Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13481

Խմբագրական. Լիբանանեան Բանակի Աւանդական Եւ Նոր Գործառոյթները

$
0
0

Լիբանանի բանակի օրուան նշումը այս տարի տարբեր շեշտադրումներ կը ստանայ: Եթէ ցարդ այս օրուան առիթով լուսարձակի տակ կ՛առնուէին լիբանանեան բանակի Լիբանանի տարածքին իրականացուցած գործառոյթները, այս տարի հիմնաւորեալ ձեւով կ՛ընդգծուի նաեւ անոր շրջանային մակարդակի վրայ ունեցած դերակատարութիւնը:

Ո՛չ միայն քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, այլ նաեւ ընդհանրապէս միջհամայնքային դիւրաբեկ համագոյակցութեան` լիբանանեան համակարգին մէջ լիբանանեան բանակը մնաց միակ հիմնական համալիբանանեան հաստատութիւնը, ուր չգերակշռեցին համայնքայնութիւնը, հատուածը, միակողմանի իշխանութեան տիրապետումը:

Սպայակոյտի եւ հրամանատարութեան կազմերուն մէջ թէեւ համահաւասար չընթացաւ համայնքներու իրաւունքներու յարգումի սկզբունքներու գործնականացումը, այսուհանդերձ բանակը պահպանեց առաջադրուած հաւասարակշռութիւնը, բացառեց միջհամայնքային լարուածութիւնները եւ որոշ օրհասական պահերու փրկեց օրինական վերջին միաւորը` սպառնացող կազմաքանդումէ: Իսկ նման կազմաքանդում մը կ՛ենթադրէր պետութեան եւ երկրի անորոշ ապագան:

Այս փրկօղակը ո՛չ միայն յաջողեցաւ չներքաշուիլ բոլոր հաստատութիւնները հարուածած ներքին պառակտումներու գործողութիւններու մէջ, այլ նաեւ ստանձնեց երկիրը ղեկավարելու պետական գործառոյթներ:

Այստեղ կարելի է կատարել իւրայատուկ երեւոյթի մը դիտարկումը. երբ տարբեր առիթներով, իբրեւ արդիւնք` պաշտօնավարման ժամկէտի սպառման եւ նոր ընտրութիւններ կազմակերպելու անկարելիութեան, բանակի ընդհանուր հրամանատարը կը ստանձնէ վարչապետի պաշտօն, ապա զինուորական իշխանութեան հաստատման բոլոր նախադրեալները կը հաստատուին: Կը ստեղծուին սուր հակասութիւններ ժողովրդավար հասարակարգերու օրինաչափութիւններու եւ բանակային համակարգով երկիր ղեկավարելու աւանդութիւններուն միջեւ:

Մէկէ աւելի անգամներ, երբ հարկադրաբար ստեղծուած են նման իրավիճակներ, Լիբանանը, այնուամենայնիւ, չէ կորսնցուցած իր ժողովրդավար էութիւնը: Բանակն ու անոր հրամանատարութիւնը գիտակցած են իրենց իրականացնելիք գործառոյթին ժամանցելիութեան եւ իշխանութիւնը յանձնած սահմանադրական կարգով ընտրուողին եւ նշանակուողին:

Բանակը, բացի պարագայական անկիւնադարձային որոշ փուլերէ, չէ հատած զինուորական ու ժողովրդավարական համակարգը իրարմէ բաժնող կարմիր գիծը:

Բանակային համակարգով գործնական դրսեւորում ունեցած այս վարքագիծը վերջին ժամանակաշրջանին հանրապետութեան նախագահի աթոռը վերապահեց բանակի նախկին հրամանատարներուն յաջորդաբար երեք պաշտօնավարութիւններու համար:

Այս երեւոյթը եթէ մէկ կողմէ բանակի համակարգին մէջ կը տեսնէր համալիբանանեան մէկութիւնը, միւս կողմէ նաեւ երաշխաւորուած կը տեսնէր անկախ նախագահի կրթութեան եւ կազմաւորումի պայմաններէն` Լիբանանի ժողովրդավարական էութեան անհպելիութիւնը:

Երեւոյթը հաւանաբար զուտ լիբանանեան է եւ ռազմական այս հեղինակաւոր հաստատութեան փրկօղակի դեր ունենալու հանգամանքը կը շեշտէ: Այս բոլորէն անդին աշխարհին սպառնացող ահաբեկչութեան դէմ դնելու, ահաբեկիչ տարրերու Լիբանան թափանցումի փորձերը չէզոքացնելու, լիբանանեան Դիմադրութեան շարժումին հետ համակարգումով շրջանային առումով ահաբեկչութեան հատու հարուածներ հասցնելու իր դերով` լիբանանեան բանակը այսօր յայտնուած է աշխարհաքաղաքական օրակարգի վրայ:

Բանակը պատուով կատարած է ու կը շարունակէ կատարել իր լիբանանեան գործառոյթները, պատուով կը կատարէ նաեւ իր տարածաշրջանային նոր առաքելութիւնը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13481

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>