Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13433

Տիգրանակերտէն Աղթամար

$
0
0

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Բռնագրաւուած Հայաստանի շրջապտոյտներուն` «Վերադարձ դէպի արմատներ» շարքին, գուցէ վեցերորդ-եօթներորդն էր, որուն կը մասնակցէինք մեծ աղջիկս` Ռիթան ու ես: Ի դէպ, մեր խումբը բաղկացած էր մեծ մասամբ երիտասարդներէ, թէեւ մենք` տարեցներս, մենք մեզի համար կ՛ըսէինք` «սրտով երիտասարդներ»: Խումբին մէջ կային տասնեակ մը քեսապցիներ, որոնցմէ քանի մը հոգին ամերիկաբնակներ ու քանատաբնակներ էին:

Նախապէս յօդուածով մը նկարագրած եմ, որ մեր շրջապտոյտը` ուխտագնացութիւնը, սկսաւ Քիլիսի սահմանային մաքսակէտէն` անցնելով Ուրֆայէն, Կարմուճէն դէպի Տիգրանակերտ:

Մայրամուտէն առաջ Տիգրանակերտէն «արշաւեցինք» դէպի Տարօնի աշխարհ ու Ախլաթ` Դատուան, ուր պիտի գիշերէինք:

Նիւթական նկատառումներէ մեկնած (հաւանաբար), գուցէ նաեւ Տիգրանակերտի մէջ գիշերելու եւ կեցութեան անյարմարութիւններու պատճառով, իրիկունը ուղղուեցանք դէպի հիւսիս-արեւելք:

Պասը հմուտ վարորդ Ապու Ճալալի տիրապետող ընթացքով կը սուրար Տիգրանակերտի բարեբեր դաշտին մէջէն:

Քաղաքէն ելքին դաշտերը անծայրածիր, մշակուած եւ, հակառակ աշուն ըլլալուն, կանաչապատ էին, գուցէ եւ` ջրարփի: Այնտեղ, իրենց քիթն ու բերանը լաչակով կամ ինչ-որ լաթի կտորով ծածկած, մինչեւ կրունկը երկար հագուստներ հագած կիներ, մէջքերնին կքած` կ՛աշխատէին. տաքդեղի` պղպեղի բերքահաւաքի ժամանակն էր, Տիգրիսի ափերուն:

Սակայն, հազիւ հեռացած Տիգրիսի աւազանէն, այդ բարեբեր դաշտերը անապատային գոյն կը ստանային: Ժայռակոյտեր, քարակոյտեր կը խանգարէին տափարակութիւնը այդ հսկայ դաշտերուն, որոնք անմշակ եւ խոպան մնացած էին: Կը մտածեմ ակամայ, որ եթէ այդ աշխարհէն հայութիւնը բրտօրէն տեղահանուած չըլլար, այդ դաշտերը, դարուս ճարտարագիտութեան բարիքներու օգնութեամբ (մեքենայացած գիւղատնտեսութեան միջոցներ…), հաւանաբար մշակուելով, դրախտային շապիկ հագած պիտի ըլլային:

Ու կը շարունակեմ խորհրդածել, որ ուշ կամ կանուխ, Թուրքիոյ այսօրուան վարչապետը այս անսահման դաշտերը պիտի ծախէ կամ նուիրէ արեւմտեան պետութեան մը (ինչպէս ծախեց Վոսփորի կամուրջը)` փրկելու համար երկրին տնտեսութիւնը: Վաղը, միւս օր…

Դաշտային բաժինին կը միանան մեղմ բարձունքներ, մայրամուտին հետ: Ալ չեմ տեսներ բնութիւնը, այլ կը զգամ: Գուցէ Բալուի, Ճապաղջուրի կողմերն ենք: Ու կը զգամ, որ մուտք կը գործենք Տարօնի աշխարհի հարաւային կողմը: Չկրցայ ստուգել, թէ Պիթլիսի` Բաղէշի դաշտո՞վ անցանք: Կը փնտռեմ Ռահվայի հովիտը, ուր Գալշօ Մանուկը (Ռուբէնի սիրելի ֆետային) դարանակալ կը սպասէր ժայռի մը ետին, ոստիկան մը, «թահսիլտար» մը (հարկահաւաք) սպաննելու կամ անոր ձիուն մէկ երակը պատռելով` արիւն խմելու, իր ծարաւը յագեցնելու համար:

Արդէն տարբեր աշխարհ մը մտած ենք: Լայնատարած դաշտերը փոխարինուած են լեռներով, ձորերով ու կիրճերով:

Կանգ կ՛առնենք սրճարանի մը առջեւ:

Գլուխը կախ ուռենիներով շրջապատուած սրճարանին մօտով կ՛անցնի գլգլան վտակ մը: Անվերջ կը գլգլայ:

Չեմ գիտեր, թէ օդի  զովութի՞ւնն էր, թէ՞ սթափած այն գաղափարէն, որ արդէն կը գտնուինք բուն Հայաստանի հողերուն վրայ, այդ գիշերային զովութիւնը կը հասնի մեր ոսկորներուն:

Արեւելեան (ոչ թէ թրքական) տաք սուրճն ու շոգեշատ թէյն իսկ չեն կրնար տաքցնել ու անցընել մեր ներքին դողը:

Տարօնի հերոսներու հողերուն վրայ կանգնած ենք:

Քիչ ետք մարդատարը կը սուրայ դէպի վեր` հիւսիս: Կէս գիշերին արդէն Դատուանի պանդոկն ենք:

Անոր դիմաց բարձրացած է պետական շէնք մը, որուն չորս անկիւններուն ու մուտքի աւազի տոպրակներով բարձրացած թումբերուն մէջէն պատուհանի նման բացուածքէն նայուածքներով մեզի կը զննեն խոժոռ դէմքով զինուորներ` հրացանը ձեռին, սուինը անոր վրայ ամրացուած:

Պանդոկ, իսկ դիմացը… զօրանոց:

Թրքական հրապոյր: «Պույուրունս» (հրամմեցէք):

Հազիւ թէ անոնց մօտենանք, բարձրաձայն` «եասակ» (արգիլուած է) կը բացագանչեն:

Այնքան յոգնած ենք, որ ոչ միայն անոնց (զինուորներուն), այլ նոյնիսկ մեր հոգիներու ալեկոծումին կարեւորութիւն չենք ընծայեր եւ ճերմակ ու փափուկ անկողիններուն մէջ նետուելով` մեր երազներու ծովին կը յանձնուինք:

Առաւօտուն, իբրեւ գիւղաբնակ, արեւածագին արդէն ինքզինքս նետած եմ Դատուանի լայն փողոցներուն մէջ:

Հիւրանոցի պատուհանէն երբ տեսայ Վանայ ծովը, իր փայլփլող` արեւծագի ալեաց շողով, աչքերուս չհաւատալով, փողոց նետուեցայ` ափը փնտռելով:

Երազ չէ՛: Մենք Տարօն-Տուրուբերանի եւ Վասպուրականի օղակը հանդիսացող Ախլաթի Դատուանի մէջ ենք:

Մտքով, հոգիով կը փնտռեմ մեր յեղափոխական պատմութեան խոնարհ հերոսներէն` Ռուբէն փաշայի փրկիչ ու վստահելի` Դատուանի Դանիէլը, Դելեմաքը:

Ո՞ւր էր անոր տունը:

Ան տարիներ շարունակ եղած է ամուր ու լուռ կապը Տարօնի եւ Վասպուրականի աշխարհներուն: Հսկիչը` սուրհանդակային գործին:

Հայոց ցեղասպանութեան ատեն ի՞նչ եղաւ անոր ճակատագիրը:

Մտքով ետ կ՛երթամ` փնտռելու Նեմրութ սարը, Ջրհոր գիւղը, ֆետայի Սողոն եւ անոր (ու ամէն ֆետայիներուն) մայրիկը:

Կը փնտռեմ խմբապետ Երկաթը (Արմենակ Լեւոնեան). այդ ամերիկահայ հանճարը շատ լաւ ըմբռնած ու գնահատած էր Ախլաթի օղակող, միացնող դերը: Ախլաթը Տարօնի եւ Վասպուրականի կամուրջն էր: Ան նահատակուեցաւ Սոսկումի այրին մէջ, երբ 1904-ին, ՀՅԴ 3-րդ Ընդհանուր ժողովէն մեկնած` կը փութար Սասուն, օգնելու Վահանին, Հրայրին եւ անոնց ընկերներուն, որոնք կը ղեկավարէին Սասնոյ երկրորդ ապստամբութիւնը:

Դատուանի կիսաբաց շուկայէն անցնելով, նախաճաշի համար կը վերադառնամ պանդոկ` ալեկոծ հոգիով:

Յուսաբեկուած եմ: «Իմ Դատուանս», Դանիէլի Դատուանը չեմ գտած: Գտած եմ գիւղատնտեսական դիմագիծով, նոր քրտական Դատուան մը` հայկական անունով:

Վերստին կը նստինք Ապու Ճալալին պասը: Մեր թիրախը Աղթամարն ու Վանն են, Վասպուրականը:

Ուրարտուն ու Տուշպան (Վան-Տոսպը):

***

Ոլոր-մոլոր, կածաններու նման ճամբաներով, Վանայ լիճի ափերուն քսքրտուելով` կը սահինք դէպի արեւելք:

Կը մոռնամ, որ պասի մէջ եմ: Աչքերս լիճի ափերուն սեւեռած` կը փնտռեմ Սորբի կապանը: Սուրբ գիւղէն անցա՞նք: Ե՞րբ: Ո՞ւր է այդ վայրը, ուր Ռուբէն օսմանեան զօրքին ձեռքը գերի չիյնալու համար, անոր կողքով անցնելով, կախուեցաւ ժայռերէն, լիճի ջուրերուն մէջ, մինչ զօրքը իր մօտով անցնելով` զայն չտեսաւ:

Ան Վասպուրականէն Տարօն` «Կիտան-կելմազ» (գացողը չի վերադառնար) կ՛երթար` օգնելու Գէորգ Չաւուշին:

Գլխուս մէջ իրարու կ՛անցնին Ռուբէնը, իրեն հետ եղող կարճկանցի գիւղացիները, Սորբը, Կապանը, օսմանեան զօրքը, Նեմրութ սարը, Ջրհոր գիւղը, Սողոյին մայրիկը…

Կը սթափիմ յանկարծ:

Ցուցատախտակ մը` «Նարեկ»:

Այո՛, Նարեկ գիւղ:

Մայրուղիէն քիչ մը ներս: Քիչ մը վեր, դէպի հարաւ, լիճին հակառակ կողմը:

Այդ սքանչելի վայրը, ուր ծնած է սրբացած Գրիգոր Նարեկացին, խոտի եւ աթարի մէջ կորսուած, 7-8 տնանոց գիւղի նման վայր մըն է: Միջնադարու մէջ կորսուած վայր մը:

Նարեկ, խոտի ու թրիքի մէջ կորած, եւ ոչ թէ` Նարեկացի Գրիգորի աղօթքներու:

Եթէ Ցեղասպանութիւնը չըլլար, Նարեկը, աթարի բոյրին փոխարէն, խունկ ու աղօթք պիտի բուրէր:

Չենք տնտնար հոն: Մեր Նարեկը Նարեկացիին աղօթքներուն մէջ է: Այս մէկը «ուրիշ է», նոյն անունով:

Կ՛աճապարենք դէպի Աղթամար:

Կը հասնինք դուրսի Աղթամար:

Ան մեզ չի հետաքրքրեր: Քանի մը տուն, ճաշարան մը, ծովափին` նաւամատոյց մը եւ հոն յուշանուէրներ ծախող կրպակ մը:

Հասնելուս պէս այդտեղ, տաբատս կը ծալեմ, ոտքերս կը թաթխեմ Վանայ ծովու ջուրերուն մէջ, ձեռքերս, գլուխս կը լուամ:

Եթէ քահանայ մը մեզի հետ ըլլար, պիտի խնդրէի անկէ, որ Վանայ ծովու ջուրերով զիս մկրտէ որպէս իսկական հայ:

Նաւամատոյցին տակաւին նաւերը չեն խարսխած: Մինչեւ անոնք հասնին (2 շոգենաւ, միջին չափի), կը լուացուինք, կը նկարուինք: Անհատական, զոյգ, բազմանձ նկարներ եւ խմբանկարներ:

Կը հասնի նաւը: Շուտով կը լեցուինք մէջը: Կը սուրանք դէպի կղզի:

Ժամ չի տեւեր, կը հասնինք ու կը թռչինք կածաններով դէպի վեր` Ս. Խաչ եկեղեցին:

Հրա՛շք եկեղեցին: Ճարտարապետական գոհարը, Վանայ լիճի մարգրիտը:

Հրաշքանման է մեր այցելութիւնը: Վերադարձ` արմատներ:

Զմայլած, սքանչացած` կը դիտենք, դուրսը, ներսը: Կան օտար զբօսաշրջիկներ:

Տեղեակ ենք, որ մէկ-երկու ամիս առաջ Պոլսոյ պատրիարքութիւնը յաջողեցաւ խաչ մը զետեղել համանուն եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ, անոր անկումէն 95 տարիներ ետք:

Ու քրիստոնեայի մեր ոգին կը պոռթկայ:

Կ՛աղօթենք, միաբերան, «Տէրունական աղօթք»-ը`

«Հայր Մեր, որ յերկինս ես…»:

95 տարիներ հոն լռած էին աստուածաբոյր շարականները, «Հաւատամքը», «Խաղաղութիւն Ամենեցուն», «Խորհուրդ խորինը», «Տէր ողորմեա»-ն…

Ոստիկան մը, որ քայլ առ քայլ մեզի կը հետեւէր` իբր թէ մեր (45 հոգիին) ապահովութեան հսկելու, յանկարծ բորբոքեցաւ, փորձեց արգիլել աղօթքը: Խօսեցաւ մեծաւորին հետ…

– Ես ձեր լեզուն շատ կը սիրեմ (սատանաները զանոնք կը սիրեն, ԿՄ), բայց ասիկա թանգարան է, հոս տարին միայն մէկ անգամ թոյլատրուած է աղօթել…

Գիտէք` այս պահուս Պահչելին (թուրք ազգայնամոլ կուսակցութեան մը պետը) իր ընկերներով Անիի մայր տաճարին մէջ «ֆեթիհի նամազ» կ՛ընէ (աղօթք, որով թուրքը եկեղեցին մզկիթի կրնայ վերածել… եղեր): Եւ այսպէս… պլա-պլա-պլա…

Թրքական անքաղաքավար քաղաքականութիւն:

Մեր կատարածը հերոսութիւն չէր, սակայն եթէ ամբողջ օսմանեան սուլթաններու փաղանգը գերեզմաններէն դուրս գային, պիտի չյաջողէին կասեցնել մեր մէկ դարու լռութեան պոռթկումը: Ազգային պոռթկում, քրիստոնէական պոռթկում…

Խաղաղած, աղօթած` դուրս եկանք:

Դարձեալ` նկարներ, խմբանկարներ…

Այդ պահուն ականատես եւ իրազեկ եղանք թրքական մէկ այլ ճարպիկութեան: Ուրկի՞ց բուսաւ, չեմ գիտեր, որպէս թէ` Էրզրումի մէջ լոյս տեսնող, օրուան իշխանութեան (Էրտողանի) ընդդիմադիր թերթի մը թղթակիցը:

Արտաքինով շատ լաւ թղթակիցի վիճակ ու տեսք չունէր: Անմիջապէս յիշեցի Արմէն Գարոյի` «Ապրուած օրեր» գիրքին մէջի «Կրետացի նաւավար»-ը պատմուածքին հրեայ լրտեսը:

Մեր պատասխանատուները գիտէին թրքական նշանաւոր առածը` «Օսմանցին նապաստակը սայլով կ՛որսայ»: Ժպիտով պատասխանեցին ոստիկան-լրտես թղթակիցին, շունշանորդին կարծես գիտէր, որ մենք կղզիին եկեղեցին մտնելով` պիտի աղօթենք, ոստիկանը պիտի արգիլէ… ժամադրուած էր մեզի հետ (կարծե՞ս թէ…):

Կղզիին չորս կողմերը ման գալէ եւ շարժապատկերի մը ժապաւէնը կազմելու չափ նկարուելէ ետք, վերստին նաւ բարձրացանք` երթալու համար… Արտեր կղզին:

Հայաստանի աշխարհագրութեան թէ հայոց պատմութեան դասերուն ընդմէջէն գիտենք Վանայ երեք կղզիներուն անունները` Աղթամար, Լիմ եւ Կտուց: Այս Արտերը ուրկէ՞ բուսաւ:

Կղզին փոքրիկ, սէգ բլուր մըն է` ծովակին արեւմտեան կողմը տեղաւորուած: Ճայերու բնակավայր: Իսկ գագաթին ճգնարան-մատուռ մը` Ս. Գէորգ (գուցէ կը շփոթեմ), գմբէթը կիսափուլ:

Սակայն այս հրաշք կղզեակը կարծես նկարչական մեքենայի այն ոսպնեակն է, ուրկէ միայն կրնաս դիտել Վասպուրական աշխարհի գեղեցկութիւնը:

Անոր վրայէն դէպի հիւսիս հայեացքով հեռուն կ՛երեւի լայնանիստ Սիփանը, իսկ հարաւային կողմի համատեսական համայնապատկերը` այնքան սքանչելի, որուն կեդրոնը, ճիշդ մօտդ, դիմացդ բարձրացած է Արտօ լեռը: Լեռը, աշնան չորցած խոտի առատութեամբ, ոսկեգոյն շապիկ հագած է, որ ձմրան (կ՛երեւակայեմ) կը ստանայ ճերմակ գոյն, իսկ գարնան ու ամրան` կանաչ ու դեղնաւոյն (երբ խոտերը գօսանան) գոյներ ու երանգներ:

Հոս է, որ բարձրաձայն կ՛աղաղակէ բնութիւնը` «Ես երկիր դրախտավայրն եմ, Հայաստանն եմ»:

Վստահաբար այս համայնապատկերին նման ու զայն գերազանցող չնաշխարհիկ անկիւններով լի է մեր բռնագրաւուած թէ անկախացած հայրենիքը: Սակայն այդ յանկարծակի գեղեցկութիւնը կը զգլխէ հոգիս:

Հետս նոյնքան արբեցած` հօրաքրոջս որդի Մինաս Ղազարեանը, Քանատայէն, հարց կու տայ. «Կերպօ (Կարոյին քեսապերէն «թարգմանութիւնը»), դուն ասոր նման գեղեցիկ բնութիւն տեսա՞ծ ես, կը կարծե՞ս, որ այս գեղեցիկ եւ հարուստ աշխարհը թուրքը մեզի կը վերադարձնէ…»:

Մեր հայեացքները կղզեակին թողած` կը վերադառնանք նաւ ու դուրսի Աղթամար, ուր մեզ կը սպասէր համեստ ճաշարանը, Վանի տառեխ ձուկով, կողքին` կորկոտ-պըլղուրով կարմիր փիլաւը… թրքական օղիով:

Օղի խմելու կարիքը չունէինք, մեր աչքերուն ու հոգիներուն ըմպածը արդէն արբեցուցած էր մեզ:

Վերստին` պաս ու սրարշաւ դէպի Վան:

Մայրամուտ է: Անշուշտ որ Նեմրութի ետին թեքող արեւը իր ոսկեայ ճառագայթները կը յղէ Վանայ ծովակի ալեծփող բիւրեղեայ երեսին:

Խաւարը իջած` կանգ կ՛առնենք վառելանիւթի մը կայարանը:

Ցուցատախտակը կը յայտարարէ` «Էրտեմետ»` Արտամետ: Պատմական Արտամետ, իր հիւթեղ ու համեղ խնձորով. Ռուբէն Տէր Մինասեան կ՛ըսէ` «Թէկուզ` մէջը որդ ինկած»: Իսկ նուաստս, որպէս քեսապցի, գիւղաբնակ, խնձոր մշակող պարտիզպան, Արտամետէն տարբեր հոտ եւ համ կ՛ուզեմ ստանալ: Ափսոս, ուշ է ու թանձր խաւար:

Մինչ մեր պասը կը լիցքաւորուէր վառելանիւթով, մեզի կը մօտենայ երիտասարդ մը: Քիւրտ է: Հարց ու փորձ կ՛ընէ:

Իմ գիտցած խեղճուկ թրքերէնովս կը բացատրեմ, որ սուրիացի ենք, հայեր ենք, կ՛երթանք Վան…

Ես ալ կը պրպտեմ:

Կ՛ըսէ, որ իր մեծ մայրը հայ էր: Կ՛աւելցնէ. «Դուք հիմա կ՛երթաք Վան, վաղը լոյս աչքով կը պտտիք: Ուշադի՛ր եղէք, այն տունը, որուն առջեւը պարտէզ, ծառ կանաչութիւն տեսնէք, լաւ գիտցէք, որ հոն ապրողներուն նախնիներէն մէկը հայ է» ու կ՛աւելցնէ. «Մերոնք «հայվաններու» նման են, կանաչութեան, ծառ-ծառաստանի յարգը չեն գիտեր»: (Ափսո՜ս,  չգիտցայ այդ մերոնքը կ՛երթար թուրքերո՞ւն, թէ՞ քիւրտերուն, գուցէ երկուքին):

Ի՞նչ էր այդ կէս քիւրտ ու քառորդ հայուն անունը: Ո՞վ հարցուց: Ո՞վ առաւ անոր հեռախօսի թիւը:

Կը փութանք Վան: Վան-Տոսպ-Տուշպա: Հոն մեզ կը սպասեն ուրարտացի հայերուն ոգիները: Անոնք կը փնտռեն մեզ եւ ուրուականներու նման կը շրջին բռնագրաւուած քաղաքին վրայ: Ես կը զգամ, հոգիովս կը զգամ անոնց փսփսուքը: Իմ ու ընկերներուս արիւնը անոնց արիւնէն է:

Կէս գիշերին մուտք կը գործենք Վան: Պասը կանգ կ՛առնէ հրապարակ մը: Մենք նեղլիկ փողոցներով, քարերով սալապատուած, «կը սողանք» դէպի պանդոկ:

– «Ուրարտու» հիւրանոց:

Մեր շրջապտոյտի «թեքնիք-առաջնորդ»-ը` Վարդան Սարամազեանը (որ զբօսաշրջութեան մասնագէտը, հմուտ կազմակերպիչ է) արդեօք դիտմա՞մբ ընտրած էր այս պանդոկը:

Կէս գիշերը անց է: Ի վիճակի չեմ այլեւս «փիլիսոփայելու», թէ Վարդանը «ինչո՞ւ կամ ինչպէ՞ս…»:

Կը թաղուիմ ուրարտական անկողինիս մէջ:

Քունս կը փախչի գլուխէս…

Նեմրութ-Սիփան, Դատուան, Վան, Նարեկ, Աղթամար Սորբի կապան, Ֆետայի Սողօ, Սողոյի մայրիկ, Դանիէլ, Դելեմաք, Նարեկացի, Ռուբէն փաշա… բոլորը կը տողանցեն երազներուս եւ ենթագիտակցութեանս մէջ:

Հոնկէ միայն կը վրիպէին Կոմսը` Վահան Փափազեան, Իշխան, Գէորգ Չաւուշ, Անդրանիկ… եւ Վեհիպ փաշա` Աղթամարի նշանաւոր կռուին հերոսները: Գուցէ գլխուս մէջ տեղ չէր մնացած:

Հապա՞ եթէ յիշէի Ասորեստանի եւ Ուրարտուի կռիւները…

Մէկ օրուան մէջ` 4000 տարուան պատմութիւն, եւ աշխարհի արարչութենէն սկսեալ` Հայաստան աշխարհի աշխարհագրութիւն:

Արեւածագին հազիւ քուն կը մտնեմ:

Վան քաղաքը պիտի զննենք ման գալով:

(Մնացեալը յաջորդիւ… եթէ հաճելի թուի ընթերցողին):

***

Յ. Գ. Նախապէս յօդուածով մը յիշած եմ, որ այս շրջապտոյտներու շարքը կազմակերպած էր Սուրիոյ երիտասարդական միութեան Երիտասարդական գրասենեակը, որոնց գլխաւոր կազմակերպիչը հանգուցեալ ընկեր բժիշկ Զարեհ Մալճեանն էր, եւ որուն մահուան առաջին տարելիցը յունիսի կիսուն լրացաւ: Գրութիւնս անոր որպէս խունկ ու մոմ նուիրելով` լաւ պիտի ըլլար, որ այդ օրերուն լոյս տեսնէր:

Բայց լաւ է ուշ, քան երբեք:

Քեսապ, 29 յուլիս 2017

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13433

Trending Articles