ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Պատկեր առաջին:
Առաւօտեան ժամուն, ազնուահոգի բարեկամի մը (նախկին արագածցի) գործատեղին նստած կը զրուցէինք գաւաթ մը սուրճի շուրջ: Յանկարծ կը մտնէ վաղեմի ընկեր մը (դարձեալ արագածցի): Երբ զիս կը տեսնէ, անոր առաջին արտայայտութիւնը կ՛ըլլայ հետեւեալը. պէտք է անպայման գրես մեր խըսըմին մասին` քառասունքին առիթով, անոր վաստակը շատ է եւ յիշատակը միշտ յարգելի:
Ընկերական ոգիով լեցուած հրահանգ մըն էր` ուղղուած հաւատաւոր ընկերոջ մը կողմէ: Անմիջական հակազդեցութիւն մըն ալ ունեցաւ մեզ հիւրընկալողը, ըսելով` մեզմէ ո՞վ կրնայ մոռացութեան տալ Եղսա թանթիկին էմէկը, նուիրում-աշխատանքը:
Պատկեր երկրորդ:
Քանի մը օր ետք, երբ ա՛լ որոշեցի սպիտակ թուղթին յանձնել ապրուած կեանքի մը յուշերը, արդէն մտքի պաստառիս վրայ ուրուագծուեցան այնպիսի պատումներ եւ յիշատակներ, որոնք անթեղուած էին ներաշխարհիս մէջ եւ կարծես կ՛ուզէին յեղակարծ լոյսին գալ, արեւու ջերմութեամբ ողողուիլ, մարդկային վսեմ ապրումներով շաղախուիլ ու խաղաղութեամբ լեցուիլ:
Ստորեւ` յիշատակներու մէկ չնչին պատկեր մը, որ այս պարագային կը վերաբերի նոյնինքն Եղսա թանթիկին, որ խորքին մէջ ըլլալով համեստ թաղեցի ու խոնարհ հայուհի մը, միշտ ալ նուիրումով աշխատած է իր ողջուց:
Պատեհ է ընդգծել, որ առանձնացնել Եղսա թանթիկի անունը, չի նշանակեր, որ զանց առած կ՛ըլլանք ամբողջ թաղամասի մը մէջ ապրած բազում նուիրեալներու կեանքն ու աշխատանքը, ատոնք ալ իրենց կարգին վաստկած են նոյնքան սէր ու յարգանք, որքան` Եղիսաբէթ Շահինեան:
Ահա այս մօտեցումով է, որ հակիրճ պատմական ճշմարտութիւն ընդգրկող տողեր ուզեցինք սեւով ճերմակին յանձնել, յատկապէս Արագած թաղամասի մասին, որուն մէկ հեզահամբոյր ներկայացուցիչն է եղած Եղսա թանթիկը:
Պատանեկութեան օրերէն, աւելի քան քառասուն տարի, Պուրճ Համուտի Արագած թաղամասի Եղիսաբէթ Շահինեանի մտերմութեան հետ ապրելու բախտն ու պատիւը ունեցած եմ, ունեցած են նաեւ իրերայաջորդ սերունդներ:
Սերունդներ, որոնք ծնած ու հասակ առած են այդ ֆոլքլորիք թաղամասին մէջ: Թաղամաս, որ ունեցած է եզակի ազգագրական պատկեր եւ հայաշունչ մթնոլորտ: Աւելի՛ն. Արագածի թաղամասը եղած է հայահոծ շրջան, ունեցած է դպրոց(ներ), եկեղեցի, հայրենակցական միութիւն ու դաշնակցական ակումբ, որ ցարդ կը գործէ եւ կը շարունակէ իր ծառայութիւնը մատուցել շրջանի հայութեան:
Այո՛, դաշնակցական ակումբ, որուն մասին արդար է բարձրաձայն յայտնել եւ առանց վերապահութեան ընդգծել, որ այս կառոյցը եղած է շրջանին մէջ ապրող հայութեան (առանց գաղափարական ու յարանուանական խտրութեան) տունն ու գաղափարական ամրոցը:
Շրջանի ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէութիւնը ամբողջ տասնամեակներ, մանաւանդ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, ցոյց տուաւ այնպիսի նուիրում եւ զոհողութիւն, որ պատիւ կը բերէ մեր կուսակցութեան եւ ժողովուրդին:
Ի դէպ, յիշեցնե՞լ է պէտք, որ այս շրջանը կազմաւորուած է Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն վերապրած մեր մեծ հայրերուն եւ մայրերուն քրտինքով, նուիրումով եւ ջանասիրութեամբ: Շրջանը տակաւ զարգացած ու բարգաւաճած է մինչեւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սկիզբը` 1975 թուական, երբ եղբայրասպան եւ խօլ պատերազմը, ամբողջ 15 տարի, իր սեւաթոյր զգեստն ու սահմռկեցուցիչ աւերները տարածեց նաեւ այս փոքրիկ շրջանին վրայ` պատճառ դառնալով աննման տղոց նահատակութեան եւ հարազատներու կորուստին, տուներու ու շէնքերու քանդումին եւ հայաթափման:
Արդ, ո՞վ էր ան, որ առաւելաբար ճանչցուած էր Եղսա թանթիկ կամ խըսըմ (ազգական) մակդիրով: Ինչո՞վ կը տարբերէր ուրիշներէ, մարդկային ինչպիսի՞ յատկութիւններով օժտուած թաղեցի մայր մըն էր ան, ինչո՞ւ այսքան սէր ու յարգանք կը վայելէր իր շրջապատէն, եւ վերջապէս, ի՞նչն է, որ մեզ կը պարտաւորեցնէ գրել ու խօսիլ, յիշել ու յիշատակել, վերապրիլ ու վերապրեցնել այն բոլոր պատումները, որոնք մօտէն կ՛առնչուին Եղսա թանթիկին:
Խոստովանինք, թէ քիչ կը պատահի, որ անձի մը անունը ուղղակիօրէն կապուի իր շրջապատին, թաղին ու միջավայրին: Այլ խօսքով, եթէ երբեք ապագային խղճամիտ ու անաչառ պատմաբան մը ուզէ գրել Արագած թաղամասի 100-ամեայ պատմութեան մասին, լոյսին բերելով հայահոծ այս շրջանի ազգագրական պատկերն ու անհատներու դերակատարութիւնը, անտարակոյս, Եղսա թանթիկի ու անոր նման բազում նուիրեալներու անունները հպարտօրէն պիտի արձանագրէ եւ յիշէ զանոնք:
Եւ ահա, այս հայատրոփ եւ քաջասիրտ թաղամասի զաւակն էր բոլորիս սիրելի Եղիսաբէթ Շահինեանը` Եղսա թանթիկը, որ աւելի քան կէս դար ծառայած էր շրջանի հայութեան եւ բարօրութեան: Հակառակ անոր որ ան եղած էր բազմանդամ ընտանիքի մայր (երկու ուստեր եւ երկու դուստր), Եղսա թանթիկը միշտ ալ ժամանակ եւ տրամադրութիւն գտած էր հասնելու շրջանի հայութեան կարիքաւոր ընտանիքներուն եւ հարազատներուն:
Փաստօրէն, Եղսա թանթիկ կանուխ տարիքէն անդամագրուելով ԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղին, երկար տարիներ, նուիրումով եւ համբերատար ոգիով իր անմնացորդ ծառայութիւնը մատուցած էր շրջանի հայութեան, խաղաղ թէ պատերազմի օրերուն:
Այսուհանդերձ ինչպիսի՞ նկարագրային առանձնայատկութիւններ ունէր մեր թաղեցին, որ կրցած էր իր ներկայութեամբ լեցնել բոլորիս սրտերն ու հոգիները:
Բոլորիս հարազատ Եղսա թանթիկը ուրիշներէ կը տարբերէր իր խանդավառ եւ միշտ լաւատեսի յատկութեամբ: Ան իր փոքրիկ կրպակին մէջ նստած ամբողջ կեանք մը կը լեցնէր իր ներկայութեամբ: Բոլորը` հայ թէ տեղացի, իսլամ թէ քրիստոնեայ կը ճանչնային մեր խըսըմը: Ան, իր կարգին, մեծ ու փոքրին կը տածէր սէր ու յարգանք եւ իր համակ մարդասիրութեամբ կլանած էր թաղեցիներուն սրտերը:
