Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13635

Անկարելի Սէրը Եւ Շաւիլի Սուրբ Կոյսը

$
0
0

ՀՐԱՅՐ ՀՐԱՉԵԱՆ

2015-ին Պէյրութի մէջ լոյս տեսաւ գեղանկարիչ Յարութիւն Թորոսեանի «Անկարելի սէր. էջեր նկարիչի մը օրագրէն» գիրքը, նուիրուած` փարիզեան իր ուսանողական տարիներուն:

Շնորհիւ Ամերիկայի «Մալաթիոյ կրթասիրաց միութեան» յատկացուցած կրթաթոշակի մը, ան 23 տարեկանին Փարիզ կը ժամանէ 1956-ի ցուրտ օր մը` գեղարուեստի իր ուսումը շարունակելու եւ կատարելագործելու համար:

Շուտով կը յաջողի բնակարան մը ապահովել մայրաքաղաքի Ուսանողական ոստանի Հայ տան մէջ:

Եւ այսպէս, արուեստագէտը կը պատմէ իր ապրած օրերը, լի` նիւթական դժուարութիւններով, բայց` համեմուած նաեւ ազատութիւն վայելող ուսանողի մը ունեցած անցողակի արկածախնդրութիւններով եւ… սէրերով:

Ինչպէ՞ս չյիշել Շահնուրի «Նահանջ»-ը, որ կարելի է բաղդատել երեսուն տարիներ ետք Յարութիւնի ապրած կեանքին հետ: Նոյն դժուար առօրեան` հացի գումարը ապահովելու հոգ, փարիզեան յորձանուտին մէջ խելակորոյս` ենթակայ անոր բոլոր փորձութիւններուն, բայց նաեւ վաղանցուկ, առանց վաղորդայնի սիրային կապեր` օրիորդներու հետ, որոնք կը յայտնուին ամէն քայլափոխի:

Անցողակի սէրեր, բայց նաեւ` այն միակ անկեղծ եւ խոր սէրը զուիցերիացի գեղեցկուհի Ժաքլինի հանդէպ: Առաջին նայուածքէն Յարութիւն կը սիրահարի անոր, բայց այդ փոխադարձ սէրը երբեք պիտի չկարենայ յանգիլ շօշափելի արդիւնքի մը: Իսկակա՛ն պղատոնական սէր մը: Տասը երկար տարիներ կը տեւէ այս անկարելի սէրը, համեմուած` վարանումներով, անհամարձակութիւններով եւ կասկածանքներով, ի վերջոյ հասնելու համար վերջնական խզումի մը:

Յարութիւն անհամար անգամներ գծագրած էր Ժաքլինի դիմանկարը: Երբ Շաւիլի նորակառոյց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Կրօնական ընկերակցութիւնը իրեն կը դիմէ խորանին վրայ Ս. Աստուածածինի կերպարը գծելու համար, նկարիչը զայն կը պատկերացնէ իր այնքա՜ն սիրած ու կորսնցուցած Ժաքլինի գիծերով: Ան այսօր ալ Շաւիլի խորանէն մեզի կը նայի…

Վերջապէս, Հայաստանի մէջ է, որ Յարութիւն պիտի գտնէ իր կեանքի կողակիցը:

Ուսանողի մը կեանքի այս պատումը, գրուած` պարզ լեզուով, դիւրաւ կը կարդացուի եւ մեզ կը տանի այն տարիները, երբ արեւմտահայերէնը դեռ կ՛ապրէր սփիւռքեան իր ծաղկման շրջանը:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13635

Latest Images

Trending Articles



Latest Images

<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>