ՄԱՐԱԼ ՍԻՄՍԱՐ, «Արձագանգ»
Գորիսը Ստեփանակերտին կապող ուղիին վրայ ճամբորդին ուշադրութիւնը կը գրաւեն կարմիր տանիքներով շարք մը տուներ` կանաչ հովիտի մը մէջ հաստատուած: Ատիկա Առիաւան գիւղն է, որ կը գտնուի Քաշաթաղի շրջանին մէջ, Բերձորէն 15 քմ, իսկ Ստեփանակերտէն 70 քմ հեռաւորութեան վրայ:
Այս գիւղը արդիւնքն է լիբանանահայ գործարարներ համախմբող «Արցախ ռուց ինվեսթմընթ» (ԱՌԻ) հիմնադրամին եւ Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան համագործակցութեան` խթանելու նպատակով այս ռազմավարական շրջանին բնակչութեան աճը:
Հիմնուած 2009-ին` ԱՌԻ կ՛աջակցի հողագործութեան եւ անասնաբուծութեան` Քաշաթաղի եւ Նոր Շահումեանի շրջաններուն մէջ, յատկապէս` վարկեր տրամադրելով տեղացի հողագործներուն եւ ագարակատէրերուն: Քաջալերուած իր ներդրումային ձեւի յաջողութենէն եւ Արցախի կառավարութեան հետ յաջող գործակցութենէն` ԱՌԻ Առիաւանի ծրագիրը սկսաւ 2014-ին:
Արցախի վարչապետին առաջարկով եւ Քաշաթաղ շրջանի զարգացման եւ վերաբնակեցման նպաստելու համար ԱՌԻ-ի ներկայացուցիչները որոշեցին շինել յարմարաւէտ բնակարաններ` գիւղացիներուն համար եւ ստեղծել եւրոպական չափանիշներուն համապատասխան գիւղ մը:
Այսպիսով, ծնաւ առաջին բնապահպանական գիւղը Արցախի մէջ Աղաւնոյ հին գիւղին վայրը, համանուն գետի ափին: ԱՌԻ զայն կոչեց Առիաւան: Ծրագիրը կը նախատեսէ կառուցել 150 առանձին տուներ` 3 փուլով, 50 տուն` իւրաքանչիւր փուլի: Ամբողջութեամբ կահաւորուած այս տուները պիտի ունենան պարտէզ եւ ապահովուին ելեկտրականութեամբ, ըմպելի ջուրով եւ ոռոգման շուրջօրեայ դրութեամբ: Արեւմուտքի գիւղական շրջաններուն համեմատելի այս պայմանները պիտի օգնեն բարելաւելու գիւղացիներուն կենսամակարդակը:
Աշխատանքները վստահուած են տարբեր ընդհանուր ընկերութիւններու, որոնք ընտրուեցան Արցախի կառավարութեան կազմակերպած մրցոյթին միջոցով: ԱՌԻ-ի ներկայացուցիչները յաճախակի այցելութիւններ կը կատարեն այդ վայրը, որպէսզի հաստատեն աշխատանքներուն լաւ ընթացքը: Տուներուն մէկ մասը պիտի յատկացուի այն ընտանիքներուն, որոնք ընդգրկուած են կառավարութեան ընկերային ծրագիրին մէջ, իսկ միւս մասը պիտի ծախուի գրաւի առանձնաշնորհեալ պայմաններով:
Առիաւանի պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ 3 սեպտեմբեր 2016-ին, Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան 25-ամեակին առթիւ: 25 ընտանիքներ փոխադրուեցան նորակառոյց տուներ, մինչ 25 տուներու այլ շարք մը պիտի յանձնուի յաջորդ ամիսներուն ընթացքին: Իր աշխարհառազմավարական նպաստաւոր դիրքին, բերրի հողին եւ քաջալերուած բնակիչներուն շնորհիւ` Առիաւան աճի եւ տնտեսական զարգացման մեծ ներուժ ունի:
ԱՌԻ կը տրամադրէ վարկեր` Արցախի ներդրումային հիմնադրամին. հիմնադրամ մը, որ ստեղծուած է Արցախի կառավարութեան կողմէ` նպաստելու փոքր եւ միջակ ընկերութիւններուն եւ նպաստելու տեղւոյն բնակչութեան բնակարանային պայմաններու բարելաւման` տարեկան 9 առ հարիւր տոկոսով, 7 տարուան ժամկէտով: Այս վարկերը, ԱՌԻ-ի տրամադրած այլ վարկերուն նման, կը վայելեն Արցախի կառավարութեան երաշխաւորութիւնը` ի նպաստ Քաշաթաղի եւ Նոր Շահումեանի շրջաններուն հողագործներուն: Այս վարկերը առիթ կու տան ԱՌԻ-ի բաժնետէրերուն` գումարներ ներդրելու կոկիկ բնակարաններու համար եւ միաժամանակ բարձրացնելու իրենց ներդրումներուն շահոյթները:
Մինչեւ այսօր ԱՌԻ ներդրած է 1.800.000 ամերիկեան տոլար` Առիաւանի մէջ շինարարական աշխատանքներուն համար: Այս գումարը կ՛աւելնայ 4.100.000 ամերիկեան տոլարին, որ 2009-էն ի վեր տրուած է «Ակրօֆոնտ»-ին, որ, իր կարգին, զանոնք վերածելով փոքր վարկերու, բաժնած է 199 գիւղերու մէջ ապրող աւելի քան 1037 ընտանիքներու: Նշենք նաեւ, որ իր հիմնադրութեան օրէն, 7 տարուան ընթացքին, ԱՌԻ իր բաժնետէրերուն տուած է մօտաւորապէս 900.000 ամերիկեան տոլար` այս վարկերէն յառաջացած տոկոսներով:
Արագացնելու համար տնտեսական զարգացումը եւ յառաջացնելու համար շօշափելի փոփոխութիւն մը այս շրջանին մէջ, ԱՌԻ պէտք է ընդլայնուի` ներառելով նոր բաժնետէրեր սփիւռքի բոլոր գաղութներէն: Որքան բաժնետէրերուն թիւը բարձր ըլլայ, նոյնքան ալ կը բարձրանայ թիւը այն անհատներուն, որոնք կու գան այս շրջանը բնակելու, եւ նոյնքան ալ կը բարձրանայ թիւը ընկերութիւններուն եւ գործերուն, որոնք պիտի ստեղծուին այնտեղ: Ներդրում կատարել Արցախի երկարատեւ եւ բեղուն ապագայի մը համար` ասիկա է ԱՌԻ-ի բաժնետէրերուն նպատակը` ստեղծելով հանրային եւ անձնական մարզերուն միջեւ գործընկերութեան նոր ձեւ մը, որ կը համատեղէ ազգայիններուն կարիքները եւ սփիւռքի օժանդակութիւնները:
«Մենք մեր արիւնը թափեցինք ազատագրելու համար այս սուրբ հողը, որ այժմ անմշակ է: Կը հրաւիրեմ աշխարհի հայութիւնը` հոս գալու եւ մշակելու ատիկա: Հողը կ՛ամրապնդուի այն ատեն միայն, երբ սեփականատէր ունի»: Այս խօսքերով իր հարցազրոյցը փակեց Սուրէն Խաչատրեան` Քաշաթաղի շրջանային խորհուրդի նախագահը, ԱՌԻ-ի գործունէութեան մասին կատարուած վաւերագրական ժապաւէնին մէջ:
Թարգմանեց` Նարէ Գալեմքէրեան