ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ
Վերջերս ռուսական լրատուամիջոցներ, նաեւ ինքնահռչակ քաղաքագէտներ եւ վերլուծաբաններ սուր կերպով քննադատեցին Երեւանի արտաքին քաղաքականութիւնը եւ մեղադրեցին Հայաստանը` իբրեւ «դաւաճանող դաշնակից»: Հայոց պատմութեան գիրքերէն բոլորս ալ կը յիշենք նշանաւոր ռուս իշխան Լոպանովի խօսքը. «Այո՛, մենք կ՛ուզենք Հայաստան, սակայն` առանց հայութեան»: Անշուշտ ասիկա ըսել չէ, որ այլ դաշնակիցներ պէտք է փնտռել, Հայաստանի աշխարհաքաղաքական դիրքը կը ստիպէ, որ Հայաստան քաղաքական դաշինքի մէջ մտնէ Ռուսիոյ հետ, եւ ուշ կամ կանուխ Մոսկուա պիտի գիտակցի, որ Հայաստան շրջանին մէջ իր միակ դաշնակիցն է: Այս յօդուածով կ՛ուզեմ անդրադառնալ ներկայիս Քրեմլինի մէջ գոյութիւն ունեցող ծայրայեղական խմբակի մը, որ ազդուած է քաղաքական փիլիսոփայ Ալեքսանտր Տուկինի գաղափարներէն:
Ո՞վ Է Ալեքսանտր Տուկին
1980-ական թուականներէն Ալեքսանտր Տուկին վերլուծումներ հրատարակած է Խորհրդային Միութեան եւ ապա Ռուսիոյ եւրասիական քաղաքականութեան վերաբերեալ: Ան տարիներ շարունակ եղած է նախագահ Փութինի խորհրդականը, եւ ներկայիս Եւրասիոյ մէջ Ռուսիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը կ՛առաջնորդուի տուկինեան գաղափարախօսութեամբ: 2014-ին ան հրապարակեց իր նշանաւոր գիրքը` «Եւրասիոյ առաքելութիւնը», ուր, ըստ Տուկինի, 21-րդ դարը պիտի յատկանշուի Եւրասիոյ եւ ՕԹԱՆ-ի միջեւ պայքարով: Տուկին իր գիրքին մէջ կը նշէ, որ Ռուսիա ամէն ջանք պիտի թափէ պահպանելու համար իր շահերը Եւրասիոյ մէջ` դաշնակցելով երկիրներու հետ, որոնք հակաատլանտեան դաշինքին մաս կը կազմեն: Հոս պէտք է նշել, որ Ատլանտեան դաշինքին սիւներէն են Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպական Միութիւնը, իսկ Տուկինի համար Թուրքիա, Իրան եւ Ազրպէյճան կարեւոր դեր կը խաղան հզօրացնելու Ռուսիոյ դերը Միջին Արեւելքի եւ Կովկասի մէջ:
Ըստ երեւոյթին, Տուկին պատմութիւնը եւ աշխարհաքաղաքականութիւնը ծուռ հասկցած է…
Ալեքսանտր Տուկին 2016-ին, ապրիլին արցախեան քառօրեայ պատերազմէն անմիջապէս ետք յօդուածով մը յայտարարեց, որ` «ղարաբաղեան հարցը լուծում չունի»: Ան նաեւ շեշտեց, որ այս պատերազմէն օգտուող միակ կողմը Միացեալ Նահանգներն են: Հաւանաբար Տունկին մոռցաւ նշելու, որ Ազրպէյճանն էր եւ ոչ թէ Միացեալ Նահանգները, որ պատերազմ յայտարարեց Արցախի դէմ:
Տուկինականութիւնը Եւ Հայաստանը
Ռուս պաշտօնական բանբերներ դարձեալ յայտարարեցին, որ Ռուսիա կը միտի բանակցային նոր հոլովոյթի մէջ մտնել արցախեան տագնապի լուծման շուրջ: Այս կոչին առիթով ահազանգ հնչեցուց Ռուսիոյ Համայնավար կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի նախագահ Կենատի Զիւկանովը, որ դիտել տուաւ, թէ Խորհրդային Միութեան կողմէ ներկայացուած առաջարկը պէտք է վերակենդանանայ (ժողովուրդներու միջեւ եղբայրութիւնը եւ համակեցութիւնը): Այս առաջարկին վստահօրէն աջակցեցաւ Ազրպէյճանը: Զիւկանով նաեւ շեշտեց, որ առանց Ռուսիոյ` չկայ խաղաղութիւն Հարաւային Կովկասի մէջ:
Եւ այսպէս, ռուսական լրատուամիջոցները, մէջը ըլլալով` պաշտօնական «Սփութնիք»-ը, հրապարակեցին «վերլուծութիւններ», որոնք կը կրէին հետեւեալ խորագիրները. «Հայաստան կը դաւաճանէ Ռուսիոյ», «Հայաստան կը լքէ Եւրասիական միութիւնը», «Հակառուսական զգացումներ Հայաստանի մէջ», «Հայաստան Ուքրանիոյ նման կը դառնայ Ռուսիոյ թշնամին», «Հայաստան ՕԹԱՆ-ին կրնայ անդամակցիլ»:
Անտրու Քորիպքօ` Ալեքսանտր Տուկինի երիտասարդ աշակերտնէրէն մէկը, չթաքցուց իր հակահայ զգացումները, երբ իրեն հետ կարճ վիճաբանութիւն մը ունեցայ համացանցի վրայ եւ նամակով մը պատասխանեցի անոր անհիմն վերլուծութիւններուն: Քորիպքօ, որ կ՛աշխատակցի «Սփութնիք»-ին, կը հաւատայ, որ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ մերձեցումը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ Միջին Արեւելքի եւ Կովկասի մէջ, նոյնիսկ եթէ ատիկա ըլլայ փոքր երկիրներու հաշուոյն, մէջը ըլլալով` Հայաստանը, որ պէտք է «մոռնայ իր անցեալի պատմութիւնը եւ միանայ ռուսական դաշինքին, որուն մաս կը կազմեն նաեւ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը»: 29 օգոստոսին ան «Սփութնիք»-ի մէջ հրատարակեց «Արդեօք Հայաստանը, Սերպիան եւ Հնդկաստանը կը դաւաճանե՞ն Ռուսիոյ, թէ՞ կը հաւասարակշռեն զայն» խորագիրով յօդուած մը, որուն մէջ քննադատեց այս երեք երկիրներուն վարած արտաքին քաղաքականութիւնը: Անշուշտ յօդուածին մէջ շեշտը դրուած էր Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ վերջերս նախաստորագրուած համաձայնութեան վրայ, որուն վերջնական ստորագրութիւնը կը նախատեսուի նոյեմբերին: Ըստ երեւոյթին, Քորիպքոյի համար Հայաստան ռուսական նահանգ մըն է, եւ դժբախտաբար նախկին ցարական, ապա պոլշեւիկեան եւ ներկայիս ռուսական գաղութատիրական ու կայսերապաշտական քաղաքականութիւնը նոր թափ կը ստանայ Քրեմլինի մէջ` որոշակի ազգայնամոլ խմբակի մը կողմէ:
Քորիպքօ «Հայաստան կը լքէ Ռուսիան. ազդեցութիւններ Կովկասի վրայ» (10 օգոստոս 2017) խորագիրով այլ յօդուածով մը դարձեալ ասպարէզ կ՛իջնէ եւ կոչ կ՛ուղղէ ռուսական կառավարութեան` ամէն ջանք թափելու իր հակակշիռին տակ պահելու համար Հայաստանը եւ կը զգուշացնէ Հայաստանի «արեւմտամէտ-ազատական-ազգայնական» իշխանութիւնը` չդառնալու «Ամերիկայի քամիքազը»` հրահրելով պատերազմ մը Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ: Քորիպքօ, դարձեա՛լ իր ուսուցիչին նման, կը մոռնայ, որ Հայաստանը չէր, որ պատերազմ յայտարարեց Ազրպէյճանի դէմ, եւ նոյնիսկ ազրպէյճանական իշխանութեան պաշտօնական բանբերները կը վկայեն այս մասին: Ըստ Քորիպքոյի, հայերը կը կարծեն, որ Ռուսիա հայ ժողովուրդին «պատմական պարտք» ունի, պարզապէս Քորիպքոյի սահմանափակ մտածողութեամբ` «հայերը ցեղասպանութեան ենթարկուած են օսմանցի թուրքերուն կողմէ, որովհետեւ դաւաճանեցին իրենց պետութեան ու դաշնակցեցան ցարական Ռուսիոյ հետ: Ռուսիա ներկայիս ոչ մէկ քաղաքական պարտք ունի այդ զոհերուն նկատմամբ եւ իր յարաբերութիւնները չի կրնար վտանգել Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ»: Ան նաեւ կը գրէ, որ Ռուսիա զինամթերք կը տրամադրէ թէ՛ Հայաստանին եւ թէ՛ Ազրպէյճանին, որպէսզի զինուորական հաւասարակշռութիւնը պահպանէ Կովկասի մէջ եւ ոչ թէ քաջալերէ մէկը միւսին դէմ, ինչ որ Միացեալ Նահանգներ կը ջանան ընել: Քորիպքօ նաեւ յանգած է այն եզրակացութեան, որ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը հիմնուած է հակաթրքական եւ հակաազրպէյճանական քաղաքականութեան վրայ, հետեւաբար երբ Ռուսիա կը մօտենայ Անգարային եւ Պաքուին, իսկ Միացեալ Նահանգներ կը հեռանան անոնցմէ, բնականաբար Հայաստան պիտի մօտենայ Ուաշինկթընի: Վերջապէս, ան կը զգուշացնէ Հայաստանը, որ չխոչընդոտէ Ռուսիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ կողմէ ստեղծուած բազմաբեւեռ համաշխարհային կարգը, զոր կը ներկայացնեն Միջին Արեւելքի եւ Եւրասիոյ ուժերը` ընդդէմ Արեւմուտքին, եւ հարցականի տակ կ՛առնէ, թէ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ ռազմական դաշինքը որքանո՞վ Ռուսիոյ օգտին է:
