Արցախեան Տիգրանակերտի մէջ, պեղումներու ժամանակ, հիւսիսային պատին մօտ յայտնաբերուած է կարասային թաղում:
Այս մասին տեղեկացուցած է Տիգրանակերտի հնագիտական գիտարշաւի ղեկավար Համլեթ Պետրոսեանը: Պեղումները իրականացուցած է Ստեփանակերտի պետական համալսարանի պատմութեան ամպիոնի վարիչ Վարդգէս Սաֆարեանը:
Ըստ Համլեթ Պետրոսեանին, կարասը բացուած է, եւ դատելով անոր մէջ յայտնաբերուած նիւթերէն` թաղումը կը վերաբերի մեր թուարկութեան Բ., Գ. դարերուն, այսինքն` Տիգրանակերտի ամրոցէն 300 տարիով աւելի «երիտասարդ» է: Հանգուցեալի աճիւնին հետ միասին կարասին մէջ դրուած էին նետի ծայր, ուլունքներ, խոյակերպ փոքր սափորներ, ոսկիէ զարդեր:
Մասնագէտը պարզաբանած է, որ այս մէկը այդ ժամանակաշրջանին բնորոշ թաղման ձեւն է: Հետաքրքրական է, որ մինչեւ Կուր գետ հասնող տարածքներուն մէջ, այսպիսի թաղումները բաւական տարածուած եղած են (յայտնի են կարասային թաղումներ` Գառնիի, Արտաշատի եւ այլ վայրերու մէջ), եւ նման թաղումներ իրականացուած են մինչեւ քրիստոնէութեան ընդունում: Գետէն հիւսիս նման թաղումները ծայր աստիճան հազուադէպ են, ու ժամանակին ներկայացուած է տեսակէտ այն մասին, որ կարասային թաղումներու տարածման շրջագիծը կը համապատասխանէ հայերու տարածման շրջագիծին: «Բայց այս թեմայով մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւններ չեն եղած, այդ պատճառով ալ Տիգրանակերտի մէջ այդ գտածոները շատ կարեւոր են», ըսած է ան` յիշեցնելով, որ նախապէս Տիգրանակերտի մէջ արդէն յայտնաբերուած են կարասային թաղումներ, որոնք տարեգրուած էին Ն. Ք. Ա. դարուն:
Առհասարակ, Համլեթ Պետրոսեանի խօսքով, Արցախի Մարտակերտի շրջանը շատ հարուստ է հնագիտական գտածոներով: Երեք տարի առաջ այստեղ, ջրատար անցնելու ժամանակ, յայտնաբերած էին շքեղ թաղումներ: Այսօր այդ նիւթը կը գտնուի Տիգրանակերտի թանգարանին մէջ, անոր մասին հետազօտում կատարուելէ ետք այդ նիւթով հրապարակում կը պատրաստուի: