Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Եղիշէ Չարենց Եւ Հանրապետութեան Հրապարակին Տէրը

$
0
0

ՄԱՐԶՊԵՏ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ

1922 յունիսի 14-ին հրապարակ հանուած «Երեքի դեկլարացիա»-ն ի շարս այլոց, կը ժխտէր Վահան Տէրեանը եւ կը յայտարարէր, թէ հայ բանաստեղծութիւնը հիւանդ էր, թոքախտաւոր եւ պէտք էր զայն ազատագրել:  Տարբեր տեղ մը կը քննադատէր նացիոնալիզմը, ռոմանթիզմը, փեսիմիզմը եւ սեմպոլիզմը եւ կը ջատագովէր պրոլետարական ինտերնացիոնալիզմը: Բաւականին յանդուգն եւ նոյնքան թեթեւսոլիկ էր յայտարարութիւնը, որուն յաջորդեցին Չարենցի շարք մը փորձառական գործեր, եւ հոն ալ բարեբախտաբար վերջացաւ եւ մնաց այդքան` առանց որեւէ մնայուն հետքի: Այս ակնարկութիւնը անհրաժեշտ էր հոս` քիչ վարը աւելի շեշտակիօրէն կիզակէտելու Չարենցի անհատականութեան ու վաստակին ազգային զսպանակներն ու ստորոգելիները: Թերեւս սխալ չըլլար հաստատելը, թէ Չարենց խորհրդային շրջանի թէ՛ հայրենի ու թէ՛ սփիւռքեան իրականութեան մէջ կը մնայ ամենահայ ու ամէնէն ազգային գրողը, որուն հետ պէտք է բաղդատել Յակոբ Օշականը, Թէքէեանը եւ Կոստան Զարեանը` իրենց ազգային տարերայնութեամբ:  Չեմ կարծեր, որ աժան վերատեսութիւն մըն է եղածը, գործերը գոյութիւն ունին, եւ այն օրերուն,  երբ ազգային էութեամբ խանդավառուիլը սփիւռքի մէջ անվնաս անհրաժեշտութիւն մըն էր, Հայաստանի մէջ նոյն օրերուն Կարս երազելը գնդակահարումի կը տանէր երազող մտաւորականը կամ գրողը: Այլ խօսքով, պարզ ֆիզիքական ամուր խիզախութիւնը անհրաժեշտ էր պահելու ազգային ոգին: Այս պրիսմակէն դիտած` պարզապէս կարելի է զարմանալ բժիշկ Քեքլիկեանի այն հաստատումին, թէ Չարենց վախկոտ էր` ատենին «Նայիրի»-ի մէջ լոյս ընծայած իր վերլուծական յօդուածին մէջ: Թէ ինչո՛ւ նման եզրակացութեան մըն էր եկած յարգելի բժիշկը, յայտնի չէ, ճիշդ այնպէս, ինչպէս հանելուկ մնաց Օշականի ոչ արդարացի մօտեցումը Չարենցին գործի վերլուծման մէջ, մանաւանդ երբ Օշականը առիթն ունէր վերատեսութեան ենթարկելու իր արժեւորումը:  Վահան Նաւասարդեանը, սակայն, հակառակ իր հայթայթած կերպարին որպէս կեդրոնական դէմքը «Հանգուցեալ պարոնը կամ պարոն հանգուցեալը» գործին եւ հակառակ երեւութապէս գաղափարական հակադիր բեւեռի վրայ գտնուելնուն, կրցաւ այնքան մը արդարամիտ ըլլալ` կարենալ տալու համար հաղորդական դիմաքանդակը գրողին:  Այդ մենագրական յուշագրութեան մէջ Նաւասարդեանը այնքան մը Չարենց բանաստեղծը կը ներկայացնէր, որքան նաեւ իր մարդկային փխրուն խառնուածքը առանց ուզելու կը դնէր ընթերցողի քննարկութեան տակ:  Հարազատ ու անխարդախ անհատականութիւններն ու խառնուածքները զիրար գտեր ու զիրար ամբողջացուցեր էին այդ գործին մէջ: Ինչ որ Չարենց կը կարծէր հերքել «Երեքի դեկլարացիա»-ով, հետագային պիտի վերադառնար այդ բոլորին այնպիսի խօլական խոյանքով, որ զինք պիտի տանէր անխուսափելին` իմացեալ մահուամբ դէպի անմահութիւն:

