Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13529

Հայրենիքի Շուքին Տակ Լաւագոյն 14 Օրեր

Image may be NSFW.
Clik here to view.

ՎԱՀԱՆ ՍԱՂՏԸՃԵԱՆ
Հայկազեանի ուսանող

Ապրիլի երկրորդ օրն էր, երբ մօրս հետ խօսելու ընթացքին ստացայ հայրենիք մեկնելու ուրախ լուրը: Այդ վայրկեանէն սկսեալ կը հաշուէի օրերն ու վայրկեանները…

8 յուլիս 2017-ին հայրենիքը իր լայն թեւերը բացած` գրկեց Համազգայինի երիտասարդներս: Մայր Հայաստանը իր տաքուկ փաթթուկով վերջապէս մարեց տարիներու մեծ կարօտիս կրակը:

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Աչքերուս չէի հաւատար: Բոլոր տեսածներս կարծես երազ ըլլային: Դպրոցական տարիներուս լսած պատմութիւններս ու մտքիս մէջ ընդգծուած պատկերները կը տեսնէի, կը շօշափէի ու կը զգայի:

Image may be NSFW.
Clik here to view.
Image may be NSFW.
Clik here to view.
Հայրենիքի իւրաքանչիւր անկիւն հայկականութիւն կը բուրէր` իր ճարտարապետութեամբ, երաժշտութեամբ ու բնութեամբ: Անսահման գեղեցկութիւն կը տիրէր ամբողջ տարածքին: Իւրաքանչիւր վայր կարծես գեղանկար մը ըլլար` գծուած հայու ստեղծագործ ձեռքերով ու մտքերով,  որոնց նմանը մարդ արարած պիտի տեսնէ ո՛չ աշխարհին վրայ եւ ո՛չ ալ աշխարհէն դուրս:

Մարդոց լեզուներու արտասանութեամբ ականջներս կը վայելէին այբբենական տառերը: Ջուրերը ամէն կողմ կը հոսէին` հպարտ իրենց հայկականութեամբ: Երկինքը կապոյտ ու ծաղկաձեւ ամպերով զարդարուած էր:

14 թանկագին օրեր անցընելով Հայաստանի ու Արցախի մէջ` ըմբոշխնեցի գեղեցկագոյն պատկերները, ստացայ հարուստ գիտելիքներ եւ ապրեցայ ընկերային թանկարժէք պահեր: Իւրաքանչիւր վայր իր քաղցրութեամբ ու սրբութեամբ մեզի ընծայեց անմոռանալի ապրումներ ու յիշատակներ: Այդ բոլորը տեսնելն ու շօշափելը տարբեր զգացումներ էին, զորս չեմ կրնար բացատրել տողերու ու բառերու ընդմէջէն: Լաւագոյն զգացումները այնտեղ  կ՛ապրէի, մանաւա՛նդ երբ պահ մը կը փակէի աչքերս ու Արցախի բնութեան բոյրը եւ հողը շնչելով` կը ստանայի ուժ ու ներքին հանգստութիւն:

Image may be NSFW.
Clik here to view.
Image may be NSFW.
Clik here to view.
Մեր հայրենիքը հայութեամբ տոգորուած մանուկին, պատանիին, երիտասարդին ու ծերունիին դրախտավայրն ու յաւիտենականութիւնն է: Մեր լեզուն երբ հրաշագեղօրէն հնչէ կամ մեր ականջները անոր դուրեկան հնչիւնները լսեն, անպայման, ո՛ւր որ ալ ըլլանք, մեր միտքն ու հոգին  ընդմիշտ պիտի սաւառնին դէպի դալար ու կանաչազարդ պարտէզները, մեր հոգիները պիտի  լեցուին հոգեպարար երաժշտութեամբ, վարդերու ու շուշաններու բուրումնաւէտ հոտով: Պիտի  հասնինք Արարատի բարձունքին` մեր հազարամեայ հարուստ պատմութեան: Պիտի տեսնենք մեր աչքերուն առջեւ  հպարտութիւն ու մեծութիւն ներշնչող մեր հերոսներուն գեղեցիկ ու հզօր պատկերները, պիտի շնչենք անոնց արեան հոտը եւ պիտի լսենք անոնց կրակոցներու ձայնն ու յաղթանակի երգերը:

Իմ մա՛յր հայրենիք, մեծ ժպիտ դէմքիս եւ արցունք աչքերուս` կը մեկնիմ սփիւռք: Արցունք,  որովհետեւ կարօտի կրակը կը վառի սրտիս մէջ: Կը ժպտիմ, որովհետեւ կը հաւատամ, որ այս մէկը ժամանակաւոր է: Որպէս հայ զաւակդ, ո՛ւր որ ալ ըլլամ, կարօտին չդիմանալով, պիտի վերադառնամ մօտդ ու պիտի գրկեմ քեզ այնքան ամուր, որ արծուաբոյն թեւերդ պիտի դառնան իմ տունս եւ հոգիս իր թեւերը բացած` մեծ հպարտութեամբ  պիտի սաւառնի կրկին անգամ Արարատի գագաթը:

* * *

Շնորհակալութի՛ւն Համազգային Ֆորումի կազմակերպիչ յանձնախումբին, որուն տարած հսկայական աշխատանքով աշխարհի տարբեր երկիրներէ հայ զաւակներ հայրենիքի գիրկը համախմբուեցան, որպէսզի իւրաքանչիւր հայ ուսանող հայրենիքի շունչը ստանալով` իր կեանքի լաւագոյն օրերը անցընէ մայր հողին վրայ ու զօրացնէ իր հայկական ոգին: Նաեւ` շնորհակալութի՛ւն Քեսապի Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան, որ եղաւ հայրենիքը տեսնելու երազիս իրականացման աղբիւրը: Բոլորին վարձքը կատար:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13529

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>