Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Հրատարակութիւններու Լուսանցքին. Ակնարկ` Անցեալին. Բեկորներ Հայոց Պատմութեան Կամ «Հայկական Մրցադաշտը` Պատերազմի Եւ Յեղափոխութիւններու Միջեւ», Անահիտ Տէր Մինասեան «L’Echiquer Arménien Entre Guerres Et Révolutions, 1878-1920» Editions Karthala, Paris, 2015 (Ա. Մաս)

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ

lechiquier-armenien-entre-guerres-et-revolutions-1878-1920Պատմագիտական բազմատասնեակ ուսումնասիրութիւն-յօդուածներ, յաճախ կանխաւ ներկայացուած` համադրական գիտաժողովներու, կամ նիւթ դարձած անձնական երկարաշունչ սեմինար-դասընթացքներու, հետագային նաեւ ամփոփուելու համար իրերայաջորդ հատորներու մէջ, չհաշուած դեռ` հատոր-մենագրութիւնները, ահա` շատ համառօտ ու դեռ մակերեսային բնորոշումով` վաստակը հայ սփիւռքի ծնունդ եւ արեւմտեան ակադեմական աշխարհի կարկառուն անդամ Անահիտ Տէր Մինասեանի:

Ակադեմական այս անհատականութեան, եւ իր` աւելի քան կիսադարեայ գործունէութեան ու վաստակին արժեւորումը չէ, որ պիտի ըլլայ այս սիւնակին մէջ. ատոր ո՛չ տեղը կը ներէ հոս, ո՛չ ալ ստորագրողին ձեռնհասութիւնը: Ինչ որ կարելի է եւ փափաքելի` նշումն է եւ շեշտումը յատկութեան մը`,որ շատ քիչեր միայն ունին արեւմտեան աշխարհի հայազգի ակադեմական անձնաւորութիւններէն. գիտական կազմաւորման կողքին` հայ անցեալ ու ներկայ իրականութեան ներիմացական, գրեթէ բնազդային ընկալումը. լրացուցիչ, բայց կենսական: Մեծ բարիք` որմով օժտուած են Անահիտ Տէր Մինասեանի անհատականութիւնն ու գործը: Եւ որ եթէ մասամբ կրնայ գալ փաստաթուղթերու դէզերու հետ մնայուն շփումէ եւ խորամուխ ուսումնասիրութիւններէ, մանաւանդ արդիւնք է ընտանեկան աւանդական միջավայրի մը, ու դաստիարակչականի կողքին` ժառանգական բաղադրիչներու: Արդիւնք ու ներշնչում` ընտանեկան նահապետ-կերպարներ գրագէտ Գեղամ Տէր Կարապետեանի մը, ազգագրագէտ Արմենուհի Գեւոնեանի մը: Եւ դեռ` աւելի բարձրադիր` հոմերական Ռուբէն Տէր Մինասեանի մը, յեղափոխական եւ յուշագրող:

Բայց չհեռանամ պատմագէտ-հեղինակ-դասախօսուհիի անձէն, մանաւանդ եւ` նորատիպ իր վերջին երկէն, որուն կ՛ուզեմ անդրադառնալ հոս :

Խօսքը` «L’Echiquer arménien entre guerres et révolutions, 1878-1920» (թարգմանաբար` «Հայկական մրցադաշտը` պատերազմի եւ յեղափոխութիւններու միջեւ», 1878-1920) հատորին մասին է, կամ աւելի` անոր առիթով:

Պատմագիտական ուսումնասիրութիւններու այս հատորը, շատ դիպուկ` իր «Ներածութեան» մէջ «Հայոց պատմութեան բեկորներ» անուանուած, կը խմբէ ութ մենագրութիւններ, որոնք առաջին հապճեպ ակնարկով կը թուին յատկանշուիլ իրենց այլատարրութեամբ, եթէ ոչ` անկապակցութեամբ: Բայց խորքային ընթերցում մը կը բաւէ սրբագրելու այդ սխալ տպաւորութիւնը, գտնելու կապը, քիչ շօշափելի, բայց էական, որ կը միացնէ զանոնք: Ներիմացումով հարստացած հմտութիւնը հոն հաւասար ձեռնհասութեամբ կը շօշափէ պատմագիտութեան տարբեր-տարբեր ենթամարզեր ու հայոց արդի պատմութեան այլազան երեսներ` հոգեւոր կեդրոնի մը պատմա-աշխարհագրութենէն (Վաղարշապատ-Էջմիածին) մինչեւ շրջանային շարժումներու համապատկերներ (մասնակցութիւն պարսկական սահմանադրական շարժումին, Պալքանեան պատերազմներ) ու մինչեւ պատմական անձնաւորութիւններու կենդանագրեր (Գէորգ Ե. Վշտալի):

Եւ ահա` հատորը, «բեկոր»-ներու կարկատումէ մը շատ հեռու, կը վերածուի ներդաշնակ գիծերով ու գոյներով, անձնական ոճով խճանկարի:

Չներկայանամ իբրեւ «յայտնաբերողը»` հատորի երեւութական տարամէտութեան, ցրւումին տակ պահուած այդ կեդրոնաձգութեան, ներքին միութեան: Յատկութիւնը արդէն խորապէս գիտակցուած է հեղինակի՛ն իսկ կողմէ, արձանագրուած` հատորի յօրինման հիմին: «Ներածութիւն» գլուխի սկիզբը առաջին կէսին մէջ, խորքի այս միութեան շեշտադրումն է, որ կը կատարուի: Ատոր համար իսկ կ՛արժէ, որ հեղինակը ի՛նք խօսի հայալեզու ընթերցողին, ինչ որ քիչ մը վար լաւագոյնս պիտի ընէ թարգմանաբար, աւելի պերճախօս, քան` որեւէ միջնորդ:

Ասիկա է, ինքնաճանաչումի, ինքնասահմանումի այս ատակութիւնը, որ իբրեւ մտաւորական անհատականութեան տիրող գիծ` կ՛անցնի յաջորդական ութ գլուխներուն մէջէն եւ «Ներածութիւն» մուտքով բացայայտուած` կը կազմէ երկին առաջին արժանիքը, առաջին մեծ շահեկանութիւնը:

Յառաջաբանին երկրորդ մասը ունի լրիւ ա՛յլ տեսակի շահեկանութիւն: Հոս դէմառդէմ կը գտնուինք Ա. Տէր Մինասեանի անհատականութեան մէկ ուրիշ, քիչ մը անսպասելի երեսին, որ լաւագոյնս կրնայ բնորոշուիլ իբրեւ ինքնապատում: Անսպասելի անով, որ հեղինակը, նկարագիր ու անհատականութիւն, թէեւ բաց ու անվերապահ` մօտիկ շրջանակի մը համար, իր գործերուն մէջ ցարդ չէր խօսած իր մասին ա՛յս տարողութեամբ, չէր լուսաւորած ու լուսաբանած իր գործին եւ անհատականութեան ծալքերը, ընտանիքի, աճման ու կազմաւորման միջավայրը: Ինչ որ յաւելեալ շահեկանութեամբ կ՛օժտէ այս վկայութիւնը:

Միւս կողմէ` պիտի նկատուի, որ այս ինքնապատումը կամ ինքնավկայութիւնը, զգօն եւ խորհրդապահ, կը մնայ հեռու ամէն եսակեդրոնութենէ, ինքնացուցանքէ: Տէր Մինասեան հիանալի կը յաջողի ընթերցողը համակել մտերմիկ բայց զուսպ տրամադրութեամբ մը, գտնել յարմարագոյն, մարդկայնագոյն, գրեթէ անանձնական շեշտերը` իր անձն ու հոգեմտաւոր աշխարհը պարզելու համար: Բնականութեամբ մը նաեւ, որ մտածել կու տայ հասունութեան, յանգումի փուլի մը, անանձնական հաշուետուութեան մը մասին, միւս կողմէ, սակայն, վառ ու կենդանի, զերծ մնալով հաշուեփակ թելադրող ամէն նուազումէ, ընկճուածութենէ:

Չմոռնամ դեռ նշելու, որ այս անանձնականութեան, շրջահայեցութեան մէկ ուրիշ, այլապէս յուզիչ դրսեւորումն ալ, մարդկային ե՛ւ ակադեմական կրկնակ հնչեղութեամբ, հատորի ձօնագրումն է` ուղղուած ակադեմական գործընկերոջ, իրեն պէս սփիւռքի ծնունդ, բայց հայ նորագոյն պատմութեան ախոյեան տիրական պատմագէտ «Ռիչըրտ Յովհաննիսեանին` ռահվիրային»:

Խօսքը ուրեմն կը փոխանցուի հատորի հեղինակին` Ա. Տէր Մինասեանին[*]:

«… Առանց անգիտանալու [1915-ի Ցեղասպանութիւնը], որ եղած է հայ ժողովուրդի պատմութեան մեծագոյն աղէտը, արտայայտուած` ոչ միայն զանգուածային սպանութիւններով, այլ` երկրի մը եւ բազմադարեան հայրենական ժառանգութեան մը անդառնալի կորուստովը, այս գիրքը փորձ մըն է` անցեալը ըմբռնելու ուրիշ մէկ ձեւով, իբրեւ խորհրդածութիւն` 20-րդ դարասկիզբի հայ քաղաքական կեանքի եւ յեղափոխական շարժման մասին, ասոնց յաջողութիւններուն ու ձախողութիւններուն մասին: […]

«Կազմուած ութ յօդուածներէ, այս գիրքը կ՛օգտագործէ Արեւմուտքի մէջ քիչ ծանօթ հայկական աղբիւրներ, խաչաձեւուած` դիւանագիտական փաստաթուղթերու եւ համալսարանական աշխատութիւններու: Կ՛առաջարկէ «բեկորային» պատմութիւն մը : Բեկորային պատմութիւն ժողովուրդի մը` 20-րդ դարու սկիզբին բաժնուած օսմանեան, ռուս եւ պարսկական կայսրութիւններու միջեւ, երեքն ալ` բազմազգեան, երեքն ալ ինքնակալական կամ բռնակալական կառավարութիւններով: Բեկորային պատմութիւն «անդրսահմանային» ժողովուրդի մը, որուն ճակատագիրը  տնօրինուած է այս կայսրութիւններու բախումային յարաբերութիւններով եւ անոնց հակազդեցութեամբ` ընդդէմ արեւմտեան պետութիւններու ճնշումներուն կամ ծաւալումին: Հոս յիշատակուած դէպքերն ու դէմքերը կ՛ընթանան/կը գործեն այս երեք կայսրութիւններու բեմին վրայ` 1878-1920:

«Այսուհանդերձ, այս գիրքը ունի իր ներքին տրամաբանական կապակցութիւնը: Կապակցութիւն` որ Հայկական հարցի «ամենաներկայութիւնն» է իր բոլոր մասերուն մէջ: Միջազգայնացուած` Պերլինի վեհաժողովին (1878), անիկա կը դառնար բաղկացուցիչ տարրերէն մէկը հին Արեւելեան հարցին, որ տասնամեակներ զբաղեցուցած է եւրոպական դիւանագիտութիւնը, մինչեւ Ուիլսընի եւ Լենինի Նոր Դիւանագիտութեամբ` միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ մտցուած փոփոխումները, 1917-ին:

«Այս ժամանակաշրջանին կրնանք դիտել հայ ժողովուրդի կարգավիճակի հոլովոյթը: Նախ` ենթակայ ժողովուրդ եւ ճանաչուած քրիստոնեայ փոքրամասնութիւն, դարերով ապրած մահմետական աշխարհի հետ շփման մէջ, ներառեալ Կովկաս, ռուսական գրաւումէն առաջ ե՛ւ ետք` Արեւելքի այս աշխարհագրա-մշակութային տարածքին վրայ, ուր կապը մնայուն է ընդմէջ կրօնի եւ ինքնութենական ու քաղաքական իրաւապահանջումի, ան ապա կը մատչի քաղաքացիական կարգավիճակի` հաւասարապէս երեք կայսրութիւններուն մէջ, որոնց կառավարութիւնները 1905-ի եւ 1912-ի միջեւ կ՛օժտուին սահմանադրական ճակատով մը: Իսկ 1918-ին, Անդրկովկասի մէջ, կը ստանայ պետութեան տէր «արդի ազգ»-ի պատուաւոր աստիճան:

«Ներքին այս կապակցութիւնը կը վերագտնուի նաեւ արդարութեան ու ազատութեան ձգտումին մէջ, որ գործի կը մղէ մարդերը  (եւ հայութիւնը` իր կարգին) իրերայաջորդ պատերազմներու եւ յեղափոխութիւններու ընթացքին, արեւելեան Եւրոպայի եւ Ասիոյ տարածքին:  Ռուս-թրքական պատերազմ (1877-1878), ռուս-ճափոնական պատերազմ (1904-1905), պալքանեան պատերազմներ (1912-1913), Առաջին Աշխարհամարտ (1914-1918), 1905-ի Ռուսական յեղափոխութիւն, 1908-ի Երիտթուրք յեղափոխութիւն, Իրանեան սահմանադրական շարժում (1906-1912), 1917-ի Ռուսական յեղափոխութիւն  –  շարք մը իրադարձութիւններ, որոնք տակնուվրայութեան մատնած են կայսրութիւնները եւ Պալքաններէն մինչեւ Կովկաս, Մերձաւոր ու Միջին Արեւելք` բերած են ընկերաքաղաքական վերիվայրումներ, որոնց հետեւանքները զգալի են դեռ հիմա: Նոյն բեմին վրայ, այսօր «Արաբական գարուններ» կոչուող թատերակը այդ ժամանակաշրջանին արդէն խաղցուած էր անգամ մը… »:

Անահիտ Տէր Մինասեան

(շարունակելի)

 

[*]«Ներածութիւն» գլուխէն հոս զեղչուած են սկզբնական երեսնեակ մը տողեր, որոնք ուղղակի չեն առնչուիր գիրքին. կը վերաբերին քաղաքական այժմէականութեան կամ կու տան շատ ծանօթ ընդհանրութիւններ` հայութեան ներկային մասին:

Բազմակէտեր, անկիւնաւոր փակագիծներու մէջ, կը նշեն թարգմանութեան մէջ փոքր զեղչումներ: Իսկ նոյն փակագիծներով մուծուած բառեր` լուսաբանական յաւելում են թարգմանիչին կողմէ:

 

«Հայկական Մրցադաշտը` Պատերազմի Եւ Յեղափոխութիւններու Միջեւ», Բովանդակութիւն (համառօտուած)

Ներածութիւն: Ակնարկներ անցեալին վրայ. Հայոց պատմութեան բեկորներ

1.  Վաղարշապատ-Էջմիածին. հոգեւոր կեդրոնի մը ծնունդը
2. Կովկասահայութեան դերը Պարսկաստանի սահմանադրական յեղափոխութեան մէջ (1906-1912)
3. Պալքանեան պատերազմներէն` մինչեւ Հայկական հարց: Արամ Անտոնեանի ուղեգիծը
4. Գէորգ Սուրէնեանցի պայքարները : Գէորգ Ե. Վշտալի կաթողիկոս (1911-1930)
5. Վան (1915)
6. Մուշ (1915)
7. Անթուան Փուատըպար եւ Հայաստան (1904-1920)
8. Ամերիկեան ծերակոյտը եւ Հայաստանի հոգատարութեան մերժումը (1920)

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>