***

1981 սեպտեմբեր-նոյեմբերին գրուած երկարաշունչ քերթողական զրոյց, ինքնաքննութիւն մը ունի Հրաչեայ Յովհաննիսեանը` «Չարենցի կանթեղը» վերնագրով: Հետաքրքրական է ու կարեւոր` քանի մը պատճառներով:  Կը բաղկանայ քառասուն ութնեակներէ, ունի Չարենցի` Կոմիտասին նուիրուած «REQUIEM AETERNAM»-ին կառոյցն ու կշռոյթը, եւ շատ վարպետ ձեւով հոն, ուր անհրաժեշտ է, Յովհաննիսեանը օգտագործած է Չարենցէն շարք մը յատկանշական բառեր` վրձինելու պատկեր մը, տալու պահու մը խռովքը եւ այս բոլորը հրաշալիօրէն կենդանացնելով Չարենցի կերպարը, անհատականութիւնը եւ տեղը մեր պատմութեան մէջ ու մարդոց տեղը Չարենցի կեանքին դառն ժամանակահատուածին մէջ: Յովհաննիսեանի այս կտորը կը յատկանշուի նաեւ իր յանդգնութեամբ` գրուած շրջանի մը, երբ գոնէ հայրենի բանաստեղծութիւնը կը յատկանշուէր, լաւագոյն պարագային,  միապաղաղ անհետաքրքրականութեամբ:  Յովհաննիսեանի յանդգնութիւնը զինք կը զատորոշեն նաեւ նոյն օրերուն ջուրի վրայ ծփացող Վարդգէս Պետրոսեանէն, որ սպասեց մինչեւ 1988-ը` Խորհրդային Միութեան փլուզումի սեմին, գրելու եւ հրատարակելու համար «Կրակէ շապիկը», որուն էն ինքնուրոյն հատուածը գողցուած է «Նայիրի»-ի աշխատակիցէն` Մարզպետ Մարկոսեանի մէկ յօդուածէն: Այդ սերունդներուն նկարագրին կը ծանօթանանք Յովհաննիսեանի հետեւեալ ութնեակին մէջ.

Յետոյ եկան այրեր բռունցք-խօսքով,
Եկան պատանիներ` քամի ծեծող,
Ժամանակի ժեռուտ ափին կանգնած,
ժամանակի գետից ձուկ որսալու,
 եւ նրա՛ն էր, հարկաւ, բախտը ժպտում,
Ում կարթն աւելի էր երկարաձող,
Խայծն աւելի ցոլուն ու խաբուսիկ,
Միտքն աւելի ճարպիկ ու փորձառու:

Քիչ մը վարը`

Իսկ իրական մարդը, մարդը կեանքի
Որ կարօտներ ունէր, երազ ու վիշտ,
Չքացել էր կարծես, տեղը զիջել
Կենդանական կեանքի տոտեմներին:

եւ վերջնական դատապարտումը ժամանակակիցներուն`

Կարօտ էինք մենք մի ուրիշ երգի,
Ուրիշ երգի… Բայց ոչ այդքա՜ն ուրիշ,
Ուրիշ ձայնի… Բայց ոչ այդքա՜ն վեհեր,
Որ քո երգեհոնի թաւ հնչիւնից
Հեռանում է հեռու ու թալկանում,
Եւ դառնում է բառը լոկ հանելուկ,
Եւ բոցի տեղ մուխ է ոլորուում վեր,
Եւ լռուում է յոյզի ակունքն անձուկ,
Եւ գարունն է թօշնում ու դալկանում…

Այս մէջբերումները ցոյց կու տան, թէ ի՛նչ եղաւ կամ ի՛նչ այլափոխութիւն տեղի ունեցաւ Չարենցի վերացումէն ետք: Քերթուածի սկիզբին բանաստեղծը երեք հարց կու տայ ինքզինքին եւ իր ուրուականացած զրուցակցին` հետեւեալ մենախօսութիւն-ափսոսանքին մէջ.

Եւ իմ նուաստ հոգում մինչեւ այսօր
Ծառս է լինում մի հարց տառապալի.
Դու ի՞նչ էիր խորհում վերջին հեւքում,
Դու ի՞նչ էիր տեսնում տենդի մէջ բարկ,
Ի՞նչ յոյս էիր դնում գալոց վրայ
Խաւարումի անդարձ ճանապարհին:

Վերջին հարցումին` «Ի՞նչ յոյս էիր դնում գալոց վրայ», դժուար է, եթէ ոչ` անկարելի,  պատասխանելը: Բանաստեղծ-մարտիրոսը ինք կրնար միայն պատասխանել, եւ սակայն իր քերթուածները գրուած ողջակիզումէն անմիջապէս առաջ կ՛արտօնեն պատասխաններ գտնել, որքան ալ անոնք կռահուած ենթադրութիւնները ըլլան:Կը թելադրեն յստակ ու ջինջ իրականութիւնը բանաստեղծին «հոգեյատակ»-ը խռովող ապրումներուն: Պատասխանը, պատասխանները լաւագոյն ձեւով բանաստեղծը կու տայ քիչ վարը ակնարկուած գործերուն մէջ:

«Գիրք Ճանապարհի»-ն եւ շարք մը անտիպներ,  որոնք լոյս տեսան 1967-էն ի վեր, մանաւանդ` «Ի խորոց սրտի խօսք ընդ Աստուծոյ»-ն, »S.N. յիշատակին»-ը, «Լերան աղօթք»-ը, Բակունցի ու Իսահակեանի նուիրուած անխառն սիրոյ ու հիացումի մղկտացնող ներբողները կը հանդիսանան հայ  գրականութեան նորագոյն «Մատեան ողբերգութեան»-ը, ուր սակայն բանաստեղծը ինքզինք չի ձաղկեր, ինքզինք չի մեղադրեր, այլ տարերային խռովքով ի մի կը բերէ մեր պատմութիւնը, կը վերծանէ զայն ու պատգամի վերածած` կը վերադարձնէ իր ժողովուրդին:

«S.N. յիշատակին»-ի մէջ իր ազգային հաւատամքը, գաղափարական ըմբռնումը, իր ժողովուրդին հանդէպ սէրը, անսայթաք հաւատքը Նայիրեան սերմի անկործանելիութեան, վերջերս` գիտականօրէն ապացուցուած ծնաբանական հիմնաւորումով, կը գտնեն իրենց աստուածարեալ հրայրքը: Մեկնելով «Նայիրի երկրից» քերթուածի մուտքէն ու «Չարենց նամէ»-ի մէջ յայտնուած շարք մը կոչականներէն, օրինակ` «ես նայիրցի հսկայ մի պոէտ» կամ` «կարմիր պոէտ» կամ «բրոնզաձոյլ պոէտ» կը մղեն ոմանք թելադրելու, թէ անհատը գոռոզ էր ու ամբարտաւան եւ կամ` ինքնագով շառլաթան:  Նման թելադրութիւն ճիշդ չէ, որովհետեւ երբ կը խօսի «կարմիր պոէտ»-ի մասին, «երկաթէ երգ»-ի մասին վստահաբար ի մտի ունի հոկտեմբերեան յեղափոխութիւնը որ «նոր արեւ» պիտի պիտի ծագեցնէր Նիւ Եորքէն մինչեւ Փեքին:

Իր ներբողները` Թամանեանին, Մեծարենցին եւ մանաւանդ իր դիմառնութիւնը

«Մեծերից Մեծագոյնը`
Ներսէս Շնորհալին…»

եւ ուրիշներ, եթէ կը խօսին բանաստեղծին համապարփակ տեղեակութենէն ու յարգանքէն, ապա այդ բոլորը առաւել` Բակունցին նուիրուած կտորը եւ իր վերջին սքանչելի ոգումը իր մահէն 54 օր առաջ գրած ու ձօնուած Իսահակեանին.

Ա՜խ, կ՛ուզէի ես ունենալ
Գոնէ մի երգ այդքան ջերմին,
 Որ գրէի խուցիս որմին,
Եւ նա յաւէտ այնտեղ մնար…

ու անոր մէջէն` նաեւ մեր մշակոյթի բոլոր երախտաւորներուն, կը ծառայեն իբրեւ օրինակ` համեստ խոնարհութեան ու անսակարկ սիրոյ:

Չարենց մարդը, գրողը, ֆետային սկսաւ տիեզերքը ընդգրկել խանդավառ սիրով ու հաւատքով:  Հաւատքը չկորսնցուց, բայց շէն, պայծառ ու արեւի պէս տաք այդ տղան «Գիրք Ճանապարհի»-էն ետք կարելի է բնորոշել, իր իսկ պատկերով ու  կանգունով, «մեծերից մեծագոյն» Շնորհալիին սքանչելի լուսահիմն պատկերով.

Երբեմն էի Լոյս
Եւ այժմ եմ խաւար
եւ ստուեր մահու:

Բայց ատոր հետ մէկտեղ ու ատկէ անդին` «ամենահայ» այդ տառապեալը եղաւ շանթահարող լուսեղէն սիւնը հայ գրականութեան Լուսոյ Խորանին եւ 18 տարուան հեռաւորութեան մը վրայ հիմնաւորեց իր մեծ բարեկամին, ընկերոջ, եւ երէց գրչեղբօր եւ հովանաւորին` Նիկոլ Աղբալեանի հաստատումը, թէ իբրեւ արծիւ խոյացաւ Հայոց Աշխարհի վրայ ու իր վսեմական ճախրանքին, սլացքին մէջ չունեցաւ ոչ մէկ ընկերակից` մինչեւ հիմա:  Հերոսներու զինակից այս հերոս «պատանին» մնաց հերոսներու զուգակշիռ անզուգական նայիրցին: Իր եղերական առանձնութեան մէջ եղաւ հերոսացեալ վկան իր ժամանակներու ոճիրին: Անդամբան խաչքարերով նախշուած իր հարազատ երկրին մէջ, վախճանած այս բանի վարպետին, հիւսնին ու երկնառաք քերթողին վերջնական յաղթանակը եղաւ այն, որ իր այնքան սիրած նոյն, նայիրական աշխարհը ամբողջ եղաւ «կրանիտեայ» յուշակոթողը իր եւ իր ընկերներուն: Եղաւ արքայակերպ նայիրցի ամեհի քերթողն ու նայիրեան անկաշկանդ խոյանքներու ու ազատութեան պատգամախօսը, բայց` ոչ վերջինը, որովհետեւ այդ պարագային հերքած իսկ պիտի ըլլար իր պատգամը: Եղաւ ու կը մնայ իր ժողովրդի մշտարթուն ու մշտահունչ խղճի ձայնը, ճիշդ այնպէս, ինչպէս իր ազգային գաղափարախօսութիւնը կանգուն պահող,  անոր շունչ ու կեանք տուող կազմակերպութիւնը:

***

Եւ հուսկ ապա,

Այս յօդուածին իբրեւ բնաբան մէջբերած եմ հատուած մը 1989-ին Մոնրէալի «Հորիզոն»-ին մէջ լոյս տեսած յօդուածէս:  Հարց կրնայ ըլլալ, թէ այս յօդուածին հետ ի՛նչ աղերս ունի այդ հատուածը:  Պատասխանը յստակ է` շա՛տ բան:  Այդ օրերուն Չարենց ամէն տեղ էր` ճիշդ մեր ժողովուրդի նման բացի իր հօրենական տունէն, կորսուած հայրենիքէն  ու կ՛արտացոլացնէր այդ ժողովուրդը` իր անհատնելի տառապանքով ու հազուադէպ խանդավառող գոհունակութեամբ:  Այլ խօսքով, Չարենցը մեր ժողովրդի հարազատ պատկերն է:

Շուտով, հինգ ամիսէն 1918-ի յունուարը պիտի դիմաւորենք յաջողութեան եւ քաջառողջութեան մաղթանքներով: Իսկ հինգ ամիս աւելի ետք մայիս 28-ին պիտի տօնենք մեր անդամահատուած հայրենիքի ու վերականգնուած պետականութեան հարիւրամեակը: Վստահօրէն պիտի ըլլան պատշաճ ու տպաւորիչ հանդիսութիւններ` շեշտելով այդ թուականին կարեւորութիւնը, անոր կենսատու տրոփը` ներկայ հանրապետութեան:  Չարենց կրնար մասնակցած չըլլալ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի ու Ղարաքիլիսէի կռիւներուն, բայց հերոսամարտերով կերտուած պետութեան ժողովրդի թշուառութենէն տեղեակ էր: Կարծէք` Աղբալեանը հեռահայեաց գիտակցութեամբ զինք նշանակեց պատասխանատու կարիքաւորներու օգնող յանձնախումբին մէջ մօտէն տեսնելու ողբերգութիւնը ժողովրդին, որովհետեւ գիտէր կանուխէն, որ Չարենցը կոչուած էր ըլլալու իր ժողովրդի ժամանակակից խղճի ձայնը, տառապանքի կոտտացողի ցաւին հառաչանքը:  Չարենց չէր կրնար, չդիմացաւ ու ձգեց այդ պատասխանատու գործը` մօտէն տեսնելէ, զգալէ ետք ժողվուրդի համայնական ողբերգութիւնը եւ այդ անօրինակ Գողգոթայի ճամբուն կողահերձ ինկած ժողովուրդը:

Կրնայ ոեւէ անհատ որեւէ կապ չտեսնել Չարենցին ու այս հարիւրամեակին միջեւ, կրնան թերեւս ալ ճիշդ ըլլալ, մարդիկ արդէն իսկ սկսած են այժմէն վիճիլ, թէ Երեւանի ո՛ր մէկ հրապարակին պէտք է զետեղել, ո՞ւր է այդ հրապարակը եւ որո՞ւ է Հանրապետութեան հրապարակը`անհատի՞ն որ ամբողջ եօթանասուն տարի մնաց հոն եւ որ մեր ժողովրւրդի վերջին մնացորդացն ու մեր երկիրը յարմար նկատեց թուրքին նուիրել որպէսզի անոնք վերջնական անէացումի` ծնաջնջումի ենթարկեն մեր ժողովուրդը: Այլ խօսքով, ոճրամիտ պատեհապաշտին, Լենինի՞ն: Այժմ մարդիկ դժուարութիւն կ՛ունենա՞ն որոշելու, թէ այն անձը, ներկայ հանրապետութեան ու հայ ժողովրդի գոյատեւումը հաստատող ու հիմնող անհատը յարմա՞ր է այդ պատուին, թէ՞ տարբեր տեղ մը, տարբեր խաչմերուկի մը վրայ պէտք է զետեղել,  որովհետեւ աւելի կարեւոր մէկը արժանի կը նկատուի այդ պատուին:

Ո՞վ է այդ… փրկիչը:  Այդ ե՞րբ պատահեցաւ, որ հայոց նոր պետականութեան նախաշաւիղ տեսանողն ու ամենափառ նախահայրը ժամանակակից եւ մեր օրերու հանրապետութեան` ինչպէ՛ս կրնայ կասկած ու տատամսում յառաջացնել մեր օրերու իր կորիւններուն մէջ: Չե՞ն անդրադառնար անոնք, որ այդ հրապարակը կը պատկանի` իրենց հաւատքի հզօրութեամբ ու անսասանութեամբ կռանած ցեղասպանուած ու հայրենազրկուած ժողովուրդը հրազինող

Արամին` մեր օրերու Տարօնի անմահացած սպարապետ Մուշեղ Մամիկոնեանին,

կը պատկանի Գէորգ Ե. հայրապետին, նորօրեայ Ներսէս Մեծ Հայրապետի երկնառաք բազուկներու հովանիին տակ հայցելով տէրունական պահպանումը իր զինուորեալ ժողովուրդին,

եւ վերջապէս անոնց`

Չարենցի հասակակից, անպարտելի աշխարհազօրներու  շարքերը աշխարհազօր հայոց բանակին,

եւ դեռ

Տատամսի՞լ իրաւութեանը, հարազատութեանն ու նահատակումի բաղաղիչ իրաւութեանը անոնց: Բայց ատենն է ամէն կասկած ու վերապահութիւն մէկդի շպրտել` թօթափելու ու մաքրուելու անոնց արատաւոր հետեւանքներէն ու տալ համայն ժողովրդի անվերապահ գնահատականը անոնց,  որոնք իրենց արիւնով նուաճեցին այդ իրաւունքը:

Արդ Չարենցի կապը այս բոլորին, հարիւրամեակին հետ, շատ պարզ է, ու կապը արհեստական չէ, այլ այնքա՛ն բնական, այնքա՛ն օրկանական ու այնքա՛ն իրաւ:  Չարենց եղաւ այդ հանրապետութեան ամէնէն հարազատ ու ջահավառ քերթողը:  Սիրեց իր երկիրը ու այդ սիրոյ տաղաւարին վրայ կոթողեց իր վաստակը:  Շատ լաւ տեղեակ էր ու գիտէր, թէ ա՛յդ էր մնացեր` վերջին կայանը, վերջին հողաշերտը երբեմնի Նայիրի Աշխարհէն եւ Չարենցն էր այդ երկրի ամէնէն հարազատ ու ամէնէն տաք, արեւի պէս այրող ու արեւի պէս լուսաւոր բնութագրողը նոր Հայաստանին` իր «արեւահամ բառով», իր «նայիրեան աղջիկներու հեզաճկուն պար»-ով, «Նարեկացու, Քուչակի լուսապսակ ճակատ»-ով, »Արարատի պէս ճերմակ գագաթ»-ով ու  «Փառքի ճամբայ Մասիս սար»-ով որուն ճիշդ դիմացը իր յուշակոթողն է որ կարենայ ամէն օր վայելել այդ «լուսապսակ», սպիտակափառ կատարն ու համազգային «փառքի ճամբան», որ անցնելով Հանրապետութեան հրապարակէն` կ՛երկարի մինչեւ Մասիս սարը` որպէսզի կրկին վերադառնայ ան` Մասիս սարը, Նայիրի Երկիրը սրբազան, նորօրեայ նայիրցիներու անտեղիտալի պայքարով:

Չարենցի աճիւնները յուշակոթողին մէջ չեն, տարտղնուած են հայրենական արգաւանդ դաշտերու մէջ, որպէսզի օր մը ծնին նոր նարեկացիներ, նոր քուչակներ ու նոր գուսաններ, որպէսզի երկիրը շքեղացնեն, որպէսզի իր պետական այրերը ըլլան այնքան խրոխտ ու յախուռն եւ հաստատակամ, որ չամչնան իրենց հերոսներէն ու զլանան անոնց` պատիւը, որ իրենցն է իրենց ծնունդէն իսկ, եւ բոլորիս պարտքն է մեր յաղթարշաւի ջահավառութիւնը ջահալուցող մեր անկրկնելիօրէն անփոխարինելի արժանաւոր ջահակիրներուն տալ արժանին ու տալ պատիւ ամնացորդ սիրով ու առանց վերապահումներու եւ անստերիւր ու իմացեալ անտեղիտալի համոզումով:

smargossian@sbcglobal.net

Լոս Անճելըս, 21 յուլիս 2017
(Շար. 2 եւ վերջ)

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>