Գրեթէ ամէնօրեայ ներկայութեամբ, Եղսա թանթիկ լսելի կը դարձնէր իր ձայնը: Ան մօտէն կը հետաքրքրուէր իւրաքանչիւրի մասին, բաժնեկից կը դառնար բոլորին ուրախութեան, սուգին, տառապանքին եւ յաջողութիւններուն: Չէ պատահած, որ ան, որեւէ պարագայի, նեղացնէ դիմացինը կամ ժխտական վերաբերում ցուցաբերէ անոր նկատմամբ:
Նոյնիսկ պատերազմի ամէնէն դառն վայրկեաններուն, անոր ժպիտն ու ներողամիտի հայեացքները անպակաս էին: Համարձակ էր ան, չէր վարաներ ըսելու իր խօսքը, կը յայտնէր իր կեցուածքը եւ միշտ հաշտարարի մօտեցումով կը հարթէր ամէն մտահոգութիւն եւ խոչընդոտ:
Եւ երբ քաղաքացիական պատերազմը կը պայթէր, արդէն Եղսա թանթիկ կազմ ու պատրաստ էր իր մայրական հոգածու եւ անմնացորդ նուիրումը ի սպաս դնելու շրջանի հայութեան, ի մասնաւորի` ակումբի տղոց, որոնք տիւ եւ գիշեր ստանձնած էին իրենց ժողովուրդին պաշտպանութիւնն ու անվտանգութիւնը:
Անխտիր բոլորին վկայութեամբ կարելի է արձանագրել, որ պատերազմի բռնկումի առաջին օրէն մինչեւ աւարտ Եղսա թանթիկ իր ԼՕԽ-ի ժրաջան ու քաջ ընկերուհիներուն հետ միասին պատնէշի վրայ մնաց` կիսելով ամէնէն դաժան օրերն ու պահերը:
Փաստօրէն մեզմէ ո՞վ չի յիշեր Եղսա թանթիկի եւ ԼՕԽ-ականներու պատրաստած ճաշերը, սանտուիչներն ու դեղորայքի սպասարկութիւնը, գրեթէ ամէն օր եւ ռումբերու տարափին տակ:
Հապա անոր մխիթարական խօսքերն ու պատգամները, միշտ անպակաս էին, երբ մահ կամ աւեր արձանագրուած ըլլար թաղամասի մէկ փողոցին մէջ: Ան կը շնչէր, կ՛ապրէր ու կ՛աշխատէր, իր ընտանիքին կողքին, նաեւ հաւաքականութեան մը համար: Իսկ անոր ամէնէն ցայտուն գիծերէն մէկը ազգային աւանդութիւններու հանդէպ ցուցաբերած խոր հաւատամքն էր, ան կ՛ապրէր իւրաքանչիւր տօնի կամ աւանդութեան հետ: Յիշատակելի էր անոր աւանդապահի կեցուածքը:
Իսկ անոր աւանդապահութիւնը ոչ թէ եկեղեցական ծէսի մը լրջութիւնը ունէր, այլեւ` խանդավառութիւնն ու խնդուքը, ուրախութիւնը, երգն ու պարը անպակաս էին անոր կեանքէն: Փաստօրէն, ազգային աւանդութիւնները իրեն համար մէյ-մէկ տօնակատարութիւն էին: Տեառնընդառաջի, Վարդավառի, Ամանորի, Զատիկի թէ անուանակոչութիւնները միայն ու միայն երջանիկ պահեր ստեղծելու կը ծառայէին:
Ան կիրակի առաւօտ ժամերուն արդէն թաղին մէջ կազմ ու պատրաստ կ՛ըլլար, որպէսզի իր ուրախ ձայնով եւ անօրինակ խանդավառութեամբ կեանքի կոչեր աւանդութիւն մը, տօն կամ անուանակոչութիւն մը: Նախաձեռնութիւնը միշտ ի՛րն էր:
Սիրելի՛ Եղսա թանթիկ, մահուանդ յիշատակին առիթով իսկ մեզ մղեցիր յիշելու երջանիկ օրերն ու խանդավառութեամբ լեցուն պահերը: Ասոնք լոկ պատառիկներ էին քու այնքան հարուստ նուիրումի կեանքէդ ու բարի յիշատակէդ:
Վա՛րձքդ կատար:
25 օգոստոս 2017