Ռուսիա այլ պատգամ մը հասցուց Հայաստանին` Սերկէյ Մարքովի միջոցով, որ բաւական ազդեցութիւն ունի Ռուսիոյ արտաքին քաղաքականութեան վրայ: Մարքով նախագահն է Ռուսիոյ Ազգային ռազմավարական խորհուրդին: Ան յուլիսին հարցազրոյց մը տուաւ ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան` յայտարարելով, որ` «Երեւան երկու ճակատներու վրայ կը խաղայ»: Մարքով ըսաւ. «Այսօր բազմաթիւ երկիրներ սերտ յարաբերութիւններ ունին ՕԹԱՆ-ի հետ, ինչպէս` Վրաստանը, կան նաեւ` Ղազախստանը, Ազրպէյճանը եւ Պիելոռուսիան, որոնք շատ խիզախ եւ անկեղծ ձեւով յայտարարած են, որ լաւ յարաբերութիւններ ունին Արեւմուտքին եւ Ռուսիոյ հետ, իսկ հոն կայ Հայաստանը, որ կը պնդէ, թէ Ռուսիոյ դաշնակիցն է, սակայն անոր վարած քաղաքականութիւնը կը փաստէ հակառակը»: Մարքով կ՛աւելցնէ. «Հայաստանը կ՛օգտագործէ Ռուսիոյ հետ իր դաշնակից ըլլալը` անձնական շահերու համար, Հայաստան դժգոհ է, որ Ռուսիա բարեկամական սերտ կապեր կը մշակէ Ազրպէյճանի հետ եւ զէնք կը տրամադրէ` հզօրացնելով ազրպէյճանական բանակը, Հայաստան պարզապէս կը նախանձի ռուս-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն»:
Եզրակացութիւն…
Ռուսական ճնշումը վերջերս յստակ էր, եւ Հայաստան դարձեալ «գիշերային որոշումով» մը հրաժարեցաւ ՕԹԱՆ-ի ռազմափորձին մասնակցելէ: Վրաստանի մէջ 3 սեպտեմբերին սկսած ՕԹԱՆ-ի «Agile Spirit 2017» ռազմափորձին կը մասնակցէին` Վրաստանը, Միացեալ Նահանգները, Պուլկարիան, Ռումանիան, Ուքրանիան, ինչպէս նաեւ` Հայաստանը: Հոս պէտք է յիշեցնել, որ Հայաստան մասնակցած էր Վրաստանի մէջ այս տարուան 30 յուլիսին տեղի ունեցած ՕԹԱՆ-ի ռազմափորձին, բան մը, որ Ռուսիոյ տարբեր շրջանակներուն մէջ դժգոհութիւն յարուցեց: Արդէն իսկ մասնակցութեան որոշումը շատ ալ տեղին չէր, սակայն Երեւանի վերջին վայրկեանի «ոչ»-ը արեւմտեան շրջանակներուն մէջ որոշ հարցադրումներ յառաջացուց Հայաստանի վարքագիծին նկատմամբ:
Հոս կարեւոր է վերահաստատել նաեւ, որ Հայաստան չի կրնար վարել արտաքին քաղաքականութիւն մը, որ կը հակասէ Ռուսիոյ շահերուն, սակայն ճկունութիւնը պէտք է պահէ` մասնաւորապէս ընդլայնելու իր տնտեսական յարաբերութիւնները Եւրոպական Միութեան ու Հնդկաստանի հետ եւ տնտեսական ու ռազմական յարաբերութիւնները` Չինաստանի հետ: Հայաստանի իշխանութիւններուն կը մնայ աշխուժ ու սերտ յարաբերութիւնները շարունակել Քրեմլինի հետ եւ նուազեցնել տուկինական ազրպէյճանամէտ ազդեցութիւնը` վստահեցնելով ռուսական իշխանութիւններուն, որ Հայաստան չի կրնար դառնալ հակառուսական գործելադաշտ մը: Իսկ ինչ կը վերաբերի սփիւռքին, մասնաւորապէս` սփիւռքահայ գործարարներուն, ապա անոնք պէտք է ամէն ջանք թափեն Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման համար եւ ձերբազատեն երկիրը ռուսական շուկայէն ունեցած անոր տնտեսական կախեալութենէն, մանաւանդ որ ռուսական տնտեսութիւնը կախեալ է քարիւղի գիներէն: Հայաստան միայն տնտեսական ազատագրումով կրնայ «սահմանափակ», բայց ճկուն արտաքին քաղաքականութիւն մը վարել:
Շատ անգամ ըսած եմ եւ դարձեալ կը կրկնեմ. «Ռուսիան Հայաստանի դաշնակիցն է, սակայն` ոչ բարեկամը…»: Քաղաքականութեան մէջ չկան բարեկամներ, այլ միայն ու միայն` շահեր…