Կ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ
Վ. Արեանի ուսումնասիրութիւնն ալ` «Ազգային հարցը եւ սոցիալիստական մտքի զարգացումը» խորագրեալ, նախորդ ուսումնասիրութեան նման, երկար է: Վ. Արեան, ըստ Ս. Վրացեանի, ծածկանունն է Միշա կամ Վարդան Արզումանեանի(25):
Վ. Արեան կը յայտնէ, որ ներկայիս, մարդկային պատմութեան այս փուլին, բոլոր ժամանակներէ աւելի կը զգացուի անհրաժեշտութիւնը ազգային հարցի շուտափոյթ լուծման: Հեղինակը իր ուսումնասիրութիւնը բաժնած է չորս մասի.
Առաջին մաս. «Ժողովրդի դերը պատմութեան մէջ»:
Ազգային հարցի լուսաբանման մէջ մեծ տեղ կը գրաւէ ժողովուրդին դերը պատմութեան ընթացքին: Ազգային գոյութեան եւ անոր մշակութային ընդունակութիւններու զարգացման, այսինքն ազգային հարցի լուծման համար բաւարար է բազմալեզու պետութիւններու սահմաններուն մէջ ստեղծել ազգային ինքնավարութեան բնոյթ կրող մարմիններ:
Երկրորդ մաս. «Ազգային հարցը հին մարքսիզմի դատաստանի առաջ»:
Քարլ Մարքսը անտարբեր էր ազգային հարցի նկատմամբ: Ան նկատի առած էր տնտեսական գործօնը միայն, որ պատմութեան գլխաւոր մղիչ ուժն է:
«Կոմունիստական մանիֆեստ»ին մէջ Մարքս կ’ըսէ. «Պրոլետարիատը հայրենիք չունի: Կարելի չէ զրկել զինք այն բանէն, որ չունի»(26): Այս հաստատումին մէջ կարելի է տեսնել Մարքսի թշնամական վերաբերմունքը դէպի ազգային հարցը եւ` դէպի այն բոլորը, որ ազգային անունը կը կրեն` ազգային մշակոյթ, ազգային դպրոց, ազգային լեզու կամ գրականութիւն: Ահա այստեղ էր, որ Մարքս կը սխալէր, որովհետեւ կեանքը աւելի ուժեղ դուրս եկաւ եւ ստիպեց, որ ետ առնուի ազգային հարցին հանդէպ հին դատավճիռը:
Երրորդ մաս. «Պրոլետարիատը հայրենիք չունի» լոզունգի յիսնամեայ յոբելեանը»:
Շտուտկարտի ընկերվարական համագումարին ընկերվարութիւնը սկսաւ ազգայնանալ, իսկ մարքսիզմը կը դադրէր նախկին միջազգային բնոյթը կրելէն: Համագումարը վերջ դրաւ «պրոլետարիատը հայրենիք չունի» կարգախօսին: Անիկա ցոյց տուաւ, որ բանուոր դասակարգի գործը թէ՛ ազգային է եւ թէ՛ միջազգային` միեւնոյն ատեն: Ահա՛ թէ ինչու ընկերվարութիւնը պէտք է բաւարարութիւն տայ ամբողջ մարդկութեան աշխատաւոր դասակարգի թէ՛ ազգային եւ թէ՛ միջազգային պահանջներուն:
Չորրորդ մաս. «Ազգային հարցը եւ նրա նուազագոյն լուծումը»:
Վերջին տասնամեակին մարդկային ընկերութիւնը հետզհետէ սկսած է զբաղիլ ազգային հարցով: Ասիկա կը տեսնուի յատկապէս այն երկիրներուն մէջ, ուր կայ խօսքի ազատութիւն: Կան բազմաթիւ տուեալներ, որոնք կ’արտայայտուին յօգուտ ազգային հարցի շուտափոյթ լուծման: Այդ տուեալներն են.
ա) Պատմական տեսակէտէ. անվիճելի է դերը ազգերուն` մարդկութեան զարգացման մէջ, մարդկային ամբողջ մշակոյթը կը պահուի եւ կը զարգանայ ազգային շրջանակներու մէջ:
բ) Մարդկային հոլովոյթի բնական սկզբունքի տեսակէտէ. փոխադարձ օգնութեան սկզբունքը գլխաւոր գործօնը կը հանդիսանայ մարդկային զարգացման եւ յառաջդիմութեան: Հո՛ն, ուր կը տեսնուի այս սկզբունքը, պէտք է պաշտպանել զայն եւ առանձին ազգերէն տարածուի բովանդակ մարդկութեան վրայ:
գ) Սոցիալիստական տեսակէտէ. ընկերվարութիւնը իբրեւ համամարդկային ազատագրութեան ձգտող շարժում մը, իր յաջողութեան համար պէտք է հաշուի առնէ այդ հանգամանքը` հնարաւորութիւն տալով բոլոր ազգութիւններուն ազատ եւ ինքնավար կերպով զարգանալու: Ազգայնութիւնն ու միջազգայնութիւնը կամ սոցիալիզմը հակադիր ու տարամերժ գաղափարներ չեն, ընդհակառակը, փոխադարձաբար զիրար կը լրացնեն(27):
***
Համբարձում Տէրտէրեան ստորագրած է ուսումնասիրութիւն մը` «Ի՞նչ է ինտելիգենցիան» խորագրեալ: Վերջին շրջանին, կը գրէ Տէրտէրեան, եւրոպական եւ ռուսական իրականութեան մէջ լոյս տեսան կարգ մը աշխատութիւններ, որոնք կը քննարկեն, «ինտելիգենցիա» անուան տակ, ընկերային խմբակի էութիւնը: Ասոր գլխաւոր պատճառը այն է, որ մտաւորականութիւնը կարեւոր դեր ունի ընկերային զարգացման մէջ:
Ուսումնասիրութիւնը բաժնուած է վեց մասի: Առաջին մասին մէջ հեղինակը «Ի՞նչ է ինտելիգենցիան» նիւթին շուրջ կու տայ տարբեր բնորոշումներ, որ կարելի է բաժնել երկու խումբի: Առաջին խումբը կ’ընդունի, որ ինտելիգենցիան ընկերային-տնտեսական հիմք ունի, իսկ երկրորդը` ընկերային-բարոյական: Այսինքն առաջինները կ’ընդունին, որ ինտելիգենցիան մտաւոր աշխատանքով աշխատողներու խմբակ է, իսկ` միւսները, որ անիկա ընկերային-քաղաքական որոշ գաղափարներով եւ ձգտումներով միացած ընկերային խմբակ է: Առաջին խմբակի կողմնակիցները թէեւ չեն ընդունիր, որ ինտելիգենցիան առանձին դասակարգ է, սակայն կը յայտնեն, թէ անիկա դասակարգային է եւ ընդհանուր առմամբ բուրժուական (քաղքենի): Երկրորդ խմբակին կողմնակիցները կը հաստատեն, որ ինտելիգենցիան ապադասակարգային եւ ապադասային խմբակ է եւ բուրժուական ըլլալէ բաւական հեռու: Առաջինները կ’ըսեն, որ ինտելիգենցիան կը բաժնուի գոյութիւն ունեցող դասակարգերու միջեւ եւ կը պաշտպանէ անոնց դասակարգային շահերը, մինչդեռ միւսները կը յայտնեն, թէ ինտելիգենցիան ամբողջական խմբակ է եւ կը պաշտպանէ ոչ թէ դասակարգի մը շահերը, այլ` ժողովուրդի ընդհանուր, հասարակութեան մնայուն շահերը: Առաջին տեսակէտը կը պաշտպանեն մարքսականները, իսկ երկրորդ տեսակէտը` սոցիալ-յեղափոխական ուղղութեան ներկայացուցիչները:
***
Երկրորդ մասին մէջ Հ. Տէրտէրեան կը յայտնէ, թէ մարքսականները չունին ինտելիգենցիայի ներքին բովանդակութեան պարզ եւ հաստատուն բնորոշում: Ըստ Պիսարեւի, ինտելիգենցիան «մտածող պրոլետարիատ է»(28): Բոգդանովի համար ինտելիգենցիան ընկերային խմբակ մըն է, որ առանց շահադիտական միտումներու` կը ծառայէ ժողովուրդին եւ կը կռուի անոր շահերուն համար եւ ոչ թէ կը միանայ զայն կեղեքողներուն(29): Ըստ Պլեխանովի, ինտելեգեցիան բուրժուական է` շնորհիւ անոր ընկերային-տնտեսական բնոյթին: Կաուցկին ինտելիգենցիան կը նկատէ իբրեւ դասակարգ մը, որ կը պարապի մտաւոր աշխատանքով եւ դրամատիրական շահագործման հարցով շահագրգռուած չէ: Շուլիատիկովի համար ինտելիգենցիայի ընկերային կերպարանքը պարզելու համար, անհրաժեշտ կը գտնէ որոշել, թէ ինտելգենցիան ի՛նչ դեր ունի արտադրութեան գործընթացին մէջ. արդեօք ան երեւան կու գայ իբրեւ բանուորական ուժը վաճառո՞ղ, թէ՞ ընդհակառակը, իբրեւ արտադրութեան միջոցներու սեփականատէր(30):
***
Երրորդ մասին մէջ Հ. Տէրտէրեան կը հաստատէ, թէ որքան ալ, ըստ երեւոյթին, իրարմէ տարբեր ըլլան Պլեխանովի, Կաուցկիի եւ Շուլիատիկովի կարծիքները, ըստ էութեան, անոնք նոյնն են, չնչին տարբերութիւններով: Երեքին տեսակէտը կարելի է բաժնել երկու մասի` արտաքին` ձեւական բնորոշման եւ ներքին` ըստ էութեան: Ինչ կը վերաբերի ինտելիգենցիայի ձեւական բնորոշման, ինտելիգենցիան դասակարգային է եւ, իբրեւ այդպիսին, ընդհանուր առմամբ` բուրժուական: Ինտելիգենցիայի ըստ էութեան բնորոշումին վերաբերեալ, անիկա դասակարգերու գաղափարախօսն է, որովհետեւ բացի դասակարգային շահերէ` ուրիշ շահեր գոյութիւն չունին, իսկ մարդկային գաղափարները կը ծագին դասակարգային շահերէ:
***
Սոցիալ-յեղափոխական դպրոցին կողմնակիցները, կը յայտնէ Հ. Տէրտէրեան չորրորդ մասին մէջ, համաձայն չեն մարքսականներու ինտելիգենցիայի մասին արտայայտուած կարծիքին: Սոցիալ-յեղափոխականներուն համար ինտելիգենցիան ընկերային-բարոյական հիմք ունի, ապադասակարգային եւ ապադասային ընկերային խմբակ է, որ կը պաշտպանէ ոչ թէ այս կամ այն դասակարգի ժամանակաւոր եւ մասնաւոր շահերը, այլ ժողովուրդին` ընդհանուր, մնայուն շահերը: Անոնք կը գտնեն, որ գաղափարները դասակարգային շահերէ` տնտեսութենէն չեն բխիր, այլ գաղափարները գաղափարաբանութեան եւ տնտեսութեան միեւնոյն գործընթացի, միեւնոյն երեւոյթի համահաւասար տարրերն են(31): Մէկ խօսքով, գաղափարները չեն բխիր դասակարգային շահերէ, այլ կը գտնուին անոնց հետ գործառական կամ կատարողական (functional) յարաբերութեան մէջ: Հետեւաբար գոյութիւն ունին արտադասակարգային գաղափարներ եւ արտադասակարգային գաղափարական ինտելիգենցիա:
Մարքսականներու բացասական վերաբերումը սոցիալ-յեղափոխական դպրոցի հետեւողներուն կը բխի անոնց պատմութեան նիւթապաշտական ըմբռնումէն: Իսկ սոցիալ-յեղափոխականներուն համար ներկայ հասարակութեան մէջ ընկերաբանութեան ենթակայական եւ առարկայական պայմաններու փոխազդեցութիւնը փաստօրէն կ’իրականանայ բանուոր դասակարգի եւ քննադատօրէն մտածող անհատներու մէջ գոյութիւն ունեցող սերտ կապով:
***
Լաւրովը նոյն տեսակէտը կը յայտնէ` տարբեր եզրեր գործածելով, կը յայտնէ Տէրտէրեան հինգերորդ մասին մէջ: Ենթակայական եւ առարկայական գործօններու փոխադարձ պայմանաւորուածութենէն առաջ կու գայ քաղաքակրթութիւն կամ ընկերային զարգացում. բա՛ն մը, որ անհնար է առանց քննադատող մտքի գործունէութեան եւ առանց քննադատօրէն մտածող անհատներու միջամտութեան: Այս անհատները կը գործեն ո՛չ թէ իրարմէ անջատ, այլ միացած են եւ կռիւ յայտարարած` հասարակութեան մէջ գոյութիւն ունեցող չարիքներուն դէմ:
(Շար. 3)