ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն անցնող շաբաթներուն նախաձեռնեց գաղութի տարբեր շրջանակներէ եւ ասպարէզներէ ազգայիններու հետ խորհրդակցական հանդիպումներու շարքի մը` հիմնական առաջադրանք ունենալով գաղութային օրակարգերու քննարկման նոր դաշտ մը ստեղծել եւ միասնական աշխատանքի նոր մթնոլորտ մը ձեւաւորել: Հանդիպումներու շարքը տակաւին պիտի շարունակուի, սակայն առաջին երկու հանդիպումները արդէն բաւարար հիմք կը ծառայեն, որ նախնական արժեւորում մը կատարենք, որովհետեւ հրաւիրեալներու ամբողջական ընդառաջումը եւ հարցերուն ու խնդիրներուն մէջ խորանալու ու լուծումներու որոնման իրենց դրսեւորած պատրաստակամութիւնը արդէն խանդավառող ու համակող է անտարակո՛յս:
Հանդիպումներուն ընթացքին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը ներկայացուց գաղութի այսօրուան քաղաքական, ապահովական, ընկերային, տնտեսական մարտահրաւէրները, միաժամանակ նշելով տուեալ մարզերուն մէջ Կեդրոնական կոմիտէի ծաւալած այսօրուան գործունէութիւնը, առկայ մտահոգութիւնները եւ անմիջական ու երկարաժամկէտ ծրագիրները: Այս զեկուցումէն ետք հաւաքներու մասնակիցները ներկայացուցին իրենց արժեւորումները, տեսակէտները, մտահոգութիւնները եւ առաջարկները:
Առաջին երկու հանդիպումներէն բխած տեսակէտներն ու մտահոգութիւնները կարելի է համախմբել հետեւեալ կէտերուն մէջ.
ա.- Տնտեսական ճգնաժամի պատճառով ստեղծուած գործազրկութեան մեծ համեմատութիւնը, միջակ դասակարգի նօսրացումը, գործի կարելիութիւններու սահմանափակումը այսօր դարձած են մեծ մարտահրաւէր եւ իրենց անդրադարձը կ՛ունենան անհատական թէ հաւաքական կեանքի բոլոր մարզերուն վրայ:
Գործազրկութեան այս երեւոյթէն մեկնելով` ներկաները կարեւոր նկատեցին այն հանգամանքը, որ հաւաքական ճիգի ներդրումով որոշ լուծումներու կարելի է հասնիլ, նոյնիսկ այսօրուան ոչ բարենպաստ պայմաններուն մէջ: Ոմանք հաստատեցին, որ ակնկալելի է, որ հայ գործատէրերը եւ մեծ ընկերութիւններու մէջ պատասխանատու պաշտօններ զբաղեցնող անձնաւորութիւնները լայն տեղ տրամադրեն հայ թեկնածուներուն, անշուշտ աշխատելու պատրաստակամութիւնը եւ անհատի կարողութիւնը այստեղ կարեւոր նախադրեալներ են:
Շեշտուեցաւ, որ նպաստներու բաշխումը որեւէ լուծման չ՛առաջնորդեր, այլ ընդհակառակն` ենթական կը վարժեցնէ ոչ բաղձալի ապրելակերպի մը, որմէ հետագային դուրս գալը բաւական դժուար եւ ժամանակ խլող հոլովոյթի կը վերածուի:
բ.- Պուրճ Համուտի հայեցի դիմագիծի պահպանումը քննարկումներուն ընթացքին ստացաւ կարեւոր նշանակութիւն: Բնակարանային նոր ծրագիրներու որդեգրումը եւ կենցաղային պայմաններու բարելաւումը հիմնական նախադրեալներ նկատուեցան, որ երիտասարդ սերունդը մնայ Պուրճ Համուտի մէջ: Այս ծիրին մէջ ներկաները գնահատեցին Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ Ազգային իշխանութեանց բնակարանային նոր համալիրներու, ինչպէս նաեւ հին բնակարաններ նորոգելու եւ շինարարական նոր ծրագիրները: Անոնք անհրաժեշտ նկատեցին հաւաքական ճիգով բնակարանային նոր ծրագիրներու մշակումը եւ այստեղ բոլորը անխտի՛ր յայտնեցին նաեւ իրենց պատրաստակամութիւնը սատարելու ընդհանուր գործին, ի պահանջել հարկին բաժնետիրական ընկերութիւններու ստեղծման ճամբով, որոնց առաջնահերթ մեկնակէտը շրջանի հայեցի դիմագիծի պահպանումը պիտի ըլլայ եւ ոչ թէ առեւտրական բաժինը:
գ.- Ներկաները հաստատեցին, որ Ազգային միացեալ վարժարանի շինութեան ծրագիրը թէեւ այս օրերուն մեծ յանձնառութիւն է, սակայն Պուրճ Համուտի հայութեան դիմաց կը բանայ նոր հորիզոններ, եւ անհրաժեշտ նկատեցին այս ծրագիրին համալրումը եւ յաջողութիւնը` համոզում յայտնելով, որ անպայմա՛ն քաջալերողներու եւ զօրակցողներու թիւը մեծ պիտի ըլլայ:
դ.- Պուրճ Համուտի շուկաները զարգացնելու իմաստով ներկաները պարզեցին իրենց պատկերացումները եւ փոխանցեցին առաջարկները: Այստեղ կարեւոր նկատուեցաւ քաղաքապետութեան հետ գործի անմիջական համակարգումը եւ բարեզարդման աշխատանքներու ծաւալումը:
ե.- Գաղութի մարդուժի հաւաքագրման առումով, ընդհանուր տեղեկութիւններու շտեմարանի մը (տաթա պէյս) պատրաստութիւնը իր կարգին ներկաներու կողմէ նկատուեցաւ խիստ կենսական: Այս տաթա պէյսը կրնայ օգտագործելի դառնալ շատ մը ծրագիրներու եւ կը ստեղծէ լայն կարելիութիւններ:
զ) Զոյգ հանդիպումներուն մասնակիցներուն կողմէ կարեւոր նկատուեցաւ երիտասարդ սերունդի` մեր ազգային կեանքի զանազան մարզերուն մէջ ներկայութիւն ապահովելու անհրաժեշտութիւնը: Այս ծիրին մէջ յաճախ մտահոգութիւն յայտնեցին, որ ընդհանրապէս մեր միջավայրէն օտարացման երեւոյթ մը գոյութիւն ունի եւ շատ մը երիտասարդներ իրենց կարողութիւնը կը ներդրեն օտար կազմակերպութիւններու եւ կառոյցներու մէջ, երբ անդին իրենց գիտութենէն եւ փորձառութենէն կրնան օգտուիլ մեր ազգային կառոյցները եւ միութիւնները: Անոնք ակնկալեցին այս հարցին աւելի խոր քննարկում եւ այդ երիտասարդութիւնը մեր կեանքին մէջ ներգրաւելու համար ժամանակակից պայմաններու, մտածողութեան եւ մօտեցման որդեգրում:
Է) Մատնանշուեցաւ այն երեւոյթը, որ մեր երիտասարդութիւնը ընդհանրապէս կը խուսափի երկրին պետական կառոյցներուն մէջ գործ ստանձնելէ եւ անտարբերութիւն կը ցուցաբերէ այդ մարզին նկատմամբ: Այստեղ անհրաժեշտ նկատուեցաւ այդ կառոյցներուն մասին աւելի իրազեկ դարձնել երիտասարդութիւնն ու ուսանողութիւնը, որովհետեւ հոն առկայ են պատասխանատու պաշտօններ, որոնք մեր համայնքային իրաւունքներուն մաս կը կազմեն:
Եզրակացնելու համար անհրաժեշտ է հաստատել, որ այս հանդիպումներուն տիրապետող էր միասին մտածելու եւ հաւաքաբար աշխատանք ծաւալելու ամբողջական պատրաստակամութիւնը:
Արծարծուած այս օրակարգերէն, ինչպէս նաեւ ներկայացուած շարք մը գործնական առաջարկներէն զգալի դարձաւ նաեւ, որ իւրաքանչիւր ազգային, գաղութը յուզող բոլոր հարցերով տագնապող է եւ գաղութի բարգաւաճումը եւ յառաջդիմութիւնը իրեն համար հիմնախնդիր է եւ միաժամանակ անոր արձանագրած նուաճումները` ազգային հպարտանքի աղբիւր:
Աւելի՛ն, իւրաքանչիւր մասնակիցին մօտ առկայ էր նաեւ ընդհանուր գործին մէջ իր անհատական կարելիութիւնները ներդնելու պատրաստակամութիւն, ինչ որ պարտաւորեցնող հանգամանք է նախ եւ առաջ հրաւիրող կողմին` իր ծրագիրները ընդարձակելու, առաջնահերթութիւնները աւելի յստակացնելու եւ միասնական աշխատանքի աւելի ընդարձակ ու քաջալերող միջավայր ստեղծելու:
Հաւաքական մտահոգութեան ու միասնական աշխատանքի հենքին վրայ մշակուած ամէն ծրագիրի եւ կիրարկուած աշխատանքի յաջողութեան հաւանականութիւնը մի՛շտ ալ բարձր է: Կը մնայ պահել հետեւողականութիւնը, շարունակականութիւնը եւ նպատակաուղղուած աշխատանքով հասնիլ աւելի մեծ արդիւնքի:
Վերջ ի վերջոյ այս բոլորը ինքնանպատակ չեն եւ կը ծառայեն գաղութի յաւելեալ ինքնակազմակերպումին, որպէսզի ան անարգել շարունակէ նաեւ իր համահայկական դերակատարութիւնը: