Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Կրիլով, Չարենց Եւ Մարգարէն

$
0
0

ՅՈՎԷԼ ՇՆՈՐՀՕՔԵԱՆ

Մեծ հետաքրքրութեամբ տեղեկացայ Համահայկական խորհուրդի ծրագիրի երկրորդ տարբերակին մասին, որ, ըստ պաշտօնական մամլոյ հաղորդագրութեան մը, պիտի արծարծուի Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք յաջորդ Հայաստան-սփիւռք համահայկական յաջորդ համաժողովին ընթացքին:

………………………………………….

Մի կարապ, մի խեցգետին, մի գայլաձուկ
Բարձած սայլը տեղից քաշել ուզեցին.
Եւ երեքով եկան սայլին լծուեցին,
Ինչ են անում, ինչ չեն անում,
Սայլը տեղից չի էլ շարժւում.

 Շատ թեթեւ է բեռը թւում,
Բայց կարապը վեր է թևում,
Խեցգետինը քաշում է յետ,
Գայլաձուկն էլ յո դէպի գետ:
Ով է արդար, ով մեղաւոր,
Մենք չդատենք: Բանն այն է, որ
Մինչեւ այսօր
Թէ սայլ, թէ բեռ
Նոյն տեղն են դեռ:

………………………………………….

Ճատրակի ախոյաններու երկրի նախագահ եւ  միաժամանակ երկրի Ճատրակի ֆետերասիոնի  նախագահի համահայկական խորհուրդի երկրորդ հրատարակութեան առաջարկը

մեծ ուշադրութեամբ սերտեցի:

Հարց տուի, պրպտեցի` յայտնաբերելու խորհուրդի երկրորդ տարբերակի մեքանիզմն ու սցենարը, հասկնալու, թէ արդեօք ան պիտի ըլլա՞յ առաջինին նման կրիլովեան սայլին, կամ հետեւի  Եղիշէ Չարենցի պատգամին.

«Ո՛վ հայ ժողովուրդ, քու միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»:

Բացատրեմ տարբերութիւնը` խօսուն օրինակով մը:

Ֆրանսահայ համայնքը ունի կրիլովեան օրինակով կառոյց` «Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդ» http://www.ccaf.info 

Ֆրանսայի տարածքին ուրիշ համայնք մը, ունի Չարենցի օրինակով կառոյց` համաժողովրդական  ներգրաւածութեամբ (http://www.fsju.org/):

Մէկը, չըսեմ` ո՛ր մէկը, ունի տարեկան քսանչորս միլիոն եւրոյի պիւտճէ:

Մերը պիւտճէ չունի: «Մեր» կազմակերպութեան համանախագահներէն մէկը կ՛ըսէր. «Մեր նամակները ես կը գրեմ, կը տպեմ, դրոշմաթուղթին դրամն ալ  գրպանէս կը վճարեմ…»:

Թէ «միւսներուն» պիւտճէն ուրկէ՞ կու գայ, ո՞վ կու տայ, ինչպէ՞ս կ՛առնեն. ունի՛ն. մե՛նք ալ ունենաք:

Մէկը ունի քառասուն հազարէ աւելի անդամավճար վճարող անդամներ:

Մերը կը ներկայացնէ երեսունէ աւելի կազմակերպութիւններ. կարապ, խեցգետին, գայլաձուկ…

Մերը, ամենայն յարգանքով Ցեղասպանութեան ճանաչման ծիրին մէջ եղած հսկայ նուաճումներուն, քաղաքական յարաբերութիւններէ դուրս որեւէ գործունէութիւն չունի:

Այս կացութեամբ, գաղութը ունի եօթը ինքնավար դպրոցներ, որոնք կը հաշուեն 1213 աշակերտներ:

Միւսը կը տնօրինէ իրենց երկու հարիւրէ աւելի դպրոցները, որոնք կը ներառեն երեսուներկու հազար աշակերտ, կը տնօրինէ իրենց ընկերային կառոյցներուն, կը նպաստէ իրենց ժողովուրդին հայրենադարձութեան, կը հասնի համայնքի կարօտեալներուն եւ յարաբերութիւն կը վարէ ֆրանսական պետութեան հետ:

Կը խնդրեմ չըսէք` որ իրենք ճատրակի ախոյեաններու ժողովուրդէն աւելի հզօր են:

Կը խնդրեմ` չըսէք, որ իրենք կու տան, մեր ժողովուրդը չի տար:

Վերջերս, իր Հայաստան այցին, տիկին Անահիտ հետը տարած էր Դպրոցասէր վարժարանի երեք վարորդներուն պատրաստած նուէրները` հագուստ-կապուստ, կօշիկ, իրեր, զարդեր եւ պահարան մը, որ կը ներփակէր երկու հարիւր եւրօ, բոլորը ուղղուած քառօրեայ պատերազմին զոհուած, Մասիսի մարզէն հերոսի մը ընտանիքին: Նշեալ վարորդներուն ամսական աշխատավարձը հազար եւրոյի շուրջ ըլլալու է. հաւանաբար վեց-եօթը հարիւր եւրօ տան վարձք կը վճարեն եւ դեռ իրենց երկու լուման գանձանակը ձգած էին:

Կը խնդրեմ` չըսէք, որ մերինները չեն տար:

Ժողովուրդը կու տայ, սակայն կը տատամսի տալու` կարապին, խեցգետինին, գայլաձուկին, Դպրոցասէրի երեք վարորդները . . . Վաչէն ալ երեսուն միլիոն տոլար նուիրեր է Եու.Սի.Էլ.Էյ.ի…

Չըսէք` չեն տար:

………………………………………….

Անցեալ շաբաթ, Երեւան այցիս, սփիւռքի նախարարութենէն նեկայացուցիչներ կը հաստատէին, որ անցեալ Հայաստան-սփիւռք համաժողովի թիրախները իրագործուած էին:

Եթէ այդպէս է, կը խնդրեմ, որ այցելէք Փարիզի, Միւնիխի կամ Լաս Վեկասի միջազգային ցուցահանդէսներու թրքական սրահները, ետքը փնտռէք նոյն ցուցահանդէսներու մէջ մէկ հայկական տաղաւար:

Կը խնդրեմ, որ այցելէք www.tulumba.com կայքէջը եւ փնտռէք անոր հայկական համապատասխանը:

Մենք` Մետաքսի ճամբու երկրաչափերս ու գերիշխաններս, մեր եօթը միլիոն հաշուող սփիւռքով, մեր հզօր սփիւռքեան գործարարներով, հիմա մե՞նք թուրքերէն օրինակ պիտի առնենք:

………………………………………….

Հետաքրքրութեամբ կարդացի, որ Համահայկական խորհուրդի ծրագիրը մեծ խանդավառութիւն յառաջացուցած էր մտաւորական շրջանակներու մէջ:

Կը մտածեմ, թէ արդեօք մեր մտաւորականները վա՞րժ են  ճատրակի խաղի ռազմավարութեան, հմո՞ւտ են վերլուծելու քարի մը շարժումը եւ տեսնելու յետին նպատակը: Արդեօք անոնք հետաքրքրուեցա՞ն հասկնալու համար, թէ առաջարկուած խորհուրդը  պիտի ներգրաւէ՞ր ժողովուրդը, թէ՞ ըլլար ընտրանիներու ակումբ մը:

Այսօր ունինք հայրենիք եւ Արցախ: Երկու վատ թէ լաւ ժողովրդավար հանրապետութիւններ:

Իսկ սփիւ՞ռքը: Հզօր սփիւռքը կը մնայ նման Կրիլովի սայլին:

Հաղորդագրութիւնը կը յայտարարէ. «Սփիւռքի ինքնակազմակերպումը աւագ պարտականութիւն-իրաւունքն է…որ պարտի ինքնակազմակերպուիլ ու միաւորուիլ»:

Ո՞վ, ինչպէ՞ս, ո՞ւր:

Հանդիպեցայ, գրեցի, հարց տուի կարապին, խեցգետինին եւ գայլաձուկին` հերթապահներուն:

Հարց տուի Բարեգործին, Հուրին եւ Անուշին:

Հանդիպեցայ ու գրեցի Շաքալին եւ Աղուէսին, մին հաւ եւ միւսը գառնուկ մը տարած, մին ագարակ էր բացած, միւսը գործարան հիմնած եւ դեռ միւսը` հանք վերցուցած:

Գրեցի որդիական խոնարհութեամբ, բարձրաստիճան, բարձրաշուք, բարձրաթոռ` Ուղտին եւ Ընձուղտին,

Ի վերջոյ գրեցի` նոյնինքն թագաւոր Առիւծին:

Բոլորն ալ բացագանչեցին` ապրիսներ, պրաւոներ, քաջալերեցին. քաջալերեցին եւ հա՜ քաշեցին, քաշքշեցին, մեր սայլը տեղէն չշարժեցին:

Թէ չեն տեսներ, կամ չեն ուզեր,
Ով է արդար, ով մեղաւոր,
Մենք չդատենք:
Բանն այն է, որ մեր սայլը տեղէն չշարժեցաւ:

Տարօրինակն այն է, որ մենք` հայերս, Կրիլովի օրինակին հետեւեր ենք, իսկ մեր հրեայ եղբայրները լսեր են Եղիշէ Չարենցի կոչը`

«Ո՛վ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քու հաւաքական ուժի մէջ է»:

………………………………………….

«Ու Տէրը զիս Հոգիով դաշտին մէջ դրաւ: Անիկա ոսկորներով լեցուն էր, որոնք սփիւռքի երեսին վրայ խիստ շատ էին եւ խիստ չորցած էին:

Տիրոջը խօսքը եղաւ` ըսելով. «Ահա ես ձեր մէջ հոգի պիտի դնեմ ու պիտի կենդանանաք:

«Ու ահա իմ ժողուուրդիս որդիները պիտի առնեմ այն ազգերուն մէջէն, ուր գացին: Անոնք իմ հրամաններուս համաձայն պիտի քալեն, իմ օրէնքներս պիտի պահեն ու զանոնք պիտի կատարեն: Զանոնք մէկ ազգ պիտի ընեմ ու անոնց ամենուն վրայ մէկ թագաւոր պիտի թագաւորէ, ու անգամ մըն ալ երկու ազգ պիտի չըլլան ու պիտի չբաժնուին»:

Ու տեսայ, թէ դաշտին ոսկորները ջիղերով ու միսով պատուեցան ու մորթով ծածկուեցան, ու շունչը անոնց մէջ մտաւ ու կենդանացան եւ իրենց ոտքերուն վրայ կայնեցան ու խիստ մեծ բանակ մը եղաւ»(*):

Ո՛վ ժողովուրդ,այս մարգարէութիւնը այսօր կ՛իրականանայ:
Զօրահաւաք կը կատարուի:
Ո՞վ, ի՞նչպէս, ու՞ր:
Ահա շուտով կը գրեմ ձեզի:

 

Սեպտեմբեր 2017
Փարիզ

 

* Եզեկիել ԼԷ.

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>