ՅԱՐՈՒԹ ՃԵՆԱՆԵԱՆ
Այս օրերուն քիչ են այն հայերը, որոնք յստակ եւ ուղղակի պատասխան կու տան ձեզի, երբ հարցնէք իրենց, թէ հայ ըլլալով` ո՛ր երկրին մէջ կ՛ուզէ ապրիլ. օրինակ` Հայաստա՞ն, թէ՞ արաբական երկիր մը, կամ` կտրել անցնիլ ծովը եւ հասնիլ հեռաւոր ու անծանօթ ափեր, ուր քանի մը սերունդ ետք կրնայ հիւծիլ եւ ձուլուիլ իբրեւ հայ` ի վերջոյ կորսնցնելով իր ինքնութիւնը անճանաչելիօրէն:
Բայց ինչո՞ւ համար հայ մը վարանող է այս հարցումին առջեւ եւ կը զգուշանայ պոռալէ եւ հաստատելէ, որ ես հա՛յ եմ եւ կ՛ուզեմ հայրենիքին մէջ ապրիլ եւ ամբողջ ուժերովս ու աշխատանքովս օգտակար դառնալ անոր, որպէսզի ազգը եւս օգտուի ինձմէ: Այս պարագային կրնանք ըսել, որ Հայաստանէն դուրս գտնուող հայերը ընդհանրապէս վարժուած են իրենց գտնուած երկրի ժողովուրդէն ջանալ պահել իրենց հայութիւնը, երբեմն` նոյնիսկ հպարտանալով, որ ես նախ լիբանանցի եմ, ֆրանսացի կամ ամերիկացի , շատ-շատ այնտեղ սպրդեցնելով նաեւ ծագումով հայ եմ բառերը: Բայց վստահ եմ, որ ներքնապէս իրենք ալ չեն համոզուած իրենց ըսածին, բայց շրջապատին յարմարելու համար եւ իրենց կողքին բնական մթնոլորտին մէջ ապրելու սիրոյն կը կատարեն այս մէկը: Սակայն ասոր զուգահեռ, կան մեծաթիւ հայեր, որոնք հասած են բարձրագոյն դիրքերու` տեղական թէ համաշխարհային անուն շահելով, եւ ամէն առթիւ յայտարարած են իրենց հայ ըլլալը եւ միեւնոյն ատեն օգնած են Հայաստանին: Ահաւասիկ անոնք իրապէս արժանապատուութեան տէր մարդիկ են եւ իսկական հայեր, որովհետեւ չեն ուրանար իրենց արմատներն ու ինքնութիւնը, այլ կը կառչին ու նեցուկ կը կանգնին իրենց ազգին ու հայրենիքին:
Հայ ծնած ոեւէ անհատ անկասկած պէտք է ըլլայ ազգասէր եւ յարգանք ու սէր ունենայ այն երկրին նկատմամբ, ուր կ՛ապրի, բայց եւ այնպէս ցաւալի է, որ այս մէկը ոմանց մօտ բարդոյթի կը վերածուի ու շփոթ կը յառաջացնէ: Հայեր ինչպէ՞ս կ՛արտօնեն իրենք իրենց արտայայտուելու վերոյիշեալ ձեւով, ինչո՞ւ իւրաքանչիւր հայ պիտի չկարենայ բարձրաձայն գոչել անվարան եւ համարձակ, որ ինք տուեալ երկրի բնակիչ ու քաղաքացի է, հպարտութեամբ ալ երկրորդ հայրենիքը կը նկատեմ այդ տարածքը, սակայն ինք հայ է արմատներով, ունի իր հայրենիքը, որմէ դուրս դրուած է: Ասիկա նաեւ լաւ առիթ կ՛ըլլայ բացատրելու օտարին, թէ հայը ինչո՛ւ տարածուած է աշխարհի չորս ծագերուն:
Անշուշտ այս հարցումներուն պատասխան պէտք է տայ նաեւ Հայաստանի ներկայ ղեկավարութիւնը, քանի որ սփիւռքի հայը նախապէս կը կարծէր, որ անտէր է եւ նեցուկ չունի, իսկ այդ զգացումը փարատող կողմը պիտի ըլլայ հայրենի վարչակարգը, որ պիտի քաջալերէ արտասահմանի հայը, որ Հայաստանի հողը ոտք կոխելէ ետք բոլորովին տարբեր մարդ մը դառնայ, ինչպէս զինք գրկաբաց ընդունող այն մայրը եւ հայրը, որոնք տարբերութիւն չեն դներ իրենց զաւակներուն միջեւ, այլ ընդհակառա՛կը, աւելի պէտք է փարին նոր եկող հայուն` շրջապատելով զայն սիրով եւ գուրգուրանքով եւ տանելի դարձնեն անոր կեանքը, քանի որ ամէն բան լքելով դուրսը` եկած է ապրելու իր հարազատ հայրենիքին մէջ, ուր վստահութիւն, ապահովութիւն եւ պաշտպանող պէտք է ունենայ, նաեւ դիւրութիւններ` հայրենիքին մէջ նոր կեանք սկսելու: Ահա այն ատեն աշխարհի որեւէ ծայրը գտնուող հայը անվարան պիտի արտայայտէ իր սրտաբուխ այն փափաքը, որ կ՛ուզէ ապրիլ Հայաստանի մէջ, սակայն երբ կը տեսնէ, որ հայրենիքի բուն զաւակները արտագաղթի ճամբան բռնած են, միտքը կը պղտորի, եւ մտահոգութիւններ կը ծագին: Ուստի պէտք է փնտռել պատճառը, թէ ինչո՛ւ արտասահմանի հայը իր ընտանիքին հետ Հայաստան տեղափոխուելու որոշումը տալու գծով որոշ շփոթի կը մատնուի, թէեւ սփիւռքի նախարարութեան ճիգերը երբեմն քաջալերական են, բայց ոչ ամբողջական եւ տակաւին բաւական հեռու մեր մատնանշած խայծերու աստիճանէն` սփիւռքահայերը մղելու դէպի հայրենիք խուժելու: Միւս կողմէ ալ արտագաղթը կասեցնելը իրապէս գերազանց գործ կը պահանջէ բարերար տրամադրութիւն ստեղծելու հայրենիք հաստատուիլ ուզող սփիւռքահայերուն մէջ:
Կան նաեւ անհատներ, որոնք Հայաստանի արտագաղթը պարզօրէն կ՛ուզեն նմանցնել այլ երկիրներու բնակիչներուն պարագային, երբ անոնք նոյնիսկ Ամերիկայէն կամ եւրոպական երկիրներէ տեղափոխուելով` ուրիշ երկիր մը կ՛ընտրեն բնակութիւն հաստատել հոն: Պէտք է գիտակցիլ սակայն, որ անոնց կատարածը կրնայ ըլլալ խիստ անձնական պատճառով մը կամ քմահաճոյքէ մը մղուած քայլ մը, իսկ հայուն պարագային` ընդհանրապէս աւելի բարեկեցիկ կեանք մը գտնելու փափաքով կամ քիչ անգամ այլ պատճառներով:
Ուրեմն, եթէ կ՛ուզենք ունենալ Հայաստանը իբրեւ բարգաւաճ հայրենիք, ամբողջ հայութիւնը մէկտեղուած մէկ տեսլականով, կրելով անոր անուշ թէ լեղի պայմանները եւ հետեւանքները, նախ պէտք է նուազագոյնի իջեցնել արտագաղթի հոսանքը` թիավարումը ուղղելով դէպի ներս: Հայաստանի գոյութիւնը եւ անկախութիւնը պահելը առայժմ կը կարօտի հանճարեղ մտքերու ծրագրումին, ժողովուրդը պէտք է ըլլայ միակամ, մէկ ազգ, մէկ հայրենիք` առանց խտրութեան: Հայրենասիրութիւնը թող չըլլայ միայն խօսք ու ճառ: Հայրենի եւ սփիւռքահայ իմաստուն կողմերը միատեղ ջանքերով Հայաստանը դարձնել մագնիսի պէս քաշողական կողմ` հայ մարդը առինքող, ուր ան պիտի գտնէ իր երազներու աշխարհը եւ պատրաստ ըլլայ անոր համար ապրելու ու զոհուելու: