Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ
Հաղարծինի վանքին մէջ 11-12 օգոստոսին «Ֆրեսքօ» արդի արուեստի եւ հոգեւոր ժապաւէններու միջազգային փառատօնը կազմակերպած է ժապաւէններու բացօթեայ դիտումներ: Արդէն երկրորդ տարին է, որ «Ֆրեսքօ»-ն Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Տաւուշի թեմի «Հաղարծինի շաբաթ» հոգեւոր եւ մշակութային փառատօնին կողմէ կը հիւրընկալուի:
«Ֆրեսքօ» փառատօնին ընդառաջ, ծրագիրի ծիրին մէջ ցուցադրուած են նախորդ տարիներու մրցանակակիր ժապաւէնները: Այս միջազգային իրադարձութեան նպատակն է հոգեւոր եւ մշակութային երկխօսութեան միջոցով նպաստել սիրոյ, համերաշխութեան եւ մարդասիրական բարձր արժէքներու վերահաստատման ու ամրապնդման:
Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ եպս. Գալստեան բարի երթ մաղթած է «Ֆրեսքօ»-ին եւ` նշած, որ յատկապէս այսօր կարեւոր է ժամանակակից արուեստի միջոցով հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներու քարոզչութիւնը: Փառատօնի կազմակերպիչները շնորհակալութիւն յայտնած են «Ֆրեսքօ»-ի հոգեւոր պատասխանատու Բագրատ եպս. Գալստեանին` ընծայած առիթին ու փառատօնին աջակցելուն համար եւ` նշած, որ փառատօնը պէտք է կայանայ Հայաստանի այն բոլոր վայրերուն մէջ, ուր կան եկեղեցիներ եւ վանքեր, հնագոյն որմնանկարներ, խաչքարեր, ինչպէս նաեւ` հայու հզօր հաւատքի վկայութիւններ:
«Ֆրեսքօ» արդի արուեստի եւ հոգեւոր ժապաւէններու փառատօնը այս տարի կեանքի պիտի կոչուի 25 օգոստոսին, Կարապի լիճի տարածքին մէջ եւ պիտի շարունակուի մինչեւ 3 սեպտեմբեր: Փառատօնի ծիրին մէջ տեղի պիտի ունենան նաեւ` ժապաւէններու ցուցադրութիւն-քննարկումներ, համերգային ծրագիրներ, լուսանկարչական ցուցահանդէսներ, վարպետութեան դասեր եւ վրանային բանակում: Փառատօնի բոլոր ձեռնարկներուն մուտքը ազատ է: