Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13466

Անդրադարձ. Գերմանական Դիւանագիտութեան Հնարքը

Image may be NSFW.
Clik here to view.

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Թուրքիա Պունտըսթակի անդամներուն արգիլեց այցելել «Ինճիրլիք»-ի ռազմակայանին մէջ ծառայող գերմանական ուժերուն: Թուրքիոյ իրերայաջորդ մերժումներէն ետք, Գերմանիան իր ուժերը Թուրքիայէն փոխադրեց Յորդանան: Հարցը այն է, որ Գերմանիոյ զինեալ ուժերը կը գտնուին խորհրդարանի վերահսկողութեան տակ, ուստի անոնց հասանելիութիւնը Պերլինի համար խիստ կարեւոր է: Յուլիսի կիսուն Թուրքիա գերմանացի երեսփոխաններուն նաեւ արգիլեց այցելել Գոնիայի ՕԹԱՆ-ի ռազմակայանին մէջ գտնուող գերմանացի զինուորներուն` այդպիսով գործելով թուրք-գերմանական խնդիրը Թուրքիա-ՕԹԱՆ խնդիրի վերածելու մարտավարական սխալ մը:

Օգտագործելով թրքական կողմին թոյլ տուած այդ սխալին պատեհ առիթը եւ մեկնելով այն համոզումէն, թէ Անգարա պիտի չուզէ, որ ՕԹԱՆ-ի հետ իր իսկ ստեղծած այդ հարցը ստանայ աւելի լուրջ հանգամանք, Պերլին իր ուժերուն այցելելու հրամայականի գործադրութիւնը ապահովելու համար դիմած է հնարքի մը: Պունտըսթակի պաշտպանութեան հարցերու յանձնախումբի անդամ երեսփոխաններ Գոնիայի մէջ ՕԹԱՆ-ի ռազմակայան պիտի այցելեն կազմելով պատուիրակութիւն մը, զոր պիտի գլխաւորէ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ռոզ Կոթեմէօլլըր: ՕԹԱՆ-էն պաշտօնատար մը գերմանական «Տի.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ այցելութիւնը պիտի չըլլայ Պունտըսթակի պատուիրակութեան մը պաշտօնական այցելութիւնը, այլ ՕԹԱՆ-ի կողմէ դիւրացուած եւ դաշինքի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալին գլխաւորած պատուիրակութեան մը այցելութիւնը: Իրողութեան մէջ պատուիրակութիւնը Պունտըսթակի պատուիրակութիւն մըն է, սակայն ՕԹԱՆ-ի դրօշը բարձրացուցած պատուիրակութիւն մը: ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալին ներկայութիւնը ընդամէնը քամուֆլաժի եւ Թուրքիոյ ձեռքը ոլորելու նպատակով է, որովհետեւ ՕԹԱՆ-ի անդամ Անգարան բնականաբար չի կրնար ՕԹԱՆ-ի պատուիրակութեան ՕԹԱՆ-ի ռազմակայան այցելութիւնը արգիլել, ուստի ընդունած է պատուիրակութեան 8 սեպտեմբերին նախատեսուած այլցելութեան առաջարկը:

Թուրքիա այժմ կը փորձէ «իր քիթը գետին քսող» այցելութիւնը արգելակել` պահանջելով խօսք ունենալ պատուիրակութեան մասնակից գերմանացի երեսփոխաններուն ճշդման մէջ: Ըստ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան, Թուրքիա մասնաւորաբար կը մերժէ մասնակցութիւնը երեսփոխաններու, որոնք անդամ են Անգարայի կողմէ «ահաբեկիչներուն աջակցելու» մէջ մեղադրուած արմատական ձախակողմեան կուսակցութեան: Սակայն վստահաբար պիտի փորձէ այլեւայլ պատճառաբանութիւններով վեթօ կիրարկել նաեւ այլ երեսփոխաններու մասնակցութեան դէմ: Թրքական կողմը «առատաձեռն» պիտի գտնուի վեթոյի կիրարկման մէջ` այն յոյսով, որ կարենայ սպառել Պերլինի համբերութիւնն ու զայն մղել իր իսկ ձեռքով վիժեցնելու գերմանական դիւանագիտութեան հնարքը:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13466

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>