Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13478

Նշմար. Արիւնարբու Կործանարար Բացայայտ Քաղաքականութիւն

$
0
0

Harout-Chekijian1-720x616ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Պարզ տրամաբանութեամբ մը պիտի փորձեմ հասկնալ Միացեալ Նահանգներուն եւ անոր ենթակայ «դաշնակիցներուն» իսկական նպատակը Միջին Արեւելքի քաոսային վիճակին վերաբերող` կարգ մը լրատուութիւններու ընդմէջէն, յատկապէս այսօրուան «Ազդակ»-ի միջազգային բաժնի երկու լուրերէն մեկնելով:

Ա. 7 սեպտեմբեր 2014-ին նախագահ Օպամա ըսաւ, թէ «ՏԱՀԵՇ-ը ոչնչացնելը երեք տարուան կրնայ կարօտիլ», ուրեմն կարելի է հետեւցնել, որ մինչեւ մօտաւորապէս 7 սեպտեմբեր 2017 իրենք ՏԱՀԵՇ-ին ծառայութեան տակաւին պէտք պիտի ունենան, տեսնել «Նիւ Եորք Թայմզ» 8 սեպտեմբեր 2014 ( http://www.nytimes.com/2014/09/08/world/middleeast/destroying-isis-may-take-3-years-white-house-says.html?partner=rss&emc=rss&_r=2 ): Հետաքրքրական եւ շահեկան է նոյն օրուան «Ինֆօ Ուորզ»-ի մէջ վերլուծաբան Քըրթ Նիմոյի յօդուածը (http://www.infowars.com/obamas-long-isis-war-it-will-take-years-and-kill-thousands/), որ կ՛անդրադառնայ Միացեալ Նահանգներու միջին արեւելեան պատերազմներուն բաւական առարկայական մօտեցումով:

Անհասկնալի է, թէ ինչպէ՞ս կարելի էր այդքան երկար ժամանակամիջոց ճշդել, եթէ իսկապէս նպատակ ունէր ՏԱՀԵՇ-ը ոչնչացնելու. երբ իր գլխաւոր դաշնակիցներէն մին` Թուրքիան, ամէն ձեւով կ՛օժանդակէ բոլոր ծայրայեղական խմբաւորումներուն, զինամթերքով, զինավարժութեամբ, զինեալներուն ազատ երթեւեկ ապահովելով, հիւանդանոցային ծառայութիւն մատուցելով եւ անոնց գրաւած տարածքներուն քարիւղը գնելով, նիւթական ինքնաբաւութիւն շնորհելով անոնց: Գերպետութեան համար բաւարար էր դաշնակից Թուրքիոյ այս դերակատարութիւնը` զինեալներու, զինամթերքի, նիւթականի եւ քարիւղի հոսքը կասեցնելով վերջ տալու համար բոլոր ծայրայեղականներու գործունէութեանը Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ:

Բ. «Մինչ ՏԱՀԵՇ մօտալուտ յարձակումով կը սպառնայ Ռուսիոյ. «Ուաշինկթըն սուրիական վարչակազմը տապալելու համար իր գրաւը դրաւ ՏԱՀԵՇ-ի կարողութեան վրայ», ըսաւ Զախարովա» («Ազդակ», 13 նոյեմբեր 2015 http://www.aztagdaily.com/archives/267658 ): Մեկնաբանութեան չի կարօտիր, համապատասխանելով վերը նշուած «Ա.» բաժինին:

Գ. «ՏԱՀԵՇ-ի քարիւղի գաղտնի խողովակաշարը կ՛անցնի Թուրքիոյ տարածքէն» («Ազդակ», 13 նոյեմբեր 2015 http://www.aztagdaily.com/archives/267653 ): Այս մէկը նաեւ մեկնաբանութեան չի կարօտիր, եւ կը համապատասխանէ վերը նշուած «Ա.» բաժինին:

Դ. «Ռուսական «Միկ»-երը խափանեցին Միացեալ Նահանգների կայծակնային պատերազմը Սիրիայում» («Ազդակ», 13 հոկտեմբեր 2015 http://www.aztagdaily.com/archives/263080 ): Ահա ռուսական այս միջամտութիւնը տակնուվրայ ըրաւ Սուրիոյ, Իրաքի եւ Միջին Արեւելքի խաղաղ ժողովուրդներու արիւնարբու թշնամիներու կործանարար ծրագիրները:

13 նոյեմբեր 2015


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13478

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>