Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13507

Քաղաքական Անդրադարձ. Հարաւային Ասիան Նոր Տագնապի Դիմաց

Image may be NSFW.
Clik here to view.

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Ամերիկացի քաղաքագէտ Ռոպերթ Քափլան իր «Աշխարհագրութեան վրէժը» խորագրեալ գիրքին մէջ կը վերլուծէ Չինաստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ բախումներու պատմութիւնը, եւ թէ` ինչպէ՛ս այսպիսի բախումներ կրնան հարաւային Ասիան վերածել քաղաքական հրաբուխի մը: Ժամանակակից պատմութեան մէջ այս երկու հսկայ պետութիւններուն միջեւ առաջին զինեալ բախումը տեղի ունեցաւ 1962-ին` Թիպեթի հարցով, ուր Հնդկաստան 1959-ին օժանդակեց Թիպեթի յեղափոխութեան` ընդդէմ չինական համայնավար պետութեան, ապա 1962-ին Հիմալայայի շրջանին մօտ երկու զօրքերը իրարու դէմ կռուեցան, եւ այս  պատճառով արձանագրուեցան 2000 մեռեալ եւ 2744 վիրաւորներ, սակայն ոչ մէկը յաղթական դուրս եկաւ կռիւէն, հակառակ անոր որ Չինաստանի ռազմաքաղաքական դիրքը հնդկական թերակղզիին վրայ աւելի հզօրացաւ: Վերջին օրերուն արձանագրուած սահմանային բախումները շատերուն յիշեցուցին այդ օրերը:

Օգոստոսի կիսուն չինական եւ հնդկական սահմանային զօրքերը զինեալ բախումներ ունեցան Տոքլամի բարձունքներուն վրայ` Հիմալայայի շուրջ, ուր երկու երկիրները կը փորձեն շրջանը իրենց տիրապետութեան տակ առնել: Այդ բախումներուն պատճառով Հնդկաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ բանակը պատրաստ է պաշտպանողական միջոցառումներ որդեգրելու եւ հակահարուած հասցնելու չինական թիրախներուն: Իսկ չինական Ժողովուրդի ազատագրութեան բանակի բանբերը վստահեցուց, որ կացութիւնը բանակին հակակշիռին տակ է, սակայն շեշտեց, որ այսպիսի բախումներ սահմանափակուած կը մնան որոշ տարածքներու մէջ: Վերջին օրերուն լրատուական միջոցները սկսան արձագանգել նաեւ Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի միջեւ նոր պատերազմի մը փուլի սկսման: Անշուշտ եթէ այսպիսի դէպք մը պատահի, Չինաստան ձեռնածալ պիտի չմնայ եւ պիտի օժանդակէ իր դաշնակից Փաքիստանին: Եւ այսպէս, երեք հիւլէական ուժերը շրջանային պատերազմի մէջ մտնելով` կրնան վտանգի մատնել ամբողջ ասիական ցամաքամասը: Չինաստանի համար Փաքիստանի հիւլէական ուժը կը նկատուի խանգարիչ ազդակ` Հնդկաստանի հիւլէական ուժին դիմաց, սակայն միեւնոյն ժամանակ Չինաստան մտավախութիւն ունի, որ Փաքիստանի այս զէնքը կրնայ իյնալ ծայրայեղ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հակակշիռին տակ:

Իր ներկայութիւնը ապահովելու համար Հնդկական ովկիանոսին մէջ Չինաստան կառուցած է հսկայական ծովային ցանց մը, որով Սրի Լանքայէն մինչեւ Ճիպութի կապ մը ստեղծուած է` այսպիսով Հնդկական ովկիանոսը տնտեսապէս իր գերակշիռին տակ առնելով: Միեւնոյն ժամանակ Չինաստան յատկացուցած է 48 միլիառ տոլար արժող ներդրում մը` Փաքիստանի հետ իբրեւ տնտեսական միջանցք դէպի Աֆղանիստան ճամբայ մը բանալու համար: Բան մը, որ կը մտահոգէ ամերիկեան վարչակազմը: Հնդկաստան այս հարցին շուրջ իր բնական դաշնակիցը կը տեսնէ Միացեալ Նահանգները` կասեցնելու համար չինական տնտեսական եւ ռազմական ներխուժումը շրջանին մէջ: Աւելի՛ն. Հնդկաստան իր տնտեսական եւ զինուորական յարաբերութիւնները զարգացուց Ամերիկայի ու Ճափոնի հետ, որպէսզի պաշտպանէ Հնդկական ովկիանոսը չինական ընդարձակումէ: Ճափոն Չինաստանի համար կը նկատուի տնտեսական մրցակից, եւ երկու երկիրները տասնամեակներ շարունակ պայքարած են հարաւային Չինաստանի ծովուն համար: Հնդկական ովկիանոսը եղած է առեւտրական կամուրջ մը` հարաւասիական երկիրներուն եւ Միջին Արեւելքի ու Ափրիկէի միջեւ, այս պատճառով ալ Չինաստան կ՛օգտագործէ Սրի Լանքայի եւ Սոմալիի նաւահանգիստները: Զարմանալի չէ, որ Ափրիկէի մէջ Չինաստան հսկայական տնտեսական շահեր եւ ներդրումներ ունի: Չինաստանի համար մղձաւանջ կ՛ըլլայ, եթէ Հնդկաստան, Միացեալ Նահանգներ եւ Ճափոն շրջապատեն զայն եւ Հնդկական ովկիանոսի ճամբան փակեն անոր առջեւ: Յուլիսին ամերիկեան, հնդկական եւ ճափոնական բանակները ռազմափորձեր կատարեցին  շրջանին մէջ, իսկ Միացեալ Նահանգները աւելի քան 2 միլիառ տոլար արժող զէնք տրամադրեցին հնդկական կողմին. այսպիսով, Հնդկաստան կ՛ուզէ ուժերու հաւասարակշռութիւնը շրջել ի նպաստ իրեն: Թէեւ գետնի վրայ չինական ռազմական ուժը աւելի հզօր է եւ ամուր` ներքին պառակտումներէ, սակայն հնդկական ծովուժը փակելով չինական առեւտրական ջիղը Հնդկական ովկիանոսին մէջ` կրնայ նաեւ որոշ ռազմավարական յաղթանակներ արձանագրել:

Հնդկաստանի ուժը հաւասարակշռելու համար Չինաստան իր տնտեսական գործակցութիւնը կը հզօրացնէ Փաքիստանի հետ, որպէսզի Հնդկաստան զգայ չինական տնտեսական ճնշումը, գիտնալով, որ ան չի կրնար երկու ճակատներու` չինական եւ փաքիստանեան ճակատներուն  վրայ պայքարիլ: Փաքիստանի համար լաւ առիթ մըն է, եթէ չինական-հնդկական սահմանը աղէտի առջեւ գտնուի: Փաքիստան պատմական հաշիւ ունի մաքրելիք Հնդկաստանի հետ Քաշմիրի շուրջ, որուն բնակիչները իսլամ են, սակայն շրջանին արեւելեան կողմը կը գտնուի Հնդկաստանի տիրապետութեան տակ: Մինչ բախումներ տեղի կ՛ունենային Հիմալայայի շուրջ, փաքիստանցի զինեալներ ներխուժեցին հնդկական Քաշմիր, իսկ իբրեւ հակազդեցութիւն` հնդկական օդուժը ռմբակոծեց Քաշմիրի փաքիստանեան տարածքները: Երկու կողմերը ամբաստանեցին զիրար` զինադադարը խախտելու յանցանքով:

Ուաշինկթընէն դիտուած` Ամերիկան նոյն մտահոգութիւնը կը բաժնեկցի Հնդկաստանի հետ, սակայն Միացեալ Նահանգներու համար նաեւ կարեւոր է Աֆղանիստանի կայունութիւնը, որ որոշ չափով կախեալ է Փաքիստանի անվտանգութենէն եւ քաղաքական կայունութենէն: Ասիկա իբրեւ խաղաքարտ կ՛օգտագործուի Փաքիստանի կողմէ Ամերիկայի դէմ` վերջինիս հնդկամէտ արտաքին քաղաքականութեան պատճառով: Հետեւաբար Փաքիստանի քաղաքական շահերը Աֆղանիստանի մէջ կախեալ են Փաքիստան-Հնդկաստան յարաբերութիւններէն: Մինչ միջազգային քաղաքականութիւնը զբաղած է միջինարեւելեան տագնապով, անդին հարաւային Ասիոյ մէջ հակամարտութիւնները նոր թափ կը ստանան:

Yeghia.tash@gmail.com

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13507

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>