ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
Տխրութիւնը ծանրացաւ ամբողջ Լիբանանի տարածքին, սակայն անիկա աւելի թանձր էր Կեդրոնական Պէյրութի Ռիատ Սոլհ հրապարակին մէջ, ուր երեք տարիէ ի վեր բանակայիններուն ճակատագրակից ընտանիքները կը սպասէին իրենց զաւակներուն, եղբայրներուն, ամուսիններուն եւ հարազատներուն ճակատագիրի բացայայտումին:
Ցնցիչ ու պապանձեցուցիչ էր գոյժը, որքան ալ նախատեսելի ըլլայ: Կարծէք ոչ ոք կ’ուզէր հաւատալ այն լուրին, որուն հաւանականութեան մասին խօսուած էր բազմիցս ու զանազան առիթներով…Ինչպէ՞ս հաւատալ կամ ընդունիլ, երբ երեք տարիէ ի վեր իւրաքանչիւր հարազատ իր կողքի վրանին մէջ գիշերներ լուսցնող եւ քունը իբրեւ յիշատակ ունեցող այլ բանակայինի մը հօր, մօր կամ կնոջ ուժ կու տար, կ’ամրապնդէր զայն հաւատքով ու կ’օրօրէր երազով` կրկին զաւակը կուրծքին սեղմելու, հոտը առնելու, երեսները համբուրելու ու շունչը զգալու: Երեք տարիէ ի վեր կանգ առած էր կեանքը առեւանգուած բանակայիններու ընտանիքներուն, որոնք կ’ապրէին իրենց զաւակներուն մասին լուր մը ստանալու, տեղեկութիւն մը ունենալու յոյսով ու պայքարով: Հասաւ լուրը, փոխանցուեցաւ տեղեկութիւնը…Անսասան հաւատքով լեցուն այդ ծնողները ինչպէ՞ս կրնան ընդունիլ, որ իրենց զաւակները, որոնք Լիբանանի համար պայքարելու եւ նահատակուելու երդում տուած են, առեւանգուեցան նոյնինքն Լիբանանի տարածքին, սպաննուեցան ու թաղուեցան իրենց հայրենիքին հողերուն տակ…
Խորհուրդով ու պատգամով լեցուն էր այն պահը, երբ սրտադող ծնողներուն ուղղակի ու անուղղակի, ճշգրիտ բառերով կամ տողատակի նախադասութիւններով փոխանցուեցաւ, որ գտնուած են իրենց զաւակները…իբրեւ նահատակներ: Կարծէք հսկայ շէնք մը փուլ կու գար, իւրաքանչիւրին յոյսով ու սպասումով կերտուած, երեք տարուան կեանք ունեցող կառոյցի մը իւրաքանչիւր մասնիկ կը տարանջատուէր` բանակայիններուն ծնողները առնելով իր տակը, միացեալ ցաւով կանգնած շէնքին պատուհաններէն սպրդող լոյսը առյաւէտ կը մարէր, հակառակ անոր որ անոնք կը շարունակէին փորձերը` կառչելու լոյսին ու յոյսին: Սրտակեղեք հառաչանքներ, աղերսալի նայուածքներ, ամօթխած արցունքներ…Առեւանգուած բանակայինները առեւանգուած չէին այլեւս, սակայն անոնց ծնողները կը շարունակեն «առեւանգուած» մնալ` սպասելով «Տի. Էն. Էյ.»-ի քննութեան արդիւնքներուն, հակառակ ամէն բանի, անոնք կը շարունակեն յուսալ, հաւատալ, սպասել, որ լուրը սխալ ըլլայ, որ կրկին գէթ առիթ մը ունենան գրկելու իրենց հարազատները, նայելու անոնց բաց ու լուսաշող աչքերուն մէջ, գոռալու, որ Լիբանան տէր է իր զաւակներուն…
Ընկճող է պատկերը, հարազատներ կը փաթթուին իրարու` ցաւակցելո՞ւ, թէ՞ յոյս տալու…կարելի չէ ճշդել: Զաւակները կը գրկեն իրենց ողբացող մայրերն ու հայրերը` նահատակներուն կարօտը բաժնեկցելով, արցունքները կը փորձեն չմատնել ներքին փոթորկումները, սակայն անոնք կը հոսին առատօրէն, երեք տարուան ամբողջ տագնապի մը լաւագոյն դրսեւորումը ըլլալով:
Յոյսը, յոյսը, այո՛, երեք տարուան մեծ յոյսը…Հսկայ ամպի մը նման կը հեռանայ անիկա` ճախրելով բացերը, ուր կը սաւառնին հոգիները նուիրեալ նահատակներուն, որոնք վերերէն կը դիտեն իրենց զինակիցները, մինչ անոնք բուռն պայքար կը մղեն իրենց վախճանը մուրով գրած անմարդկային ՏԱՀԵՇ-ին դէմ…
Տխուր է Լիբանանը ամբողջ, ծանր է մթնոլորտը, բառերը կը պակսին, ցաւը խոր է, արցունքը բոլորինն է, լուրին չհաւատալու տենչը համայնական է…
Լիբանան…կրկին սեւեր հագած ես, կրկին ու կրկին քու զաւակներուդ արեամբ խոնաւ են հողերդ, քու զաւակներդ կրկին դառնութեամբ լեցուած են քու պարտադրած ճակատագիրիդ դէմ, սակայն անոնք չեն դադրիր կրկնելէ, որ քեզի համար պատրաստ են ամէն տեսակ զոհողութեան:
Տժգոյն է շրջապատը, սակայն կը մնայ յոյսը, հսկայ ամպի մը նման, որմէ անպայման անձրեւը պիտի տեղայ կրկին, որպէսզի վերստին յոյսով լեցուին լիբանանցիները եւ շարունակեն պայքարը` յանուն օրուան հացի, յանուն աւելի բարօր երկրի, յանուն արդարութեան, յանուն մարդկային իրաւունքներու, յանուն անկախութեան ու ապահովութեան, յանուն իրենց զաւակներուն ապագային…Առաջին անգամ չէ, որ յոյսը կը ճախրի, նաեւ առաջին անգամ չէ, որ հեռանալէն ետք կրկին կը մօտենայ, կը շոյէ Լիբանանը, կը հանգչի լիբանանցիներուն ուսերուն, որպէսզի անոնք շարունակեն իրենց գոյերթը, լեցուին հաւատքով ու կամքով, իրենց նահատակները հողին յանձնեն հպարտութեամբ, լան հաւաքաբար, որպէսզի արցունքէն ոռոգուած դաշտերը կրկին ծիլեր արձակեն, ցաւէն ծնունդ առած քաջութիւնը կրկին յոյսի շէնքեր կառուցէ:
Նահատակներուն ծնողներուն սպասումը վերջ գտաւ, սակայն անոնց սրտի մորմոքը կը շարունակէ ցնցել, անոնց ճակատագիրը կը շարունակէ ցաւցնել իւրաքանչիւր լիբանանցի, բայց եւ այնպէս անոնց նկատմամբ յարգանքը կը միացնէ բոլորը…
Լուսանկարները՝ »Նահար»-էն