Իսրայէլ խիստ կարեւոր կը նկատէ շրջանին մէջ դաշնակիցի մը գոյութիւնը, եւ անհրաժեշտ է, որ այդ դաշնակիցը ըլլայ սահմանակից իր թշնամիին`  Իրանին: Վերջին հաշուով, Իսրայէլ կ’ուզէ  շրջապատել Իրանը իր դաշնակիցներով:

Իսրայէլեան բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ ամէն առիթի կը յայտարարեն, որ Իսրայէլ իրաքեան քրտաբնակ շրջաններու անկախութեան կողքին է:

– Իսրայէլի ախորժակները շատ աւելի հեռու կ’երթան, քանի որ երբ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզը իր անկախութիւնը հռչակէ, հետագային հաւանական է, որ Իսրայէլ Էրպիլի հետ զինուորական դաշինքներ կնքէ, մանաւանդ երբ արդէն իրաքեան քրտաբնակ շրջաններուն մէջ կը գործեն ամերիկեան ռազմական խարիսխներ:

– Իրաք աշխարհի քարիւղի հինգերորդ պահեստը ունի, ներկայ դրութեամբ եւ ամերիկեան ուղղակի եւ ռուսական անուղղակի օժանդակութեամբ, այդ հանքերը գրեթէ քրտաբնակ եւ քրտական քաղաքային ուժերու տիրապետութեան տակ գտնուող շրջաններուն մէջ կը գտնուին: Հետեւաբար քարիւղի հանքերով հարուստ քրտաբնակ շրջանները Իսրայէլի տնտեսութեան վերելքին համար մեծ նպաստ պիտի բերեն:

Քրտական Խաղաքարտը

Ա.- Նկատի պէտք է առնել, որ 1920-ի օգոստոսի 10-ին ստորագրուած Սեւրի դաշնագիրը տրամադրութիւն ցոյց կու տար ապագայ Քիւրտիստանի մը ստեղծման: Անշուշտ անոր վրայ անմիջապէս աւելցաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռը:

Բնականաբար այսօր շատ յստակ կը դառնայ, թէ ի՛նչ կը պատրաստուէր այդ տարիներուն:

Սակայն մօտիկ անցեալին` 1948-ին Միջին Արեւելքի  պատմաքաղաքական հոլովոյթին հետեւողը պիտի կարենայ հասկնալ, որ տարածաշրջանի արդէն իսկ անկայուն կացութեան մէջ նոր ազդակ աւելցած էր, երբ Բրիտանիոյ Պալֆուրի խոստումին պատճառով  1948-ին Պաղեստինի բռնագրաւումով պիտի ստեղծուէր Իսրայէլը` իբրեւ շարունակութիւն «Սայքս-Փիքօ» համաձայնագրով Օսմանեան կայսրութեան տարանջատման: Սոյն քայլով օրին Արեւմուտքը աւելի եւս կ’ամրապնդէր իր հակակշիռը շրջանին մէջ:

Բ.- Այսօր ապագայ Քիւրտիստանի մը  կորիզը հանդիսացող ներկայի իրաքեան քրտական մարզը հիմնական քաղաքական ու ռազմական դժուարութիւններ կրնայ յառաջացնել տարածաշրջանի երկիրներուն համար:

Այս իմաստով է, որ Իսրայէլ, նախատեսելով Թուրքիոյ իսլամական նոր վարչակարգին բերումով բարեկամական-ռազմավարական կապերու կորուստը, խորամանկօրէն իր գրաւը դրաւ զարգացման նոր փուլ մտնող քրտական հարցին վրայ: Հետեւաբար ան իր բոլոր կարելիութիւնները գործի լծեց Իրաքի հիւսիսը կազմաւորուող կիսանկախ քրտական մարզի զարգացման ու ամրապնդման համար: Բնականաբար յառաջանալիք Քիւրտիստան մը պատճառ պիտի դառնայ Թուրքիոյ տարանջատման: Առ այդ, Սեւրի յիշատակումը այս օրերուն ամէնէն առաջ էրտողանական Թուրքիոյ մասնատման սպառնալիքն է, այդ պատճառով այս ուղերձները շատ շուտ ընկալած են Թուրքիոյ իշխանութիւնները,  երբ ամէն առիթի կը խօսին Թուրքիոյ մասնատումը նպատակադրած ուժերու  քաղաքականութեան վտանգներուն  մասին:

Հետեւաբար Իսրայէլ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի անկախութիւնը կ’ուզէ աւելի շահագործել եւ իբրեւ օրինակ ծառայել տալ շրջակայ երկիրներու տարածքին գտնուող մեծաթիւ քիւրտերուն: Ան քիւրտերու հողատարածք տալու գաղափարը ընդարձակելով` նպատակ կը հետապնդէ նախ արաբական երկու երկիրներու` Իրաքի եւ Սուրիոյ, հետագային Իրանի եւ վերջապէս Թուրքիոյ մէջ քրտական ինքնավար մարզերու գոյացումի հեռանկարով հոն իր ներկայութիւնը ամրագրել: Անշուշտ տակաւին չենք խօսիր վերը նշուած երկիրներու մասնատման մասին:

Այս հանգամանքը կարեւոր է, որովհետեւ տարածք առ տարածք, քիւրտերը, վայելելով միջազգային հովանաւորութիւն, փորձ կը կատարեն քարտէսագրելու ամբողջական Քիւրտիստանը: Քրտական գործօնը այսօր, բոլոր ժամանակներէն աւելի, վերածուած է աշխարհաքաղաքական գործօնի եւ տարածաշրջանին մէջ կը շարունակէ օգտագործուիլ իբրեւ խաղաթուղթ` այս կամ այն մեծ տէրութեան քաղաքականութեան կիրարկման ընթացքին:

Քրտական խաղաքարտի մասին կարելի է աւելի երկար խօսիլ եւ հիմնաւորումներ կատարել, սակայն այստեղ կը բաւարարուինք այսքանով:

Վերջապէս, Իրաքի հիւսիսային շրջանը կը գտնուի աշխարհաքաղաքական առանցքային խաչմերուկի վրայ, եւ շարունակ փաստուած է անոր ռազմավարական կարեւորութիւնը թէ՛ ռազմական, թէ՛ տնտեսապէս: Վերոնշեալ տրուած կարծիքներու համադրումին հիման վրայ է, որ Իսրայէլ կը ձգտի Իրաքի տարածքային ամբողջականութեան եւ քաղաքական միասնութիւնը մասնատել:

Եզրափակում

Իսրայէլ Կովկասի հարաւը եւ Իրաքի հիւսիսը կը նկատէ կենսական թատերաբեմ եւ կ’ուզէ օգտագործել բազմաթիւ գործիքներ, որոնք կ’ընդգրկեն` ռազմական յարձակում, տնտեսական ճնշում եւ ցեղային լարուածութեան հրահրում` իր ազդեցութիւնը ամրապնդելու եւ վերահսկելու: Այս քաղաքականութիւնը կը հակադրուի Իրանի, Ռուսիոյ, Իրաքի, Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ շահերուն:

Միջին Արեւելքը գերլարուած վիճակի մէջ պահելու միտող Իսրայէլը այդ խաղը խաղացած է ու կը խաղայ` ապաւինելով, այսպէս կոչուած սիւննի-շիի ու քրտական խաղաքարտերուն:  Ան իր անմիջական հակակշիռին  ներքեւ եղող նոր դաշնակիցի մը ստեղծումն էր ու մանաւանդ, անոր միջոցով, ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող խաղաքարտերու տիրանալը:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13451


<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>