11 սեպտեմբեր 2001-ին Քայիտա ահաբեկչական կազմակերպութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ գործեց շարք մը յարձակումներ: 16 տարի ետք, ահաբեկչութիւնը ամէնուրեք կը շարունակէ իր անմարդկային արիւնալի արշաւը, եւ անոր դէմ պայքարը դարձած է միջազգային քաղաքականութեան թիւ մէկ օրակարգը:
Ատիկա մասնաւորաբար ակներեւ է Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ: Ահաբեկչութիւնը պարտութեան մատնելու գերհրամայականը Միացեալ Նահանգներն ու անոր դաշնակիցները մղած է Սուրիոյ մէջ վարչակարգի փոփոխութեան օրակարգը նետելու դարակը: Ներկայ ժամանակաշրջանին ահաբեկչութեան դէմ պայքարի յաջողութիւնը արգելակող որեւէ հարց անտեսուած է եւ այդ պայքարը խանգարող որեւէ քայլ արգիլուած:
Տիրող մթնոլորտին մէջ Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզէն հնչող անկախութեան հանրաքուէի մասին ձայները միջազգային քաղաքականութեան «նոթակալին վրայ դրուած երաժշտական կտորէն» շեղումներ են: «Խմբավար»-ը առայժմ ճպոտը նոթակալին հարուածելով շարունակ կը զգուշացնէ Քրտական ինքնավար մարզի ղեկավարութիւնը, թէ «ահաբեկչութեան դէմ պայքար» խորագիրով տուեալ երաժշտական կտորի բնագիրէն շեղելու կամագնացութիւնը անհանդուրժելի է:
Քրտական կողմը կրնայ մետասաներորդ պահուն` Պաղտատի իշխանութիւններուն հետ համաձայնութիւն մը գոյացնելով «յետաձգել» ինքնորոշման իր բնական ու արդար իրաւունքի կիրարկումը, այլապէս անխուսափելի պիտի դառնայ «խմբավար»-ին կտրուկ միջամտութիւնը` անկէ բխող ահաւոր բոլոր հետեւանքներով: Քիւրտերուն յամառութիւնը զանոնք պիտի վերածէ ահաւոր օրինակի մը, որ ուրիշներուն դաս դառնալով` անոնց մտքէն արմատախիլ պիտի ընէ անուղղայութեան մասին նուազագոյն մտածումն իսկ: